​Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայական ձեռնադրութեան 52 ամեակը։ - Հայերէն
21 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Գրգոռ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

13 Aralık 2021  

​Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայական ձեռնադրութեան 52 ամեակը։ -

​Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայական ձեռնադրութեան 52 ամեակը։ ​Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայական ձեռնադրութեան 52 ամեակը։

Ապագայի Քահանայապետը խորապէս ապրած է իր քահանայութիւնը ու ապա եպիսկոպոսական առաքելութիւնը ինքզինք դնելով ի Եկեղեցւոյ եւ Աւետարանին ծառայութեան ի սպաս, մնալով հաւատացեալներուն մօտ, ապրելով անոնց հոգերն ու ուրախութիւնները։Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

1969 թուականի դեկտեմբերի 13-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քահանայ կը ձեռնադրուէր ձեռամբ Ռամոն Խօսէ Քասթելլանօ Արքեպիսկոպոսին ու կը սկսէր ողորմութեան լոյսին տակ իր առաքելութիւնը ի ծառայութիւն Աւետարանին։

Անոր կոչումը ի յայտ եկած է երիտասարդ տարիքին հազիւ 17 տարեկան, խոստովանանքի մը ժամանակ։ 21 սեպտեմբեր 1953ին, Սուրբ Մատթէոսի ծիսական տօնին օրը, Յիսուսին կոչումով դարձի եկած մաքսաւորը։ Այդ ապաշխարութեան արարքի պահուն է որ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն կը փորձարկէ Աստուծոյ ողորմութիւնը։

«Խոստովանանքէն ետք, զգացի որ բան կը փոխուած էր իմ մէջս։ Ես միեւնոյն անձը չէի։ Լսեցի ձայն մը, կոչ մը. Ես համոզուած էի, որ պէտք է քահանայ դառնամ» պատմած է նոյնինքն Ֆրանչիսկոսը` 18 մայիս 2013ին, Պենտեկոստէի տօնի նախօրեակին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ աշխարհական շարժումներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։ Ան որպէս եպիսկոպոսական նշանաբան ընտրած էր «Miserando atque eligendo, ողորմած հայեացքով նայեցաւ անոր եւ ընտրեց զինք»։ Նշանաբան որ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն ընտրեց նաեւ որպէս Քահանայապետը։.

Ապագայի Քահանայապետը խորապէս ապրած է իր քահանայութիւնը ու ապա եպիսկոպոսական առաքելութիւնը ինքզինք դնելով ի Եկեղեցւոյ եւ Աւետարանին ծառայութեան ի սպաս, մնալով հաւատացեալներուն մօտ, ապրելով անոնց հոգերն ու ուրախութիւնները։

«Քահանան ողորմութեան ու կարեկցութեան մարդ է, մօտիկ իր ժողովուրդին ու բոլորին ծառայող» ըսած էր Ան 6 մարտ 2014 Հռոմի թեմի քահանաներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին։ «Բոլոր անոնք` որոնք վիրաւորուած են կեանքէն քահանային մէջ կարող են գտնել ուշադրութիւն եւ ունկնդրութիւն.»..շարունակած էր Ան հաստատելով` որ «ողորմութիւն կը նշանակէ խնամել վէրքերը» անսալ հաւատացեալներու կարիքներուն ու մասնաւորապէս այս մէկը ընել խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարելու ընթացքին «ընկալել, ունկնդրել, եւ հաղորդել որ Աստուած բարի է, Ան միշտ կը ներէ, Ան երբեք չի յոգնիր մեզ ներելէ (Մարեմեան աղօթք 14 փետրուար 2021)։

Սրբազան Պապը յաճախ ընդգծած է` որ աղօթքը կեանք է, ոչ թէ ծէս ու թէ Քահանան աղօթքին մէջ գտնելու է իր ուժը, սնունդը, Աստուծոյ խօսքը իւրացնելով։ «Քահանան Աստուծոյ մարդն է 24 ժամ 24 ժամի վրայ, ոչ միայն երբ ան կը զգենու ծիսական զգեստները»։

«Քահանան հովիւ մըն է` որ ունի իր հօտին հոտը, որ հրաժարած է ինքնահաստատումէն Աստուած ու մարդիկը կեանքի կեդրոն ընտրելու համար։ Քահանան մարդ մըն է, որ Աւետարանի լոյսին տակ Աստուծոյ բոյրը կը տարածէ իր շուրջ եւ վրդոված սրտերուն յոյս կը ներշնչէ» ըսած է տարբեր առիթներով Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով որ Քահանան պէտք է ըլլայ նաեւ զուարճախօս, որովհետեւ զուարճախօսութիւնը սրբութեան յատկանիշներէն մին է։

Քահանայապետը ի վերջոյ կը շեշտէ նաեւ երախտագէտ ըլլալու կարեւորութիւնը եւ Սուրբ Քիւրէ Տարսի մահուան 160րդ տարեդարձին առթիւ Քահանաներուն յղած իր նամակին մէջ Ան կը հաստատէ. «Միայն եթէ կարող ըլլանք շնորհակալ ըլլալ բոլոր այն սիրոյ, վեհանձնութեան, զօրակցութեան ու վստահութեան ժեստերուն համար այնպէս ինչպէս ներումի, համբերութեան եւ կարեկցութեան հանար, զոր մենք վայլեցինք թոյլ կու տանք, որ Հոգին սուրբ մեզի պարգեւէ այդ թարմութիւնը` որ կարող է վերանորոգել մեր կեանքը եւ մեր առաքելութիւնը միշտ վառ պահելով յոյսին բոցը։





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+