Տինքի սպանութեան 15րդ տարելիցի ոգեկոչում Պոլսոյ մէջ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

20 Ocak 2022  

Տինքի սպանութեան 15րդ տարելիցի ոգեկոչում Պոլսոյ մէջ -

Տինքի սպանութեան 15րդ տարելիցի ոգեկոչում Պոլսոյ մէջ Տինքի սպանութեան 15րդ տարելիցի ոգեկոչում Պոլսոյ մէջ

Արարողութեան ներկայ էր նաեւ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, Տինքի ընկերները եւ գաղափարակիցները, մտաւորականներ ու գործիչներ: «Մենք հոս ենք եւ պիտի շարունակենք պայքարիլ արդարութեան համար», խոստացան Տինքի ընկերները:Պոլսոյ «Ակօս» թերթի նախկին խմբագրութեան մօտ` ճիշդ հոն, ուր 15 տարի առաջ սպաննուեցաւ պոլսահայ մտաւորական, թերթին հիմնադիրը եւ գլխաւոր խմբագիրը՝ Հրանդ Տինք, Չորեքշաբթի, 19 Յունուարին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման միջոցառում մը:

Այս տարի եւս ելոյթով հանդէս եկաւ մտաւորականին այրին` Ռաքել Տինք, որ ելութ ունենալով՝ ըսաւ. «15 տարի առաջ թիկունքէդ արձակուած կրակոցները քեզ հեռացուցին մեզմէ: Ձայնդ դեռ ականջիս մէջ կը մնայ: Ամէն անգամ, երբ պատմէիր, թէ ինչ ըրած են քու ժողովուրդին, քեզի կը մեղադրէին դաւաճանութեամբ եւ թիկունքէն հարուածելու յանցանքով… Միշտ կ՛ըսէիր. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, լաւութիւն ըրէք ձեզ ատողներուն, աղօթեցէք վիրաւորողներուն համար»: Ես կ՛աղօթեմ»:

Իր ելոյթին մէջ Ռաքել Տինք անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ վերջին տարիներուն սաստկացած մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումներուն, ընդդիմադիր եւ ոչ իշխանահաճոյ գործիչները լռեցնելու փորձերուն եւ զանոնք ձերբակալելու փաստերուն:

«Քեզ հողին յանձնելու ընթացքին հոսկէ բարձրացող ըմբոստութեան եւ մերժումի ձայնը չլռեց եւ պիտի չլռէ: Բանուորները, կիները, ուսանողները, գիւղացիները դարձեալ պայքարի մէջ են: Օր մը նորէն պիտի միանան եւ հեղեղ դառնան», եզրակացուց Տինքի այրին:

Արարողութեան ներկայ էր նաեւ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, Տինքի ընկերները եւ գաղափարակիցները, մտաւորականներ ու գործիչներ: «Մենք հոս ենք եւ պիտի շարունակենք պայքարիլ արդարութեան համար», խոստացան Տինքի ընկերները:





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+