​Արեւմտահայերէնը միշտ ուշադրութեան կիզակէտին. Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հարցազրոյցը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

29 Ekim 2022  

​Արեւմտահայերէնը միշտ ուշադրութեան կիզակէտին. Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հարցազրոյցը -

​Արեւմտահայերէնը միշտ ուշադրութեան կիզակէտին. Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հարցազրոյցը ​Արեւմտահայերէնը միշտ ուշադրութեան կիզակէտին. Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հարցազրոյցը

Արեւմտահայերէնը միշտ ուշադրութեան կիզակէտին. Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հարցազրոյցը(Տեսանիւթ)]«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին համար կարեւորագոյն նպատակակէտ է գործակցիլ մասնաւորապէս Հայաստան հաստատուած եւ արեւմտահայերէնով արտայայտուող զանգուածներուն հետ։ Այս մասին օրերս յայտնած է հիմնարկի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, որ հարցազրոյց մը տուած է «Սիվիլնէթ» կայքին։

Դոկտ. Փանոսեան պատասխանելով հարցումի մը, թէ ինչ են «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան յառաջիկայ ծրագիրները մասնաւորապէս ըսած է «Հիմա Հայաստանի մէջ կայ շատ կարեւոր խմբակ մը արեւմտահայախօսերու եւ մենք անոնց հետ կը գործակցինք, որպէսզի մեր արեւմտահայերէնի ծրագիրները, որոնք Սփիւռքի համար նախատեսուած են ներգրաւուին նաեւ Հայաստանի այս խմբակին մէջ։ Այս առումով արժէ յիշել Wikipedia-ն կամ Yertik.com ծրագիրը, որ մանկական ծրագիր մըն է առցանց հեռուստացոյցի պէս։ Այս ծրագիրներուն մէջ աշխատող անհատներուն կարեւոր մասը Հայաստան ժամանած են Լիբանանէն եւ Սուրիայէն։ Ուրեմն հոս (Հայաստանի մէջ) ունինք արեւմտահայերէն խօսողներու կարեւոր ներուժ, ու շատ կարեւոր է օգտուիլ անոնց ներկայութիւնէն ու զանոնց համար գործելու կարելիութիւններ ստեղծելը։ Անշուշտ գոյութիւն ունին կարգ մը մանկավարժական առումի տարբերութիւններ ու ատոր համար ալ տեղի կ՚ունենան կարգ մը յարմարեցումներ։

Այլ գետնի վրայ Սփիւռքի մասին հետազօտութիւներ կը կատարուին եւ եթէ մօտեցումը հետաքրքրական է կրնանք քաջալերել, որ Հայաստանի մասնագէտներու հետ գործակցինք:

Սփիւռքի մասին եղած ուսումանսիրութիւններու առընթեր օրերս Երեւանի մէջ ներկայացուցըինք Դոկտ.Չիլինկիրեանի ըրած ուսումնասիրութեան արդիւնքները , ներկայութեամբ նաեւ Հայաստանցի մասնագէտներու, եւ ընդհանուր պատկերը դրական էր ։

Մեր նպատակներէն է, որ Սփիւռքը աւելիով ճանչցուի Հայաստանի մէջ, որովհետեւ ճանաչումի խնդրով բաւական բացեր կան, որոնք պէտք է լրացուին։

Ինչ կը վերաբերի մեր ապագայ ընելիքներուն, ապա ըսեմ, որ մեր յաջորդ հինգամեայ ռազմավարութիւնը մշակելու ընթացքի մէջ ենք եւ յառաջիկայ քանի մը ամսուայ ընթացքին անպայման առիթը կ'ունենանք այդ մասին աւելի մանրամասն խօսելու։

Յարմարեցումներ կատարեց եւ «Արեւելք»ի համար պատրաստեց՝ Թ. Գասպարեան

Նիւթը՝ «Սիվիլնէթ»էն։





Bu haber arevelk kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (arevelk) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(arevelk). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+