Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ Արդարութեան Համար - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

20 Ocak 2022  

Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ Արդարութեան Համար -

Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ Արդարութեան Համար Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ Արդարութեան Համար

Պոլսոյ Մէջ Ոգեկոչած Են Հրանդ Տինքի Սպանութեան 15-րդ ՏարելիցըJanuary 20, 2022 0Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթի նախկին խմբագրութեան մօտ` ճիշդ այնտեղ, ուր 15 տարի առաջ սպաննուեցաւ պոլսահայ մտաւորական, պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքը, 19 յունուար 2022-ին յիշատակի ձեռնարկ կազմակերպուած է:

Այս տարի եւս ելոյթով հանդէս եկած է մտաւորականին կինը` Ռաքել Տինքը, որ նշած է. «15 տարի եղաւ, որ թիկունքէդ արձակուած կրակոցները քեզ հեռացուցին մեզմէ: Ձայնդ դեռ ականջիս մէջ է: Ամէն անգամ, երբ կը պատմէիր, թէ ի՛նչ ըրած են ժողովուրդիդ հետ, քեզ կը մեղադրէին դաւաճանութեան, թիկունքէն հարուածելու մեջ Միշտ կ՛ըսէիր. «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, լաւութիւն ըրէ՛ք ձեզի ատողներուն, լաւութիւն ըրէ՛ք ձեզ անիծողներուն, աղօթեցէ՛ք վիրաւորողներուն համար»: Կ՛աղօթեմ»:

Իր ելոյթին ընթացքին Ռաքել Տինք անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ վերջին տարիներուն սաստկացած մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն, ընդդիմադիր եւ ոչ իշխանահաճոյ գործիչները լռեցնելու փորձերուն, զանոնք ձերբակալելու փաստերուն:

«Քեզ հողին յանձնելէ ի վեր այստեղէն բարձրացող ըմբոստութեան եւ մերժումի ձայնը չլռեց եւ պիտի չլռէ: Բանուորները, կիները, ուսանողները, գիւղացիները կրկին պայքարի մէջ են: Օր մը նորէն պիտի միաւորուին ու հեղեղ դառնան», նշած է Տինքի կինը:

Արարողութեան ներկայ եղած են Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, Տինքի ընկերներն ու գաղափարակիցները, մտաւորականներ ու գործիչներ: «Մենք այստեղ ենք եւ պիտի շարունակենք պայքարիլ արդարութեան համար», նշած են Տինքի ընկերները:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+