​Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց այս օրերուն Երանելի հռչակուած ընտանիքի մայր մը եւ Քահանայ մը - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

10 Ekim 2021  

​Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց այս օրերուն Երանելի հռչակուած ընտանիքի մայր մը եւ Քահանայ մը -

​Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց այս օրերուն Երանելի հռչակուած ընտանիքի մայր մը եւ Քահանայ մը ​Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց այս օրերուն Երանելի հռչակուած ընտանիքի մայր մը եւ Քահանայ մը

Մարիա Լորէնցօ Լոնկօ` մեծ հաւատքով եւ աղօթքի խոր կեանքով կին մը, որ նուիրուեցաւ աղքատներու եւ տառատպեալներուն կարիքներու հոգածութեան։Հայր Ֆրանչեսքօ Մոթթոլա` օրինակելի վկան` գթութեան և հայեցողական կեանքով ապրուած Քանատահայութեան»Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակիր 10 հոկտեմբեր 2021ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղելով հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նշեց թէ ինք ուրախութիւն ունի յայտարարելու նոր Երանելիներու հռչակումը, ակնարկելով երէկ` Նափոլի քաղաքի մէջ Երանելի հռչակուած ԺԷ դարու ընտանիքի մայր եւ հարս` Մարիա Լորէնցօ Լոնկոյին, որ ըսաւ Սրբազան Պապը, այրի մնալով` Նափոլիի մէջ հիմնեց «անդարմաններու համար Հիւանդանոցը եւ «Քափուչին Քլարիսներուն» միաբանութիւնը։

«Մեծ հաւատքով եւ աղօթքի խոր կեանքով կին մը, որ նուիրուեցաւ աղքատներու եւ տառատպեալներուն կարիքները հոգալու համար» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա յիշեց կիրակի 10 հոկտեմբերին Իտալիոյ Քալապարիա նահանգի ծովեզերեան Թրոփէա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած երանացման արարողութիւնը, որուն առթիւ Երանելի հռչակուեցաւ Հայր Ֆրանչեսքօ Մոթթոլան` «Սուրբ Սրտին Օպլաթ» միաբանութեան հիմնադիրը, որ իր մահկանացուն կնքեց 1969 թուականին։

«Ան եղաւ Նախանձախնդիր հովիւ մը և Աւետարանի անխոնջ հաղորդողը, եղաւ նաեւ օրինակելի վկան` գթութեան և հայեցողական կեանքով ապրուած Քանատահայութեան» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը հրաւիրելով հաւատացեալները ծափահարութեամբ ընկալելու երկու երանելիներուն հռչակումին լուրը։

Ֆրանչիսկոս Պապը նշեց ապա, թէ այսօր կը յիշատակուի Մտային Առողջութեան Համաշխարհային օրը, յիշելով բոլոր անոնք` որոնք մտային հիւանդութենէ կը տառապին ու խնդրելով աղօթել անոնց համար ու անոնց ընտանիքներուն համար, որպէսզի միայնակ չի լքուին եւ ոչ ալ խտրականութեան զոհ դառնան, ընկալուին եւ օգնութիւններ ընդունին։








Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+