​Իսրայէլ Կը Մերժէ Ռաս Նաքուրայի Շրջանը Լիբանանին Յանձնել - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

21 Temmuz 2022  

​Իսրայէլ Կը Մերժէ Ռաս Նաքուրայի Շրջանը Լիբանանին Յանձնել -

​Իսրայէլ Կը Մերժէ Ռաս Նաքուրայի Շրջանը Լիբանանին Յանձնել ​Իսրայէլ Կը Մերժէ Ռաս Նաքուրայի Շրջանը Լիբանանին Յանձնել

«Էն. 12» իսրայէլեան կայքը հրապարակեց լուր մը, որուն հիման վրայ հաստատուեցաւ, թէ Հըզպալլա պահանջած է Ռաս Նաքուրայի հիւսիսային կողմի երկաթուղային փապուղին:

Նշենք, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին պահանջած էր լիբանանեան բռնագրաւուած բոլոր հողերուն ազատագրումը, որոնց շարքին նաեւ Ռաս Նաքուրայի երկաթուղային փապուղին` հաստատելով, որ անիկա Լիբանանի համար ռազմավարական եւ աշխարհաքաղաքական դիրք կը ներկայացնէ:

Համիէ նման յայտարարութիւն մը կատարած էր նաեւ Նաքուրա այցելութեան ընթացքին:

«Էն. 12» իսրայէլեան կայքին համաձայն, Համիէ պահանջած է Իսրայէլէն կազմաքանդել քարէ անցարգելը, որ նախորդ 40 տարիներուն ընթացքին կառուցուած է Լիբանանի կողմը, եւ Ռաս Նաքուրան յանձնել լիբանանեան գերիշխանութեան:

Նոյն կայքին համաձայն, 695 մեթր երկարութեամբ երկաթուղային փապուղին կառուցուած է 1941-ին. ան կը գտնուի երկու երկիրներու սահմաններուն վրայ եւ քարերով փակուած է 2000-էն ի վեր` հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլի նահանջէն ետք: Լիբանանցիները տարիներ շարունակ այս պահանջը չեն ներկայացուցած, սակայն այս փուլին Հըզպալլա կը նկատէ, թէ նման պահանջ մը կրնայ բարելաւել Լիբանանի դիրքը` ծովային սահմանագծումին նպատակով կատարուելիք բանակցութիւններուն ընթացքին, նկատի ունենալով անոր ներկայացուցած հսկայ կարեւորութիւնը:

«Էն. 12» իսրայէլեան կայքը նկատել տուաւ, որ այս պահանջը ի յայտ եկած է ծովային սահմանագծումի ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի Պէյրութ կատարած այցելութենէն շաբաթներ ետք` աւելցնելով, որ Իսրայէլ կտրականապէս կը մերժէ այդ պահանջին ընդառաջել, որովհետեւ անիկա կը նշանակէ Ռաս Նաքուրայի շրջանը Լիբանանին յանձնել եւ Քիպուցի բնակեցման վայրը ամբողջութեամբ Հըզպալլայի վերահսկողութեան տակ դնել:

Լափիտ. «Լիբանան Կրնայ Իր Ջուրերուն Մէջ Գտնուող Հարստութենէն Օգտուիլ` Անյապաղ Գործադրուելիք Բանակցութիւններուն Ընդմէջէն»

Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ Քարիշի կազահարթակին վերեւ ուղղաթիռով կատարուած շրջապտոյտի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կրնայ իր ջուրերուն մէջ գտնուող հարստութենէն օգտուիլ` անյապաղ գործադրուելիք բանակցութիւններուն ընդմէջէն:

Ան շեշտեց նաեւ, որ Քարիշի մէջ գտնուող եւ Իսրայէլին պատկանող կազը կրնայ նպաստել աշխարհի մէջ ստեղծուած ուժանիւթի տագնապին լուծման:

Նշենք, որ Լափիտ օր մը առաջ յայտնած էր, թէ Իսրայէլի Լիբանանի հետ մագլցումի չի ձգտիր, սակայն Հըզպալլայի յարձակողականութիւնը կրնայ ամբողջ շրջանը մագլցումի առաջնորդել:

Ան հաստատած էր, որ Հըզպալլայի արարքները կը սպառնան Լիբանանին, լիբանանցիներուն եւ անոնց բարօրութեան:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց իր կարգին յայտնեց, որ Լիբանան եւ անոր ղեկավարները քաջ գիտեն, որ եթէ կրակի ճամբան բռնեն, ապա պիտի հրկիզուին եւ ծանր վնասներ կրեն:







Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+