​Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Սքանչելի Համերգ Սամաթիոյ Մէջ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

04 Ocak 2023  

​Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Սքանչելի Համերգ Սամաթիոյ Մէջ -

​Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Սքանչելի Համերգ Սամաթիոյ Մէջ ​Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Սքանչելի Համերգ Սամաթիոյ Մէջ

Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական համերգը, որ Պատրիարքական Ս. Աթոռի հովանաւորութեամբ կը կատարուի ամէն տարեմուտին՝ 3 Յունուարին այս տարի եւս տեղի ունեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մէջ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեան։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ժամը 20.30-ին, իր շուրջ ունենալով միաբան եւ քահանայ հայրեր ու սարկաւագներ, թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր դասը ամբողջութեամբ յատկացուած էր հոգեւոր համերգի ներկայացման։

Նախ հանդէս եկան Եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս-Երգչախումբի երկսեռ փոքրիկները, Գարին Սուսմաք-Գաթրանճըօղլուի մականին ներքեւ։

Համերգը սկսաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ։ Մանուկներ երգեցին տաս երգեր, որոնք շարականներ կամ այլ հոգեւոր երգեր էին, ձօնուած՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան։ Փոքրիկներու երգչախումբին երգեհոնով կ’ընկերանար Ռոպէր Տօղանայ։

Ապա հանդէս եկան Սահակեան Դպրաց Դաս-Երգչախումբի երկսեռ անդամները, Սեւան Ակօշեանի մականին ներքեւ երգելով տասեւմէկ երգեր, որոնք եւս շարականներ կամ այլ հոգեւոր երգեր էին, նոյնպէս ձօնուած՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան։ Երգչախումբին կ’ընկերանար վեց անդամներէ բաղկացեալ նուագախումբ մը, որոնգ սրինգով, ջութակներով, թաւ ջութակներով փայլը աւելցուցին երգեցողութեան։

Մօտ երկու ժամուան համերգը հոգեւոր խնջոյք մը եղաւ հանդիսականներուն համար։

Համերգի աւարտին, մեծերու խումբին միացան փոքրեր, որոնք միասնաբար երգեցին։

Հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ իր անկեղծ ուրախութիւնը յայտնեց նման յաջող համերգի մը առթիւ։ Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ աւանդութիւնները պահելու կարեւորութեան, սան մը որ կեանքի կոչուած էր Սահակեան Դպրաց Դաս-Երգչախումբի շարքերէն ներս։ Համավարակը պատճառ դարձած էր, որ շուրջ երեք տարուան շրջան մը անցնէր առանց փորձի, առանց հաւաքական աշխատանքի։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս նմանցուց այն սպասման շրջանին, որուն որպէս արդիւնք արտը կրկնապատիկ կամ եռապատիկ բերք կու տայ։ Նոյնը ըրաւ այս գիշեր Սահակեան Դպրաց Դաս-Երգչախումբը։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց զոյգ վարիչները, նուագախումբը, երգչախումբի բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ համերգի իրականացման համար իրենց ներդրումը ունեցող ամէն անհատ, սկսեալ տեղւոյն Հոգեւոր Հովիւէն, թաղային խորհուրդէն մինչեւ ամենասովորական հաւատացեալը։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց նոր սերունդ հասցնելու կարեւորութիւնը, որուն մասին տեսանելի էր Սամաթիոյ Եկեղեցւոյ ընտանիքին յաջողութիւնը։ Մանուկները խրախուսեց, որ ըլլան իրենց վարիչներուն եւ երէց եղբայրներուն ու քոյրերուն նման եւ հասնին, գրաւեն անոնց տեղերը եւ իրենք ալ յաջորդ սերունդներ հասցնեն, ի պայծառութիւն մեր Ս. Եկեղեցւոյ։





Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+