«Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Միջեւ Հաղորդակցութեան Յաջորդ Փուլը Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մակարդակով Հանդի -
«Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Միջեւ Հաղորդակցութեան Յաջորդ Փուլը Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մակարդակով Հանդիպումն Է» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր նախարարութեան «տարեվերջի արժեւորման ժողով»-ի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Պէտք է սուրիացի գաղթականներուն իրենց երկիր անվտանգ վերադարձը ապահովել»: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Սուրիական վարչակարգը սուրիացիներուն իրենց երկիր վերադարձը կը փափաքի, եւ հաստատօրէն կարեւոր է, որ ատիկա տեղի ունենայ դրական կերպով` անոնց անվտանգութեան երաշխիքներով», նշեց Չաւուշօղլուն:
Ան Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարներու եւ գաղտնի սպասարկութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը նկատեց «օգտաշատ բանակցութիւններ»` ընդգծելով «մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման եւ գաղթականներու անվտանգ տունդարձի երաշխաւորման համար սուրիական վարչակարգին հետ հաղորդակցութեան» անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը:
Չաւուշօղլու նշեց, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը Սուրիոյ սպառնացող «վտանգ» են, եւ անոնց Սուրիոյ համար ներկայացուցած վտանգը աւելի մեծ է` նկատի ունենալով անոնց ունեցած «անջատողական օրակարգը»:
Խօսելով Սուրիոյ հետ հաղորդակցութեան մասին` թրքական դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ ճամբու քարտէսին մէջ յաջորդ փուլը երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողով գումարելն է` աւելցնելով, որ ատոր թուականը տակաւին չէ ճշդուած:
Չաւուշօղլու հերքեց, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպում տեղի ունեցած է` նշելով. «Ասատի հետ նախարարի կամ որեւէ այլ մակարդակով հանդիպում տեղի չունեցաւ»:
Թրքական աղբիւրներ «Ժազիրա»-ին յայտնեցին, որ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարները Մոսկուայի հետ համաձայնած են յառաջացնելու եռակողմ միացեալ յանձնախումբ մը, ինչպէս նաեւ քննարկած են միջազգային ճամբաներու բացումն ու թրքական ապրանքներու սուրիական հողերուն ճամբով տարանցումը:
Աղբիւրները նշեցին, որ նախարարները համաձայնած են «յարմար ենթահողի ապահովումէն ետք» սուրիացի գաղթականներու տունդարձը դիւրացնելու միացեալ մեքանիզմի մը շուրջ` աւելցնելով, որ Մոսկուայի ժողովի ընթացքին գոյացած համաձայնութեան հիմամբ ստեղծուած յանձնախումբերու ժողովները պիտի սկսին յառաջիկայ ամսուան վերջը, եւ առաջին ժողովը պիտի գումարուի Մոսկուայի մէջ, որմէ ետք` Անգարայի եւ Դամասկոսի մէջ:
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ երեք նախարարները Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն շուրջ պատկերացում մը գոյացուցած են:
Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Մոսկուայի բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած են սահմաններու անվտանգութեան ու Թուրքիոյ հետ միասնաբար քիւրտ զինեալներուն դէմ գործելու կարելիութիւնները, ինչ որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ շրջադարձ մըն է եւ հակառակորդութենէ ետք Դամասկոսի ու Անգարայի միջեւ մերձեցման մասին կը վկայէ:
Քննարկուած է այն հարցը, թէ Թուրքիան ինչպէ՛ս միացեալ կերպով պիտի գործէ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու եւ ՏԱՀԵՇ-ի նման ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ` երաշխաւորելու համար Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը եւ պայքարելու համար ահաբեկչութեան դէմ:
«Ընդգծուեցաւ, որ Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնը սահմաններու անվտանգութիւնն է», աւելցուց ան:
Չաւուշօղլու նշեց, որ կարգ մը երկիրներ, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգները դէմ են իրենց երկրին Սուրիոյ հետ մերձեցումին:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com