«10 Յունուարին Ժընեւեան Բանակցութիւններուն Մէջ Ռուսիան Միացեալ Նահանգներէն Պիտի Ձգտի Ռուսիոյ Անվտանգ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

02 Ocak 2022  

«10 Յունուարին Ժընեւեան Բանակցութիւններուն Մէջ Ռուսիան Միացեալ Նահանգներէն Պիտի Ձգտի Ռուսիոյ Անվտանգ -

«10 Յունուարին Ժընեւեան Բանակցութիւններուն Մէջ Ռուսիան Միացեալ Նահանգներէն Պիտի Ձգտի Ռուսիոյ Անվտանգ «10 Յունուարին Ժընեւեան Բանակցութիւններուն Մէջ Ռուսիան Միացեալ Նահանգներէն Պիտի Ձգտի Ռուսիոյ Անվտանգութեան Ամուր Երաշխիքներ Ստանալ» Կ՛ըսէ Զախարովա

10 յունուարին Ժընեւի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին Ռուսիան ամերիկեան կողմէն պիտի ձգտի ստանալ Ռուսիոյ անվտանգութեան ամուր երաշխիքներ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան:

«Օրակարգին վրայ, ի հարկէ, ընդգրկուած է 15 դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Ռուսիայէն փոխանցուած ռուսական երկու հիմնարար փաստաթուղթերու նախագիծերու քննարկում` Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ անվտանգութեան երաշխիքներու եւ Ռուսիոյ եւ Հիւսիսային Ատլանտեան դաշինքի անդամ երկիրներու անվտանգութեան քայլերու մասին համաձայնագիրները: Բանակցութիւններու ընթացքին մենք պիտի ձգտինք ամերիկեան կողմէն ստանալ Ռուսիոյ անվտանգութեան ամուր իրաւական երաշխիքներ` ՕԹԱՆ-ի չյառաջխաղանալը դէպի արեւելք եւ Ռուսիոյ սպառնացող սպառազինութեան համակարգերը չտեղակայելը մեր երկրի սահմաններուն վրայ», ընդգծած է դիւանագէտը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը նշած է, որ 10 յունուարին տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ հանդիպումը, այս թուականին այլընտրանք չկայ:

«10 յունուարին Ժընեւի մէջ նախատեսուած են բանակցութիւններ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջնախարարական պատուիրակութեան ձեւաչափով, ռուսական պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը, իսկ ամերիկեան կողմը` արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուենտի Շըրմընը», ըսած է ան:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+