​Յառաջիկայ 8 սեպտեմբերին կ՝աւարտի Աստուծոյ ծառայ Մխիթար Սեբաստացիի թեմական դատը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

21 Temmuz 2022  

​Յառաջիկայ 8 սեպտեմբերին կ՝աւարտի Աստուծոյ ծառայ Մխիթար Սեբաստացիի թեմական դատը -

​Յառաջիկայ 8 սեպտեմբերին կ՝աւարտի Աստուծոյ ծառայ Մխիթար Սեբաստացիի թեմական դատը ​Յառաջիկայ 8 սեպտեմբերին կ՝աւարտի Աստուծոյ ծառայ Մխիթար Սեբաստացիի թեմական դատը

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի հաղորդագրութիւնը Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիի Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր ժողովի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումի վերաբերեալ։Վազգէն Աբարդեան - ՎատիկանՈւնկնդրէ լուրըԱրեւելեան եկեղեցիներու Վերատեսչութիւնը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց թէ 11էն-15 յուլիս 2022, Վենետիկի Սուրբ Ղազարի կղզիին մէջ գտնուող Հայ Մխիթարեան միաբանութեան վանքէն ներս գումարուեցաւ միաբանութեան ընդհանուր ժողովը, նախագահութեամբ Լոտի թեմի եպիսկոպոս եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի երբեմնի ենթաքարտուղար, Գերապայծառ Մաուրիցիօ Մալվեսթիթիին, որ 2022 թուականին սկիզբը Քահանայապետին հրամանով դարձաւ Մխիթարեան Միաբանութեան քահանայապետական Պատուիրակ փոխարինելով Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանին։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ չորեքշաբթի, 13 յուլիսի յետմիջօրէէն սկսեալ մինչեւ հինգշաբթի, 14 յուլիս ամբողջ օրը, ընդհանուր ժողովին ներկայ գտնուելով ու ժողովի աշխատանքներուն մասնակցելով Արեւելեան եկեղեցիներուն Վերատեսչութեան վերատեսուչ` կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրին ուզեց վերահաստատել Սուրբ Աթոռի մտահոգութիւնն ու ուշադրութիւնը Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներու նկատմամբ, որոնք ողջ հայ ժողովուրդին հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան թանկարժէք պահապաններ են։

Ընդհանուր ժողովին ընթացքին, Հայաստանէն, Լիբանանէն, Թուրքիայէն եւ ֆրանսայէն ժամանած Վենետիկի եւ Վիեննայի հասարակութիւններու կրօնաւորները, իրենց փափաքը յայտնեցին ներգրաւելու հոգեւոր ոգեշնչումով օժտուած աշխհարականներ, նախաձեռնութիւններ կազմակերպելու նպատակաւ ի խնդիր վանքերու եւ կալուածներու լաւագոյն խնամքի եւ բարեկարգումին։

Հինգշաբթի, 14 յուլիսին, մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի իր արտասանած քարոզին մէջ անդրադառնալով Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիի սրբադասման դատին ու մեծարելով Անոր եւ միաբանակիցներուն նուիրական գործը, յայտնեց` որ յառաջիկայ 8 սեպտեմբերին, Վենետիկի Պատրիարք Գերերջանիկ Ֆրանչեսքօ Մորալիայի նախագահութեամբ հանդիսաւոր կերպով պիտի նշուի Աստուծոյ ծառայ Մխիթար Սեբաստացիի թեմական դատին աւարտը։





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+