Հովուապետական Այց՝ Սեբաստիոյ Մեր Համայնքին - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Երկրատես

Gündem :

24 Ekim 2022  

Հովուապետական Այց՝ Սեբաստիոյ Մեր Համայնքին -

Հովուապետական Այց՝ Սեբաստիոյ Մեր Համայնքին Հովուապետական Այց՝ Սեբաստիոյ Մեր Համայնքին

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 21 Հոկտեմբեր 2022, Ուրբաթ, ժամը 09.30-ին, ցամաքի ճամբով մեկնեցաւ Սեբաստիա։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանար Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Պատրիարք Հայրը Սեբաստիա քաղաքի մուտքին դիմաւորուեցաւ տեղացի մերազն համայնքի անդամներու կողմէ։ Երուանդ Տուրմազկիւլէր ծաղկեփունջ մը նուիրելով, յիշեցուց որ 35 երկար տարիներ ետք առաջին անգամ Հայոց Պատրիարքը կու գար իր ժովովուրդին այցելելու։ Եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց։ Նոյն ժամուն հասաւ նաեւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ եղբայրը՝ Եուսուֆ Թապաշեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը առաջնորդուեցաւ հիւրանոց։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ժամը 14.00-ին, այցելութիւն տուաւ Սեբաստիոյ Կուսակալ Տքթ. Եըլմազ Շիմշէքի։

Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանային Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գաւառի մերազն համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, քաղաքաբնակ համայնքէն Երուանդ Տուրմազկիւլէր, Երուանդ Մըղտըսը եւ Տիգրան Թոկաչ։

Մեր Հոգեւոր Պետը այս պատմական քաղաքի մեծայարգ Կուսակալին շնորհակալութիւն յայտնեց մեր համայնքին ընձեռուած դիւրութեանց համար։
Կուսակալ Շիմշէք ալ իր կարգին գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Հայոց Հոգեւոր Պետը քաղաքավարական այցելութիւն տուած էր Կուսակալութեան եւ ըսաւ թէ միշտ պատրաստ է տեղւոյն Հայ համանքի կարիքներուն օժանդակելու։

Պատրիարք Հայրը ի յիշատակ այս այցելութեան մեծայարգ Կուսակալին նուիրեց ձեռագործ փայտեայ պտղաման մը, իսկ Կուսակալը փոխադարձեց կուսակալութեան խորհրդանշան երկգլխանի արծիւով։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ
Մեր Հոգեւոր Պետը, իր շքախումբի հետ, ապա այցելութիւն տուաւ Սեբաստիոյ Քաղաքապետ Հիլմի Պիլկինի։

Մեր Հոգեւոր Պետը Քաղաքապետ Պիլկինի եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար։

Մեծայարգ Քաղաքապետը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց Սեբաստիոյ մասին գիրքեր եւ քաղաքապետութեան զինանշանը։ Մեր Հոգեւոր Պետը Քաղաքապետին նուիրեց Կարօ Քիւրքմանի աշխատասիրած ոսկերչութեան արուեստի մասին հատորէն օրինակ մը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍԵԲԱՍՏՈՅ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԵՒ ՍՐԲԱՎԱՅՐԵՐ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, ընդառաջելով տեղւոյն թանգարանի տնօրէն Ալի Ալքանի հրաւէրին, այցելեց Սվազի համագումարի թանգարանը։ Տնօրէնը տեղեկութիւններ տուաւ պատմական շէնքի ու թանգարանի մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը, ընկերակցութեամբ թանգարանի տնօրէնի եւ իր շքախումբի անդամներուն, այցելեց Ս. Վլասի շիրիմին վայրը։ Սեբաստիոյ մէջ Ս. Վլաս ծանօթ է որպէս կոկորդի եւ աչքի հիւանդութեանց բուժիչ սուրբ։

Տեղւոյն պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած շինութիւնները տեսնելէ ետք, մեր Հոգեւոր Պետին տեղեկութիւն տրուեցաւ Ս. Վլասի բացօդեայ ուխտատեղիի կառուցման մանրամասնութեանց մասին։ Այս աշխատանքին մէջ իր բաժինը ունեցած է նաեւ ճարտարապետ Գէորգ Էօզքարակէօզ։
Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները առաջնորդուեցան Ս. Քառասուն Մանուկներու նահատակուած սառ լիճին վայրը, որ թէեւ ցամքած, կը շարունակէ պահել ժողովրդականացած Kırklar Pınarı կամ Kırklar Çeşmesi անունները։

Օրուան վերջին այցելութիւնը տրուեցաւ Կէօքմէտրէսէ, որ երկարատեւ նորոգչական ու բարեզարման աշխատանքներէ վերջ բացուած է այցելութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը այստեղ եւս տեղեկութիւններ ստացաւ ճարտարապետական սոյն կոթողի պատմութեան մասին։

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, նոյն իրիկուն, հիւրանոցի ճաշասրահին մէջ նախագահեց քաղաքի համայնքի անդամներու մասնակցութեամբ սարքուած սիրոյ սեղանին։ Այստեղ ներկայ էին նաեւ Ստանպուլէն ժամանած Սեբաստահայեր։ Ներկաներ առիթն ունեցան զրուցելու մեր Հոգեւոր Պետին հետ։

Սիրոյ սեղանին իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին Երուանդ Տուրմազկիւլէր, Տիգրան Թոկաչ, Տ. Գրիգոր Աւագ եւ Տ. Աւետիս քահանաներ։
Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր փակման խօսքով եւ աղօթքով։





Bu haber TRHayBad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (TRHayBad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(TRHayBad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+