Թուրքիոյ Մէջ Նոր Փապուղի Կը Բացուի Հարաւային Կովկասի Ուղղութեամբ -
Թուրքիոյ Մէջ Նոր Փապուղի Կը Բացուի Հարաւային Կովկասի Ուղղութեամբ
Թուրքիոյ հարաւը տեղի ունեցած է բացումը ինքնաշարժներու երթեւեկի նոր փապուղիի, որ պիտի վերածուի Թուրքիոյ եւ Կովկասի շրջանի երկիրներուն միջեւ փոխադրամիջոցային նոր զարկերակի: Այս մասին կը յայտնէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Փապուղիի երկարութիւնը կը կազմէ 2246 մեթր: Երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի համաձայն, անիկա կը միացնէ Էրզրում նահանգի Ուզունտերէ շրջանը Արդվին քաղաքին հետ:
Կը նշուի, որ փապուղին կարեւոր օղակ պիտի դառնայ Թուրքիոյ եւ Վրաստանի սահմաններուն ուղղութեամբ գտնուող մայրուղիին համար:
Bu haber yerakouyn kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (yerakouyn) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(yerakouyn). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com