Oրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի Նորընտիր Կազմը Պատրիարքարան Այցելեցին - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

07 Kasım 2022  

Oրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի Նորընտիր Կազմը Պատրիարքարան Այցելեցին -

Oրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի Նորընտիր Կազմը Պատրիարքարան Այցելեցին Oրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի Նորընտիր Կազմը Պատրիարքարան Այցելեցին

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 7 Նոյեմբեր 2022, Երկուշաբթի ժամը 11.00-ին ընդունեց Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի նորընտիր կազմը, առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պչաքճեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ Սարգիս Չէթինքայայի։ Ընդունելութեան Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էր Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։

Սրբազան Պատրիարք Հայրը, շնորհաւորեց կատարուած ընտրութեամբ թաղային խորհուրդի անդամակցութեան կոչուած կազմը։

Իր ուրախութիւնը յայտնեց, թէ յետ ընտրութեան ստացած ըլլալով պատկան պաշտօնարանէն յանձնուած վաւերագիրը, պաշտօնապէս լծուած էին իրենց գործունէութեան։

Սարգիս Չէթինքայա խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունած էր նորընտիր կազմը եւ ընդգծեց, թէ նախաընտրական շրջանին իրենց խումբին տուած խոստումները պիտի ջանային կեանքի կոչել։ Մանաւանդ անդրադարձան, թէ խորհուրդի անդամները կը հաւատային համայնքային զօրակցութեան եւ իրերօգնութեան գաղափարին։ Նաեւ յայտնեցին, թէ իրենց գործունէութեան ընթացքին կարեւոր կը նկատէին Պատրիարքական Աթոռի թելադրութիւնները եւ ցուցմունքները։

Թաղային Խորհուրդի անդամներուն եւ մեր Հոգեւոր Պետի միջեւ եղան գաղափարի փոխանակումներ, համայնքային առօրեայ հարցերուն շուրջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց եղած ազնիւ արտայայտութիւններուն համար, անգամ մը եւս շեշտեց թէ՝ Օրթագիւղը կարեւոր էր իր ունեցած առաւելութիւններով, մանաւանդ տնտեսական առումով։

Իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ ներկայ անդամներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց համայնքանուէր ծառայութիւններուն մէջ։





Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+