Փաշինեան, Ալիեւ, Միշել Եւ Մաքրոն Առցանց Հանդիպում -
Փաշինեան, Ալիեւ, Միշել Եւ Մաքրոն Առցանց Հանդիպում
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկրի` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ 4 փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի առցանց հանդիպումը:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ կողմերը միտքեր փոխանակած են առկայ մարդասիրական խնդիրներու լուծման, երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ծիրին մէջ շրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, սահմանագօտիին մէջ լարուածութեան նուազեցման եւ սահմանազատման, Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային կազմակերպութիւններու ելքի եւ մուտքի, ինչպէս նաեւ հարցերու լայն շրջանակի վերաբերեալ:
Իսկ Ֆրանսական կողմին համաձայն, հանդիպումը կը վերաբերէր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան եւ մարդասիրական համագործակցութեան զարգացման: Ժողովը նախորդ տարուան դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած չորս առաջնորդներու հանդիպումներուն շարունակութիւնն է:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com