​Հայաստանի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատուն. «Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղենք` Զօրքերը Վերադարձնել Իրենց Սկզբնակա - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

25 Eylül 2022  

​Հայաստանի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատուն. «Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղենք` Զօրքերը Վերադարձնել Իրենց Սկզբնակա -

​Հայաստանի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատուն. «Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղենք` Զօրքերը Վերադարձնել Իրենց Սկզբնակա ​Հայաստանի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատուն. «Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղենք` Զօրքերը Վերադարձնել Իրենց Սկզբնական Դիրքեր»

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը պատասխանած է Ազրպէյճանի վերջին յարձակումին վերաբերեալ «Լուրեր»-ու հարցումներուն:

«Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Ազրպէյճանի` Հայաստանի գերիշխան տարածքին դէմ գործողութիւնները» հարցումին դեսպանատունը նշած է. «Տագնապը չի կրնար զինուորական լուծում ունենալ, իսկ ուժի կիրարկումը անընդունելի է: Մենք կը ցաւինք մարդկային կորուստներուն համար, ներառեալ Հայաստանի տարածքին մէջ տեղ գտած քաղաքայիններու բազմաթիւ կորուստներու համար: Ուրախ ենք, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ բարձր մակարդակներու վրայ մեր ներգրաւուածութիւնը կողմերուն օգնեց զինադադար հաստատելու, եւ մենք կը շարունակենք մնալ մասնակից եւ կը խրախուսենք այն աշխատանքը, որ անհրաժեշտ է տեւական խաղաղութեան հասնելու համար»:

«Լուրեր»-ը հետաքրքրուած է, թէ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական առաքելութիւնը ի՞նչ դիրքորոշում ունի Հայաստանի գերիշխան տարածքին մէջ ապօրինի կերպով գտնուող Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն նկատմամբ: «Արդեօք անոնց Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքէն դուրսբերումը հրատապ անհրաժեշտութիւն կը նկատէ՞ք» հարցումին Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը նշած է. «Մենք Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք` զօրքերը վերադարձնելու իրենց սկզբնական դիրքեր: Մենք կը յորդորենք վերջ տալ զինուորական գործողութիւններուն եւ առանց զինեալ ուժերու ներգրաւման աշխատելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բոլոր չլուծուած հարցերու լուծման հասնելու` խաղաղ բանակցութիւններու շարունակութեամբ: Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են ամէն ինչ ընելու` աջակցելու այս ջանքերուն»:

«Ի՞նչ դիրքորոշում ունիք Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքին մէջ քաղաքային բնակավայրերու եւ ենթակառոյցներու թիրախաւորման վերաբերեալ, որոնց պատճառով կան նաեւ զոհեր» հարցումին դեսպանատունէն արձագանգած են. «Մենք անձամբ տեսած ենք Հայաստանի տարածքին մէջ քաղաքային ենթակառոյցներուն պատճառուած վնասը եւ տեսած ենք քաղաքայիններու շրջանակին մէջ զոհերու եւ վիրաւորներու մասին հաղորդումներ, որոնք երկուստեք խորապէս կը մտահոգեցնեն եւ կ՛ընդգծեն հետագայ մարտական գործողութիւնները կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը եւ դիւանագիտական ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը»:

Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի գերիշխան տարածքին մէջ հայ զինուորներ գերեվարուած են, տարածուած են անոնց նկատմամբ խոշտանգումներու մասին հաղորդումներ, ինչպէս նաեւ անոնք տակաւին չեն վերադարձուած հայկական կողմին: «Ի՞նչ դիրքորոշում ունիք այդ հարցերուն մէջ», հարցումին Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը պատասխանած է. «Մենք տեսած ենք հաղորդումներ հայ զինուորներու գերեվարման եւ խոշտանգումներու մասին: Անցեալ շաբթուան յարձակումներուն մէջ գերեվարուածներու անյապաղ եւ անվերապահ վերադարձը, ինչպէս նաեւ այլ գերիներու վերադարձը կարեւոր քայլ է տեւական խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ: Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն խոշտանգման որեւէ դրսեւորում որեւէ ժամանակ կամ որեւէ վայրի մէջ եւ կառավարութիւններուն աներկբայ կոչ կ՛ուղղեն հետամուտ ըլլալու իրենց միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ վերջ տալու այս յանցանքներուն առնչուած անպատժելիութեան»:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+