Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին Այս Շաբաթ Կը Վերաբացուի -
Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին Այս Շաբաթ Կը Վերաբացուի
Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին, որ երկար ժամանակէ ի վեր վերանորոգութեան աշխատութեանց ենթարկուած է, 7 Մայիս 2022, Շաբաթ երեկոյեան պաշտամունքի պիտի վերաբացուի, նախագահութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Յաջորդ առաւօտ, Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի։ Սա ինքնին աննախընթաց արարողութիւն պիտի դառնայ, նկատի ունենալով, որ արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Աթոռոյս Սրբազան Գահակալը, բան մը որ Շնորհք Պատրիարքէ յետոյ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առաջինը պիտի ըլլայ։
Արարողութեանց առթիւ կը նախատեսուի նաեւ պետական աւագանիէն ներկայացուցիչներու, քոյր եկեղեցիներէ հոգեւորականներու եւ ուխտաւորներու մասնակցութիւնը։ Արարողութեան ներկայ կ՚ըլլան նաեւ Էրկիւն Վարդգէս Այըքի գլխաւորած Ծխական Խորհուրդի անդամներ։ Եկեղեցւոյ վերաբացման լուրերը արդէն իսկ լայն արձագանգ սկսած են գտնել թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ արտասահմանի լրատուամիջոցներու մէջ։ Եկւեղեցւոյ առաջին հիմնական վերաշինութիւնը կատարուած էր Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի ջանքերով, որ այդ շրջանին կը վարէր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօն։ Եկեղեցին պաշտամունքի բացուած էր եւ առաջին Սուրբ Պատարագը մատուցուած՝ ձեռամբ Սրբազան Հօր։ Նաեւ եկեղեցւոյ զանգակատունը կառուցուած էր եւ զանգակը տեղադրուած՝ Գերշ. Տ. Արամ Սրբազան Հօր ջանքերով։
Արարողութեան յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին պիտի մասնակցի նաեւ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան։ Բաց աստի Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասէ անդամներ՝ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Լուսարարապետ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Գաւառի Հայոց Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւս կը միանան Սրբազան Պատրիարք Հօր պատուիրակութեան։ Երգեցողութիւնները կը կատարէ Պատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ Դպրաց Խումբը, ինչպէս նաեւ սարկաւագաց դասէ անդամներ, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։
Մեր Հոգեւոր Պետը կը ճամբորդէ, 5 Մայիս 2022, Հինգշաբթի եւ Աթոռ կը վերադառնայ 11 Մայիս 2022, Չորեքշաբթի։
Bu haber turkiyeermenileripatrikligi kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com