Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 11 Մայիս 2022, Չորեքշաբթի գիշեր Աթոռ վերադարձաւ։ -
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 11 Մայիս 2022, Չորեքշաբթի գիշեր Աթոռ վերադարձաւ։
Նորին Ամենապատուութիւնը Ասորւոց Տէյրիւլզաֆարան Վանքին մէջ Մարտինի եւ Տիգրանակերտի Մոր Ֆիլիւքսինոս Սալիպա Էօզմէն Մետրոպոլիտին ընծայուած հիւրասիրութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք հրաժեշտ առնելով բաժնուեցաւ վանքէն։
Մեր Հոգեւոր Պետը, ուղեկցութեամբ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեանի եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, ուղղուեցաւ Մարտինի Միտեաթ գաւառակը եւ այցելեց Ասորւոց Մոր Կապրիէլ Վանքը։ Դիմաւորուեցաւ վանականներու կողմէ եւ վանքի եկեղեցւոյ մէջ իր ուխտի աղօթքը ընելէ յետոյ հանդիպում ունեցաւ վանքի մեծաւոր եւ Թուրապտինի առաջնորդ՝ Մոր Տիմօթէոս Սամուէլ Աքթաշ Մետրոպոլիտի հետ։ Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի Առաջնորդ՝ Մոնս. Րամզի Կարմօ եպիսկոպոսը։
Կատարուած հիւրասիրութենէն եւ յուշանուէրներու փոխանակումէն յետոյ Պատրիարք Հայրը եւ ուղեկիցները հրաժեշտ առնելով ուղղուեցան Մարտինի Օդակայանը եւ ժամը 22.00-ին հասան Ստանպուլի Օդակայան, ուր պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցան Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղյ. Տամատեանի եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ եւ առաջնորդուեցան Պատրիարքարան։
Bu haber turkiyeermenileripatrikligi kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com