Պատրիարք Հօր Նախագահութեամբ Արարողութիւն Սեբաստիոյ Հայոց Գերեզմանատան Մէջ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

24 Ekim 2022  

Պատրիարք Հօր Նախագահութեամբ Արարողութիւն Սեբաստիոյ Հայոց Գերեզմանատան Մէջ -

Պատրիարք Հօր Նախագահութեամբ Արարողութիւն Սեբաստիոյ Հայոց Գերեզմանատան Մէջ Պատրիարք Հօր Նախագահութեամբ Արարողութիւն Սեբաստիոյ Հայոց Գերեզմանատան Մէջ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը Սեբաստիոյ մէջ պաշտօնական այցելութեանց յաջորդ օրը, 22 Հոկտեմբեր 2022, Շաբաթ, ժամը 11.00-ին այցելեց Սեբաստիոյ Հնէաբանական Թանգարանը ուր դիմաւորուեցաւ Թանգարանի Տնօրէն Ալի Ալքանի կողմէ ու տեղեկութիւններ ստացաւ։

Ժամը 13.00-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը իր կողքին ունենալով Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը եւ Գաւառի Համայնքներու Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը Սեբաստիոյ Հայոց Գերեզմանատան մէջ նախագահեց կատարուած ճաշու ժամերգութեան, որու աւարտին արարողութեան մասնակից Սեբաստահայերու Ս. Հաղորդութիւն մատակարարուեցաւ։ Ապա՝ մեր Հոգեւոր Պետը քարոզեց եւ բացատրեց հոգւոյ անմահութեան գաղափարը եւ յիշեցուց, որ ամէն մահկանացու արարած օր մը մահը պիտի ճաշակէ եւ այդ օրը իրեն առջեւ պիտի բացուի յաւիտենական կեանքը, քանի հոգին անմահ է։ Անդրադարձաւ, թէ ամէն ոք իր երկրաւոր կեանքը պէտք է արժեւորէ նկատի ունենալով յաւիտենական կեանքը։ Իր հայրական խօսքով Սեբաստահայ փոքրաթիւ համայնքի անդամներուն թելադրեց հաւատարիմ մնալ իրենց արմատներուն եւ պահել իրենց ինքնութիւնը բնորոշող յատկանիշները։ Իր ուրախութիւնը յայտնեց, թէ ժողովուրդը ուրախ ու երջանիկ էր իր ապրած միջավայրին մէջ։ Յիշեցուց, որ կարեւոր է պահել իրենց միասնականութիւնը որպէս անդամներ մէկ եւ մեծ ընտանիքի եւ յաճախակի մէկտեղումներ ունենալով ապրին միասնականութեան գեղեցկութիւնը։
Քարոզի աւարտին կատարուեցաւ պաշտօն ի հանգիստ գերեզմանատան մէջ թաղուած ննջեցելոց, ինչպէս նաեւ Սեբաստիոյ թեմի հոգեւոր սպասաւորներուն ու Սեբաստահայերու հոգւոցն ի հանգիստ։

Գերեզմանատան արարողութենէն յետոյ քաղաքի ճաշարաններէն միոյն առանձնասրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար նաեւ գնահատեց իրենց աւանդութիւնները վառ պահելու ուղղութեամբ Սեբաստահայերու ջանասիրութիւնը։

Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանան Սեբաստիոյ մեր ժողովուրդէն Երուանդ Տուրմազկիւլէրի եւ Սեբաստացիներու Միութեան Վարչութեան Փոխ Ատենապետ Տիգրան Թոկաչի ուղեկցութեամբ առաջնորդուեցան քաղաքի օդակայանի պատուոյ սրահը։ Այս առթիւ Նորին Ամենապատուութեան անգամ մը եւս յայտնեցին իրենց շնորհակալութիւնները սոյն պատմական հովուապետական այցելութեան համար, քանի երեսունեւհինգ տարիներ յետոյ արժանացած էին Պատրիարքական այցելութեան ու ողջերթ մաղթեցին։

Իսկ Արժ. Տ. Աւետիս Քահանան եւ իրեն ընկերացող Բրկ. Եուսուֆ Ուրարակիր Դպիր Թապաշեանի հետ ցամաքի ճամբով վերադարձաւ Մալաթիա եւ յաջորդ առաւօտ հասաւ Վաքըֆլըգիւղ։





Bu haber TRHayBad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (TRHayBad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(TRHayBad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+