2 Մայիսին Պրիւքսելի Մէջ Գրիգորեան-Հաճիեւ Հանդիպում, Որուն Կրնայ Յաջորդել Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը -
2 Մայիսին Պրիւքսելի Մէջ Գրիգորեան-Հաճիեւ Հանդիպում, Որուն Կրնայ Յաջորդել Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երկուշաբթի, 2 մայիսին Պրիւքսելի մէջ պիտի հանդիպի Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ:
«Պիտի քննարկենք Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի եթերէն ըսած է Արմէն Գրիգորեան` հաւանական նկատելով, որ ատոր կրնայ յաջորդել Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը:
«Եթէ մենք կարենանք Պրիւքսելի մէջ ստանալ այն բոլոր հարցումներուն պատասխանները, ապա կրնանք նաեւ քննարկել Պրիւքսելի մէջ երկրի ղեկավարներու մակարդակով հանդիպում», նշած է ան:
Ազրպէյճանի նախագահը նախքան այդ յայտարարած էր, որ մայիսի սկիզբը Պրիւքսելի մէջ կրնան հանդիպիլ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը պատասխանելով Ալիեւի յայտարարութեան մասին «Արմէնփրես»-ի հարցումին ըսած էր .«Այս պահուն Պրիւքսելի մէջ նման հանդիպումի մասին տեղեկութիւն գոյութիւն չունի»:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com