Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Խաչի Բարեկենդանի Կիրակիին, 4 Սեպտեմբեր 2022ին - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

05 Eylül 2022  

Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Խաչի Բարեկենդանի Կիրակիին, 4 Սեպտեմբեր 2022ին -

Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Խաչի Բարեկենդանի Կիրակիին, 4 Սեպտեմբեր 2022ին Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Խաչի Բարեկենդանի Կիրակիին, 4 Սեպտեմբեր 2022ին

Վան Քաղաքի Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Խաչի Բարեկենդանի Կիրակիին, 4 Սեպտեմբեր 2022ին, այս տարի եւս Ս. Պատարագ մատուեցաւ։ Համավարակի պատճառաւ, երկու տարի առանց ժողովուրդի մասնակցութեամբ կատարուած արարողութենէ յետոյ, սոյն արարողութիւնը դարձեալ բազմաթիւ ուխտաւորները համախմբեց Աղթամարի մէջ։

Աղթամարի Տօնակատարութեան, այս տարի նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Ուխտագնացութեան մասնակցեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Հայաստանէն Արժ. Տ. Տ. Եղէշէ եւ Վիգէն քահանայ հայրերը։ Բաց աստի, ուխտագնացութեան երգեցութիւնները կատարելու համար եկած էին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդէ անդամներ, գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Եսայի Տէմիրի։

Շաբաթ Երեկոյեան, Մեր Հոգեւոր Պետը, «Պիւյիւք Ուրարտու» պանթոկի ճաշասրահին մէջ մեկտեղուեցաւ հոգեւոր հայրերու, սարկաւագներու եւ դպրաց դասու անդամներու հետ սիրոյ սեղանի շուրջ։ Այստեղ ներկաներ, ջերմ մթնոլորտի մէջ զրուցելու առիթն ունեցան Մեր Հոգեւո Պետին հետ։
Իսկ յաջորդ առաւօտեան ժամը 09.00-ին, Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ, հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը, ինչպէս նաեւ երգչախումբի անդամները Վանի Նահանգապետարանի տրամադրած նաւով ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար Կղզի։ Պատրիարք Հայրը, Կղզի ժամանումէն յետոյ, նախ այցելեց Ս. Խաչ Եկեղեցին, ուր ուխտի աղօթքը ըրաւ։ Մինչ այդ եկեղեցւոյ մկրտութեան մատրան մէջ կատարուեցաւ նաեւ ժամերգրութիւն։
Ժամը 10.45-ին կազմուած թափորը Տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ Տաճար առաջնորդեց պատարագիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ Կը սպասարկէին Բրշ. Խաչիկ Սրկ. Սարըլեան, Բրշ. Ալէն Տիրան Սրկ. Նէրկիզեան, Բրկ. Ղազար Կ.Սրկ. Սապունճեան եւ Բրկ. Կարօ Կ.Սրկ. Եոնթանեան, Բրկ. Պուրակ Ուր. Դպ. Կէօչէրեան եւ Բրկ. Շանթ Ուր. Դպ. Չէվիքեան։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, ղեկավարութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Սեւան Ակօշեանի։

ՔԱՐՈԶ
Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց Պատրիարք Հայրը, եւ տաճարի գաղափարին մասին խօսեցաւ։ Յայտնեց, թէ՝ Աստուած հաստատած է տաճարի գաղափարը, որպէսզի մեղաւոր մարդկութիւնը այցելէ Տաճար եւ այտեղ գտնէ զԱստուած։ Հին Կտակարանէն սկսեալ այս աւանդութիւնը, Քրիստոնէութեան մէջ եւս շարունակած է եւ համայնքներ կառուցած են եկեղեցիներ։ Հայ Եկեղեցւոյ անդամները եւս, պատմութեան ընթացքին հետեւելով տաճարաշինութեան աւանդութեան, իրենց ոճով, ճարտարապեկան գիտութեամբ եւ հանճարով կառուցած են շքեղ տաճարներ, ուր համախմբուած են զԱստուած փառաւորելու համար։ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին եւս եղած է այն հսկայ կոթողներէն, որ 10րդ դարուն Գագիկ Արծրունի Թագաւորի փափաքով ու Մանուէլ ճարտարապետի աշխատութեամբ կառուցուած է։
Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, թէ՝ Աղթամարը ունէր աւելի քան 1000 ամեայ պատմութիւն։ Տաճարին կամարը, պատերը, սիւները ականատեսը եղած էին ինչ ինչ դէպքերու եւ անոնք կը շարունակէին վկան դառնալ անցեալին։ Իր հիանալի ճարտարապետութեամբ նաեւ հետաքրքրութեան արժանացած էր, թէ՛ Հայերուն եւ թէ՛ օտարներուն։ Ահա, այս գեղեցիկ տաճարը, որ մերձաւոր անցեալին մաշած էր, մօտաւորապէս քսան տարիներ առաջ երկրի իշխանութեան տնօրինութեամբ որպէս թանգարան եկեղեցի վերանորոգուած էր եւ յաջորդիւ աւանութիւն հաստատուած էր Սեպտեմբեր ամսուան մէջ տօնական Ս. Պատարագ մատուցանել Աղթամարի մէջ։ Այս աւանդութիւնը, համավարակի շրջանին դժբախտաբար առանց ժողովուրդի մասնակցութեամբ կատարուած էր։ Իսկ այս տարի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը տեղի կ՚ունենար Ստանպուլէն եւ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ արտասահմանէն ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։ Իսկ երգեղութիւնները կատարելու համար ուխտաւորաբար փութացած էր Սահակեան Դպրաց Դասը։ Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ մաղթեց որ ուխտագնացութիւնը բոլոր մասնակիցներուն համար դառնայ օրհնաբեր եւ հոգեւոր շինութեան առիթ։
Մեր Հոգեւ Պետը նաեւ յիշատակեց պաշտօնական մարմիններու ներդրումը արարողութեանց կանոնաւոր ձեւով կազմակերպման կապակցութեամբ։ Այս առթիւ, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանին, Մշակոյթի եւ Զբոսաշրջութեան Նախարար Մէհմէտ Նուրի Էրսօյին, Վանի Կուսակալ Օզան Պայճըին։




Bu haber TRHayBad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (TRHayBad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(TRHayBad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+