Վաղը Մեր 10 Եկեղեցիներու Թաղային Խորհուրդներուն Համար Ընտրութիւն Տեղի Պիտի Ունենայ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

19 Kasım 2022  

Վաղը Մեր 10 Եկեղեցիներու Թաղային Խորհուրդներուն Համար Ընտրութիւն Տեղի Պիտի Ունենայ -

Վաղը Մեր 10 Եկեղեցիներու Թաղային Խորհուրդներուն Համար Ընտրութիւն Տեղի Պիտի Ունենայ Վաղը Մեր 10 Եկեղեցիներու Թաղային Խորհուրդներուն Համար Ընտրութիւն Տեղի Պիտի Ունենայ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը արդէն կը բնորոշուի համայնքային ընտրութիւններով։ Շուրջ 15 տարի վերջ համայնքը քուէատուփի մօտ կը փութայ՝ մեր եկեղեցիներու, համայնքային կառոյցներու մատակարար մարմիններու կազմերու վերանորոգութեան համար։ Մօտաւոր անցեալին Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ընտրութիւնը տեղի ունեցած էր։ Ընտրական կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ, համայնքին մէջ որդեգրուած ընդհանուր ժամանակացոյցէն դուրս, Օրթագիւղի ընտրութիւնը նախատեսուածէն աւելի շուտ տեղի ունեցած էր զանազան հանգամանքներու բերումով։ Այժմ արդէն այս շաբաթավերջի դրութեամբ կը սկսին մեր միւս թաղերու համար նախատեսուած ընտրութիւնները։ Վաղը 10 թաղային խորհուրդի պարագային ընտրութիւն պիտի կատարուի համայնքէն ներս։ Այս ընտրութիւնները նախորդէն կը տարբերին նաեւ այն առումով, որ կը կազմակերպուին համատեղ ընտրական մարմիններու կողմէ։ Վաղուան ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Իսթանպուլի Բ. եւ Գ. ընտրաշրջաններուն մէջ։

Բ. ընտրաշրջանի պարագային մեր համայնքի անդամները պիտի քուէարկեն՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին, Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ, Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց, Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս, Էյուպի Ս. Եղիա եւ Խասգիւղի Ս. Ստեփանոս (երբեմնի) եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներուն համար։ Բ. ընտրաշրջանի այս եկեղեցիներու ընտրութիւններուն համար քուէատուփեր զետեղուած պիտի ըլլան Ֆէրիգիղի եւ Գուրուչէշմէի եկեղեցիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ եւ Գարակէօզեան վարժարանի համալիրէն ներս։

Այս ընտրաշրջանի պարագային քաղաքիս ամենահայահոծ թաղի՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ պարագային ստեղծուած է ընդհանուր համախոհութեան մթնոլորտ։ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար կայ թեկնածուներու միակ ցանկ մը, որ կը գլխաւորուի այժմու ատենապետ Մանուկ Էօղէրի կողմէ։ Այս վերջինը թէ՛ նախկին փորձառու անդամներէ եւ թէ նոր դէմքերէ բաղկացած ցուցակ մը կազմած է՝ թաղային խորհուրդի ղեկը շարունակելու համար։

Այս ընտրաշրջանին մէջ վաղը 8 եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար ընտրութիւն պիտի կատարուի եւ միայն երկու կէտի վրայ մրցակցութիւն յառաջացած է։ Այդ երկու կէտերն են՝ Պէշիկթաշի եւ Ենիգիւղի եկեղեցիները։ Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար կը մրցին Կապոյտ եւ Կարմիր ցանկերը։ Ենիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար ալ կը մրցին Նարնջագոյն եւ Կապոյտ ցուցակները։

Գալով Իսթանպուլի Գ. ընտրաշրջանին. այստեղ արդէն միայն կան Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիները։ Քուէատուփերը երկու եկեղեցիներուն մէջ ալ զետեղուած պիտի ըլլան եւ ընտրողները այս երկու եկեղեցիներու պարագային ալ պիտի կարողանան քուէարկել՝ ո՛ր թաղին մէջ ալ նախընտրեն։

Գ. ընտրաշրջանի երկու եկեղեցիներու պարագային ալ մրցակցութիւն խնդրոյ առարկայ է։ Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար մրցապայքարի մէջ մտած են Կապոյտ եւ Դեղին ցուցակները, իսկ Եշիլգիւղի համար՝ Սպիտակ ու Կանաչ ցանկերը։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+