Պատրիարք Հայրը Նախագահեց Կեդրոնական Վարժարանի Շրջանաւարտութեան Հանդէսին - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

24 Haziran 2022  

Պատրիարք Հայրը Նախագահեց Կեդրոնական Վարժարանի Շրջանաւարտութեան Հանդէսին -

Պատրիարք Հայրը Նախագահեց Կեդրոնական Վարժարանի Շրջանաւարտութեան Հանդէսին Պատրիարք Հայրը Նախագահեց Կեդրոնական Վարժարանի Շրջանաւարտութեան Հանդէսին

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 22 Յունիս 2022, Չորեքշաբթի, ժամը 16.00-ին նախագահեց Կեդրոնական Վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսին։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ Պատրիարքարանի պաշտօնարանին մէջ ընդունեց վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճուն, տնօրէն՝ Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանը եւ խնամակալութեան անդամները, որոնք եկած էին մեր հոգեւոր պետը առաջնորդելու հանդիսասրահ։ Նախ եւ առաջ շրջանաւարտ աշակերտները Պատրիարքարանի մուտքին հաւաքուեցան ու Նորին Ամենապատուութեան հետ նկարուեցան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալով Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը եւ գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը եւ աշակերտները, այցելութիւն տուաւ Երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրմին, ուր կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան կարգ։

Ապա Աթոռանիստ Մայր Տաճարի կից Ս. Որդւոց Որոտման Եկեղեցի-Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Մշակութային Կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը։

Ցուցադրուեցաւ Կեդրոնականի սան՝ հոգելոյս Մկրտիչ Մարկոսեանի կեանքի գլխաւոր գիծերը ցոլացնող ֆիլմ մը, որմէ յետոյ աշակերտներու մասնակցութեամբ կիրարկուեցաւ երաժշտական յայտագիր մը։

Տնօրէն Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեան ներկայացուց Վարժարանի բազմամեայ վաստակաշատ ուսուցիչները, եւ անոնց կողքին նոր պաշտօնի կոչուած երիտասարդ կրթական մշակները։ Վաստակաշատ ուսուցիչներու յանձնուեցան յիշատակի նուէրներ ձեռամբ Կարպիս Պալմումճուի։

Վարժարանի ուսումնական շրջանը առաջնութեամբ աւարտած աշակերտին Գարուն Արսլան վկայականն ու մրցանակները յանձնուեցան ձեռամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտ աշակերտներուն ի միջի այլոց ըսաւ. «Դուք այսօր շրջանաւարտ կ՚ըլլաք ու կը բաժնուիք Ձեր կրթական օճախէն։ Երբ կը բաժնուիք ասկէ մնացէք այն արժէքներուն վրայ, որ այս վարժարանէն ստացաք ու զարգացուցէք զանոնք։ Մարդուս համար ուսման շրջանը անսահման է։ Միշտ ըսողներէն եղէք. Ես բան մը գիտեմ, այդ ալ բան մը չգիտնալս է։ Դուք ձեզ զարգացուցէք։ Երբ կեանքի դժուարութեանց հետ դէմ յանդիման մնաք, չըլլայ որ յուսահատութեան մատնուիք։ Ինքնավստահ եղէք։ Այսօր ձեզ կը ծափահարենք։ Բայց իրաւ ծափահարութեան պիտի արժանանաք տասնեւհինգ տարի յետոյ երբ ձեզ պիտի տեսնենք այս կրթական յարկին մէջ, երբ պիտի տեսնենք թէ դուք հաւատարմութեամբ պահպանած էք մեր ժողովուրդի նուիրականութիւնները։ Ձեզ առաւել եւս պիտի ծափահարենք երբ ձեզ տեսնենք մեր համայնքային կեանքին մէջ, որպէս գործիչներ, վարիչներ եւ կամ բարերարներ։ Բարի երթ կը մաղթենք Ձեզի։ Աստուած Ձեզի հետ ըլլայ»։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա գնահատեց վարժարանի խնամակալութիւնը, որ Յարութիւն Էպէօղլուի գլխաւորութեամբ կը ջանար լաւագոյնս մատակարարել վարժարանը։ Դրուատեց վարժարանի տնօրէնին եւ ուսուցչական կազմին վաստակը, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներու ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները յանձնած էին այս կրթական յարկին։

Հայերէնի ճիւղին մէջ յաջողագոյն երկու աշակերտներու՝ Ալէն Զինզալի եւ Աքսէլ Ճավաքի վկայականներն ու մրցանակները յանձնուեցան ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վարդապետի եւ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայի։

Վկայականներու բաշխումէն յետոյ Մայր Եկեղեցւոյ յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան Սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն։






Bu haber TRHayBad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (TRHayBad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(TRHayBad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+