Հերթական Յիշեցում - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

20 Ekim 2021  

Հերթական Յիշեցում -

Հերթական Յիշեցում Հերթական Յիշեցում

Երէկ երեկոյեան, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու հիւրընկալեց Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճանը եւ հրեայ համայնքի նախագահ Իսհակ Իպրահիմզատեհը։ Այս տեսակցութեան կապակցութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ ամփոփ տեղեկութիւններ հաղորդեց Թորոս Ալճան։ Այսպէս, զրոյցի ընթացքին արդիւնաւէտ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած են Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու կեանքին շուրջ։ Մասնաւորապէս օրակարգի վրայ եկած է փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու երկար ժամանակէ ի վեր առկախեալ ընտրութիւններու հարցր։ Թորոս Ալճան եւ Իսհակ Իպրահիմզատեհ Սիւլէյման Սոյլուի նկատառման հերթական անգամ յանձնած են, որ այս վաղեմի խնդրին լուծումը որքան կենսական նշանակութիւն կը ներկայացնէ փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն տեսակէտէ։ Սա եղած է հերթական յիշեցում մը։ Քննարկման ընթացքին Թորոս Ալճան եւ Իսհակ Իպրահիմզատեհ վկայած են, որ ներքին գործոց նախարարը իսկապէս քաջատեղեակ է փոքրամասնական համայնքներու խնդիրներուն եւ աշխատանք կը տանի անոնց լուծման ուղղութեամբ, ինչ որ գոհունակութեան առիթ է։

Ալճան եւ Իպրահիմզատեհ զրոյցի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնած են նախարարին, որ, հակառակ իր ծանրաբեռնուած ծրագրին՝ ժամանակ յատկացուցած է՝ անկեղծ զրոյց մը եւ խորհրդակցութիւն մը ունենալու համար փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն շուրջ։

Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը մօտաւոր անցեալին նախաձեռնութիւնով մը հանդէս եկած էր առկախեալ ընտրութիւններու հարցի լուծման համար։ Առաջին հերթին ծրագրուած էր համայնքային հինգ հաստատութիւններու դրութեան ծիրին մէջ լուծում մը գտնել այդ հարցին։ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան այդ նախաձեռնութեան միացած էին Ղալաթիոյ, Գարակէօզեան Տան եւ Գալֆաեան Տան խնամակալութիւնները։ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը յարմար դատած էր անմասն մնալ այդ նախաձեռնութենէն։ Յիշեալ չորս խնամակալութիւնները նոյնիսկ թուական մը ճշդելով դիմում ներկայացուցած էին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան՝ ընտրութեան թոյլտուութիւն ապահովելու համար։ Աւելի վերջ, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հանդէս եկած էր զանազան կարգադրութիւններով, որոնք այդ դիմումը ի չիք դարձուցած էին։ Այդ բոլոր իրադարձութիւններուն ժամանակ, համայնքային որոշ շրջանակներ վերապահութիւն յայտնած էին եւ նոյնիսկ քննադատութիւններ օրակարգի վրայ բերած՝ թէ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը կրնայ պաշտօնական պատկան մարմիններուն մօտ անհնազանդութեան տպաւորութեան մը պատճառ դառնալ։ Որոշ ժամանակ անց, փրոֆ. Թորոս Ալճանի մասնակցութեամբ երէկ ներքին գործոց նախարարին հետ տեղի ունեցած հանդիպումը կու գայ շօշափելի ապացոյց մը դառնալ, թէ այդ վերապահութիւնները հարիւր տոկոսով արդարացուած չէին՝ հակառակ անոր, որ կատարուած դիմումին ընթացք չէ տրուած պաշտօնական մարմիններուն կողմէ։ Երէկուան տեսակցութիւնը, ըստ երեւոյթին, երկար ժամանակ վերջ պետական աւագանիէ յառաջատար դէմքի մը հետ փոքրամասնութիւններու առկախեալ ընտրութեան հարցին շուրջ կատարուած առաջին քննարկումն է։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան աղբիւրները պաշտօնական տեղեկութիւն մը չեն փոխանցած երէկուան հանդիպման շուրջ։ Այս առաւօտեան դրութեամբ մամուլին համար պաշտօնական հաղորդագրութիւն մըն ալ պատրաստուած չէր եւ տեղեկատուութիւնը սահմանափակուած է միայն փրոֆ. Թորոս Ալճանի կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած գրառումով։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+