«Հայ Մամուլի Օր» - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

16 Ekim 2021  

«Հայ Մամուլի Օր» -

«Հայ Մամուլի Օր» «Հայ Մամուլի Օր»

Մամուլը, իւրաքանչիւր ժողովուրդի կամ հասարակութեան համար, նկատուած է, իբրեւ անոր անբաժան մասնիկը: Եւ որքան հասարակութիւնը ազատ ըլլայ, այնքան ալ իր մամուլը ազատօրէն կրնայ «շնչել» ու մեծ դեր խաղալ ու ստանձնել անոր կեանքին մէջ:

Արդ՝ այս կարճ յառաջաբանէս ետք՝ քիչ մըն ալ պատմութիւն.-

1512-ին, Վենետիկի մէջ, Յակոբ Մեղապարտը, լոյս ընծայելով հայատառ գիրք՝ «Ուրբաթագիրք»ը, առաջին անգամ ըլլալով հայ մեր տպագրութեան հիմը կը դնէր: Իսկ շուրջ երեք դար ետք ու ճիշդ 1794 հոկտեմբեր 16-ին, հայ անուանի մտաւորական եւ ազգային գործիչ՝ Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան (գաղթած Իրանի Նոր Ջուղայէն) Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ կը հիմնադրէր իր սեփական տպարանը, իր իսկ յօրինած տառերով: Այս ձեւով ան կարողացաւ տպագրել կրօնական եւ ազգային գիծ ունեցող հատորներ, թիւով եօթը:

Ժամանակ մը ետք, Շմաւոնեան հրապարակեց, իր տեսակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով, հայ պարբերական մը՝ «Ազդարար» անունով: Խորքին մէջ, հայերէն առաջին պարբերական՝ «Ազդարար»ը, որ ամսական դրութեամբ լոյս սկսած էր տեսնել, շատերու համար ամսագիր նկատուած էր, իսկ ոմանց՝ լրագիր: Պէտք է շեշտել, որ «Ազդարար»ը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ հայ հասարակական քաղաքական մըտ-քի ձեւաւորման, գաղափարներու հասունացման եւ տարածման գործին մէջ:

Ու պատմութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ, որ ամսագիրը իր սկիզբին ունեցած էր միայն 28 բաժանորդ: Բայց հետաքրքրականը այն էր, թէ նաեւ ունեցած էր իր խմբագրական կազմը, այլ խօսքով յատուկ մարմին մը, բաղկացած՝ իր շուրջ համախմբուած երիտասարդներէ: Ըստ երեւոյթին, այս մարմնի անդամներն էին ընդհանրապէս տպարանի աշխատողները, որոնք տպագրութեան յանձնուելիք գրութիւնները կամ «յօդուածները», լուրերն ու յայտարարութիւնները, նախ կը կարդային եւ միասնաբար քննարկելէ եւ ապա փոփոխութիւններ կատարելէ ետք միայն կ՚ուղարկէին «շարուելու»:

«Ազդարար»ի մէջ «լոյս կը տեսնէին» կամ կը տպագրուէին բանաստեղծութիւններ, առակներ, զրոյցներ, պատմուածքներ, հրապարակախօսական յօդուածներ, լուրեր ու զանազան յայտարարութիւններ: Թերթի էջերուն մէջ նաեւ տեղ կը գրաւէին անգլերէն թերթերէն քաղուածքներ եւ թարգմանական նիւթեր եւ թղթակցութիւններ: Օրինակի համար՝ Անդրկովկասի քաղաքական անցքերը: Այդ օրերուն Մեհմէտ խանի արշաւանքները, բաւական տեղ գրաւած էին։

Նիւթերու լեզուն գրաբար էր, մերթ ընդ մերթ ալ ջուղայեցիներու ռամկախառն աշխարհաբառով, որովհետեւ ընթերցողներու մեծ մասը կը կազմէին Իրանի, Նոր Ջուղայէն Հնդկաստան գաղթած հայերը։

Շմաւոնեան լաւատեղեակ ըլլալով իր համաքաղաքացիներու հետաքրքրութիւնները, կը տպէր նաեւ Խաչատուր Ջուղայեցիի «Պատմութիւն Պարսից» բաւական մեծ պատմական ուսումնասիրութիւնը, որ պատմական ակնարկներու նկարագրական հաւաքածոյ մըն էր, համեմուած կրօնաբարոյախօսական դատողութիւններով եւ խոհերով:

Իր բազմաբնոյթ հրապարակումներով «Ազդարար»ը նաեւ անդրադարձած էր հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան, ազգային ինքնաճանաչողութեան եւ հայրենիքի ազատագրութեան հետ առընչուող խնդիրներու լուսաբանութեան, միշտ փորձելով ընթերցողներուն մէջ արթնցնել ազգային գիտակցութիւնը, միաժամանակ ամրապնդելով ազատատենչութեան եւ հայրենասիրութեան վսեմ ոգին: Շմաւոնեան նաեւ իր թերթին միջոցով հանրութիւնը ուսման եւ դաստիրակութեան կը մղէր, եւ այս ձեւով կը փորձէր օժանդակել հայ ժողովուրդի վերելքին, մտային զարգացման եւ քաղաքական ազատութեան:

