Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէք -
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Սեպտեմբեր 2022, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի պաշտօնական ընդունարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, ընկերակցութեամբ՝ Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի եւ
Գերպ. Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեանի։ Հանդիպման ներկայ եղան Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Սիրալիր մթնոլորտին մէջ կայացած քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին երկու հոգեւոր պետեր գաղափարի փոխանակումներ ունեցան առօրեայ խնդիրներու կապակցութեամբ։ Նաեւ խորհրդակցեցան յառաջիկայ տարուան ընթացքին Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակին առթիւ ծրագրելի հանդիսութեանց մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Գերապայծառ Տէրը համամիտ գտնուեցան խորհրդակցական յանձնախումբի մը կազմութեան կարեւորութեան մասին։
Գերապայծառ Տէրը, շնորհակալութիւն յայտնեց մեր Հոգեւոր Պետին ընծայուած հիւրասիրութեան համար եւ բաժնուեցաւ Պատրիարքարանէն։
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com