Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս նորոգեալ եւ բարեզարդեալ եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

09 Mayıs 2022  

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս նորոգեալ եւ բարեզարդեալ եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ -

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս նորոգեալ եւ բարեզարդեալ եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս նորոգեալ եւ բարեզարդեալ եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ

Առաւօտեան ժամը 08.00-ին հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը, եկեղեցւոյ մէջ կատարեցին առաւօտեան ժամերգութիւն, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեանի։

Ժամը 10.00-ին կազմուած թափորը խորհրդարանէն Տաճար առաջնորդեց պատարագիչ Պատրիարք Հայրը, առընթերակայութեամբ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։

Ս. Սեղանին կը սպասարկէին Արժ. Տ. Տ. Նաթան եւ Ներսէս քահանաներ, Բրկ. կիսասարկաւագներ՝ Հերման Վէսքէ, Կարապետ Եոնթանեան, Ղազար Սապունճեան եւ Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան։

Արարողութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Արմաշ Դպրաց Խումբին կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

Ս. Պատարագին ներկայ եղան Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Վիկտոր Վրդ., Ասորի Եկեղեցիէն Տիգրանակերտի եւ Մարտինի Մոր Սալիպա Էօզմէն Մետրոպոլիտ, Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքան։

Քարոզ
Տէրունական Աղօթքէն առաջ Պատրիարք Հայրը քարոզեց Կարմիր Կիրակիի խորհուրդի մասին, ընդգծեց վերանորոգուելու կարեւորութիւնը եւ այս առումով շեշտեց թէ ինչպէս մարդիկ պէտք է վերանորոգուին, այնպէս ալ վերանորոգութեան պէտք ունին մեր աղօթքի տուները։ Այսօր կ’ապրինք այս իրականութիւնը, որ բոլորիս հոգեւոր հրճուանք կը պատճառէ։

Կոնդակի ընթերցում եւ շքանշանի տուուչութիւն Նորին Ամենապատուութեան քարոզէն ետք, «Էջմիածինն ի Հօրէ» շարականի երգակցութեամբ, բերուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը, որով Նորին Սրբութիւնը շնորհաբաշխութիւն կատարելով, Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Էրկուն Այըքը կը պարգեւատրէր Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ շքանշանով։
Կոնդակը կարդաց Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան։

Հոգեհանգիստ
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ հոգւոցն Տիգրանակերտի թեմի հանգուցեալ առաջնորդներու, հոգեւոր սպասաւորներու, հաւատացեալներու եւ եկեղեցւոյ վերջին երկու հովիւներուն՝ Տ. Կիրակոս Թօքաթլեան եւ Տ. Վարագ Պէյլէրեան քահանաներու։

Սիրոյ սեղան Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, ներկաներ հիւրասիրուեցան Եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սիրոյ ճաշով՝ Տիգրանակերտի աւանդական ցաւարի եղինձով եւ խորովածով։

Ս. Մկրտութիւն եւ Ս. Պսակ
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, կատարուեցաւ տեղւոյն բնակիչներէ Օհանեան ամոլի զաւակներուն Ս. Մկրտութեան եւ Կարապետ-Շուշան Տօքումաճեաններու Ս. Պսակի արարողութիւնը։

Գերեզման այց
Հուսկ, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան եւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, խումբ մը հաւատացեալներու հետ այցելեցին տեղւոյն հայոց գերեզմանատունը, ուր ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ կատարեցին։





Bu haber turkiyeermenileripatrikligi kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+