Թէեւ «Ազդարար»ի նիւթերն ու յօդուածները բարձրորակ չէին, ինչպէս նաեւ ձեւաւորումը պարզ՝ սակայն պէտք է ըսել, որ ան ունէր բաւական թիւով ընթերցողներ։ Չմոռնանք նաեւ, որ այս հայ իրականութեան մէջ առաջինն էր եւ որ Ասիական այս երկրին մէջ եւ այդ օրերուն կղերականներու ստեղծած կամ որդեգրած սահմանափակումներուն տակ, կը հրատարակուէր օժանդակութեամբը հայ վաճառականներու: Շմաւոնեան միշտ փորձած էր վաճառական-կղերական այս երկու հատուածներու միջեւ իրերհասկացողութեան լեզու եւ միջոց գտնել: Սակայն, այնպէս կ՚երեւի թէ, պայքարը անհաւասար էր ու այսպէս սոյն լրագիրը վերջնականապէս փակուեցաւ, երբ դժբախտաբար Շմաւոնեան մեկուսացուեցաւ իր այս ասպարէզէն: Յիշենք, որ «Ազդարար»ը լոյս տեսած էր միայն 18 թիւ, իսկ վերջինը՝ 1796-ին։

Յարութիւն Քահանան պարզ կամ սոսկ հրատարակիչ մը չէր, այլեւ ազատագրական վսեմ գաղափարներու դրօշակիր մը, որուն շնորհիւ «Ազդարար»ը դարձաւ այն հաստատ հիմքը, որուն վրայ տարիներ ետք, ստեղծուեցան լրագրական զանազան գործեր: Այսպէս, յաջորդաբար լոյս աշխարհ եկան «Ազդարար»ի նման լրագիրներ: Յիշատակելի են.- հնդկահայ՝ «Շտեմարան» (1822), «Ազգասէր» (1845-1848), «Ազգասէր Արարատեան» (1848-1852), «Ուսումնասէր» (1849-1853, Սինկափուր), «Եղբայրասէր» (1862-1863) եւ այլ պարբերականները։ «Ազդարար»ի դերը մեծ էր, որովհետեւ դարեր ետք, Հնդկաստանէն շատ-շատ հեռու, լոյս տեսան Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ»ը (Թիֆլիզ), «Նոր Դար»ը (Թիֆլիզ), «Արեւելք»ը (Կ.Պոլիս), Յարութիւն Սվաճեանի «Մեղու»ն (Թիֆլիզ), Յակոբ Պարոնեանի «Թատրոն»ը, Արշակ Չօպանեանի «Անահիտ»ը (Կ.Պոլիս), «Ապագայ» (Փարիզ), «Պայքար» (Պոսթըն), «Ազգագրական Հանդէս» (առաջին հայ ազատագրական պարբերական, Շուշի, ապա Թիֆլիզ, 1895-1916), «Բազմավէպ» (Վենետիկ, Ս. Ղազար կղզի - կը հրատարակուի մինչեւ օրս) եւ Մ. Նալբանտեանի «Հիւսիսափայլ»ը (Սեն Փեթերսպուրկ):

***

Պէտք է ըսել, որ Հայաստանի մէջ շատ հին ժամանակներէն յատուկ պաշտամունքի հասնող յարգանքով, մարդիկ գիրին եւ գրականութեան կը մօտենային: Հայ ժողովուրդը միշտ եղած է ընթերցասէր, քաջալերած է գիրն ու գրողը: Ո՛չ մէկ կասկած: Աւելին՝ հայ մամուլը, միայն լուր տարածող միջոց չէ եղած, այլ նաեւ օրուան գլխաւոր դէպքերու, ազգային անցուդարձերու եւ վիճակներու, հայ ժողովուրդի մշակութային, ընկերային, քաղաքական համոզումներու տարածողն ու հրամցնողը դարձած է:

Հայ մամուլը, իր դարերու կեանքով ու գործով, իբրեւ ծառայասէր՝ մեր ազգին ճամբայ ցոյց տուած է: Տառապած է ու տակաւին կը տառապի անոր հետ, եւ հակառակ ներկայի իր ծանր դժուարութիւններուն, մեզ բոլորս ալ, ազգային ինքնութեան հետ կապած: Հայ մամուլը միշտ դէպի իր ժողովուրդը քալած եւ գացած է, իր ազգային խորքով եւ չափով: Մակերեսէն անդին եւ մեր ժողովուրդի անկնկալութիւններով բեռնաւոր: Չմոռնանք սակայն, որ մամուլը կ՚ապրի շնորհիւ զայն կեանքի կոչողներու նիւթաբարոյական նեցուկին:

Բայց չէ՞, որ մեր հայ մամուլին մէջ կը փնտռենք մեր ընդհանրական կեանքը, մեր ազգային պայքարին, գոյատեւման հարցերուն զանազան մեր պատկերները, անոր համար էական է, որ լիովին զօրավիգ կանգնինք ու նպաստենք անոր գոյատեւման աշխատանքներուն ու ճիգերուն: Որովհետեւ հայը, իր հայ մամուլով, հաղորդ մնալով հանդերձ, աշխարհին, հայրենիքին եւ սփիւռքին հետ, իր հայութիւնն է, որ կը փնտռէ:

Հայաստանի մէջ, Հոկտեմբեր 16-ը նուիրուած է հայ մամուլին: Այս առթիւ, կը շնորհաւորենք հայ մամուլի բոլոր գործընկերները եւ կը մաղթենք, որ մամուլը ըլլայ իսկապէս ազատ եւ թափանցիկ, իսկ լրագրողներն ալ իրենց գրիչը օգտագործեն՝ առաջնորդուելով միայն լրատուամիջոցի եւ երկրի ապագայի շահերէն: Լաւ յիշենք, ազատ մամուլն ու կարծիք յայտնելու ազատութիւնը ժողովրդավարական պետութեան հիմքերն են:

Ու պատիւ իրեն, մամուլին վերապահուած է այս դերը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+