​Ֆրանչիսկոս Պապ մոմակիրի եւ ընթերցողի պաշտօնները պիտի շնորհէ իգական սեռի աշխարական հաւատացեալներուն - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

23 Ocak 2022  

​Ֆրանչիսկոս Պապ մոմակիրի եւ ընթերցողի պաշտօնները պիտի շնորհէ իգական սեռի աշխարական հաւատացեալներուն -

​Ֆրանչիսկոս Պապ մոմակիրի եւ ընթերցողի պաշտօնները պիտի շնորհէ իգական սեռի աշխարական հաւատացեալներուն ​Ֆրանչիսկոս Պապ մոմակիրի եւ ընթերցողի պաշտօնները պիտի շնորհէ իգական սեռի աշխարական հաւատացեալներուն

Առաջին անգամն է որ ընթերցողի եւ մոմակիրի կարգերը կը տրուին իգական սեռի աշխարական հաւատացեալներուն։

Յառաջիկայ կիրակի 23 յունուար 2022ին, Աստուծոյ խօսքին նուիրուած երրորդ կիրակի օրն է։ Աստուծոյ խօսքին նուիրուած կիրակին հաստատած է Ֆրանչիսկոս Պապը, 3 սեպտեմբեր 2019ին։

Նոր աւետարանումի խթանման քահանայապետական խորհուրդի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը նշելով, որ 23 յունուարին ֆրանչիսկոս Պապ սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս կը նախագահէ Սուրբ Պատարագին, որուն մասնակիցներուն թիւը սահմանափակուած է երկու հազարի, առողջապահական առկայ կանոններուն պատճառաւ։

Արարողութեան ընթացքին, հաւատացեալներու մէջ Սուրբ գիրքի ճանաչումն ու սէրը վերակենդանացնելու նպատակով Ֆրանչիսկոս Պապ հաւատացեալներուն պիտի նուիրէ եկեղեցւոյ հայրերուն, Ղուկաս աւետարանիչի 3-րդ եւ 4-րդ գլուխներու մեկնաբանութիւնները պարունակող գիրք մը, հրատարակուած սուրբ Պօղոս անուան տպագրատունէն։

Ընթերցողի եւ մոմակիրի կարգերու տուչութիւն Հաղորդագրութեան համաձայն, սուրբ պատարագի ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ, առաջին անգամ ըլլալով կարգ մը իգական սեռի աշխարական հաւատացեալներուն ն պիտի շնորհէ ընթերցողի եւ մոմակիրի պաշտօնները ինչպէս նաեւ կրօնուսուցիչի եւ ուսուցչուհիներուն պաշտօնները։

Յիշենք, որ անցեալ 10 յունուար 2021ի, ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակով մը հաստատեց թէ, ընթերցողի եւ մոմակիրի պաշտօնները կարելի է շնորհել նաեւ իգական սեռի աշխարական հաւատացեալներու, ծիսական արարողութեան ընթացքին։ Նախապէս յիշեալ պաշտօնները կը տրուէր միայն արական սեռի աշխարհական հաւատացեալներուն։

Յայտնենք թէ նախատեսուած է, որ նախ քան Ֆրանչիսկոս Պապին յաւուր պատշաճի քարոզը, պիտի կարդացուին եկեղեցիներու կողմէ որոշուած մոմակիր եւ ընթերցողի պաշտօններուն թեկնածուներուն անունները, որոնց պիտի տրուի Սուրբ Գիրքի օրինակ մը հռչակելու համար Աստուծոյ խօսքը։

Իսկ կրօնուսոյցի եւ ուսուցչուհիներուն պիտի տրուի սուրբ Պօղոս Զ եւ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ պապերուն կողմէ օգտագործուած խաչի ձեւի նման պատրաստուած խաչեր, յիշեցնելու համար աշխարականներու մատուցանելիք ծառայութեան առաքելական յատկութիւնը։

Աւետարանի խթանման քահանայապետական խորհուրդի Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ ընթերցողի պաշտօններուն պիտի արժանանան Աստուծոյ ժողովուրդի ներկայացուցիչ, հարաւային Քորէայէն, Փաքիիստանէն, Կանայէն եւ Իտալիայէն ժամանած հաւատացեալներ։

Իսկ կրօնուսոյցի պաշտօնին պիտի արժանանան Փերույէն, Պրազիէլէն, ու կանայէն, Մատրիտէն ժամանած կիները։ Ապա առկայ առողջապահական հարցերուն պատճառով պիտի չկարենան ճամբորդել ու վերոյիշեալ արարողութեան մասնակցիլ Քոնկոյնէ, Ուկանտայէն ընտրուած հաւատացեալները։

Յայտնենք թէ Աստուծոյ խօսքին նուիրուած երրորդ կիրակի օրուան պատարագն ու մոմակիրի ու ընթերցողի կարգերու տուչութեան արարողութիւնը պիտի սփռուի Վատիկանի հեռուստակայանին ինչպէս նաեւ «Վատիկան Նիւզ» հարթակի միջոցաւ։





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+