​Արամ Ա Կաթողիկոս կը գնահատէ Մետրոպոլիտ Տամասկինոսի նպաստը միջ-օրթոտոքս երկխօսութեան - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

07 Kasım 2021  

​Արամ Ա Կաթողիկոս կը գնահատէ Մետրոպոլիտ Տամասկինոսի նպաստը միջ-օրթոտոքս երկխօսութեան -

​Արամ Ա Կաթողիկոս կը գնահատէ Մետրոպոլիտ Տամասկինոսի նպաստը միջ-օրթոտոքս երկխօսութեան ​Արամ Ա Կաթողիկոս կը գնահատէ Մետրոպոլիտ Տամասկինոսի նպաստը միջ-օրթոտոքս երկխօսութեան

Մետրոպոլիտ Տամասկինոս երկար տարիներ Յոյն Ուղղափառ Կեդրոնին պատասխանատուն եղած է, ինչպէս նաեւ առաջնորդը՝ Զուիցերիոյ Յոյն Ուղղափառ համայնքին եւ յաճախակի այցելութիւններ տուած է Անթիլիասի Մայրավանք: Ան վախճանած է 10 տարիներ առաջ:Ուրբաթ, 5 Նոյեմբեր 2021-ին, Զուիցերիոյ Շամպէզի քաղաքին մէջ գտնուող Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ յիշատակի յատուկ հանդիսութիւն մը՝ նուիրուած Մետրոպոլիտ Տամասկինոսի: Հանդիսութեան սկիզբը կարդացուեցաւ Ֆրանսիս Պապին, Պարթոլոմէօ Տիեզերական Պատրիարքին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին (ընթերցուած փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեանի կողմէն), Զուիցերիոյ նախագահին եւ Յորդանանի Հասան Իշխանին պատգամները:

Նորին Սրբութիւնը մօտէն ճանչցած ըլլալով Մետրոպոլիտ Տամասկինոսը, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական ու յատկապէս միջ-ուղղափառ Աստուածաբանական երկխօսութեան անոր բերած նպաստին: 1980-ական թուականներուն, որպէս յիշեալ երկխօսութեան նախաձեռնողներէն մէկը, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց Մետրոպոլիտ Տամասկինոսի կատարած աշխատանքին կարեւորութիւնը, միաժամանակ կոչ ուղղեց, որ հակառակ գոյութիւն ունեցող ներքին տարակարծութիւններուն, անհրաժեշտ է, որ աւելի ամրապնդուի ուղղափառ եկեղեցիներու ներքին միասնականութիւնը՝ յատկապէս գործակցութեան ճամբով:

Յայտնենք, որ Մետրոպոլիտ Տամասկինոս երկար տարիներ Յոյն Ուղղափառ Կեդրոնին պատասխանատուն եղած է, ինչպէս նաեւ առաջնորդը՝ Զուիցերիոյ Յոյն Ուղղափառ համայնքին եւ յաճախակի այցելութիւններ տուած է Անթիլիասի Մայրավանք: Ան վախճանած է 10 տարիներ առաջ:








Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+