Ֆրանչիսկոս Պապի Հետ Տեսակցութիւն -
Ֆրանչիսկոս Պապի Հետ Տեսակցութիւն
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետն ու Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Հոկտեմբեր 2021, Չորեքշաբթի, ժամը 08.00-ին, Պօղոս Զ. անուան դահլիճի գրասենեակին մէջ, տեսակցութիւն ունեցան Ն.Ս.Տ. Ֆրանչիսկոս Ա. Քահանայապետի հետ։
Համաժողովի նախօրեակին տեղի ունեցած պաշտօնական այս հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեան, Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ եւ Պուլկարիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Քարոզչական Կեդրոնի Տնօրէն Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, Իտալահայոց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեանի, Վեհափառ Հայրապետի Գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Անանիա Աբղ. Ծատուրեան եւ Պատրիարք Հօր Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Տեսակցութիւնը առիթ դարձաւ որ Հայ Եկեղեցւոյ Հայրապետն եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետը ողջագուրուին եղբայրական սիրոյ մթնոլորտին մէջ։ Այս մէկը առիթ եղաւ, որ հոգեւոր պետեր վերադարմացնեն երկու եկեղեցիներու բարւօք յարաբերութիւնները եւ զրուցեն միջեկեղեցական նիւթերու շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը այս այցելութեան առիթով անդրադարձաւ յետ պատերազմեան շրջանին, Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար եւ այս առիթով Սրբազան Քահանայապետին շնորհակալութիւն յայտնեց։ Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում եւ խմբանկարի նկարահանում։
Յիշեցնենք, թէ՝ Վեհափառ Հայրապետի եւ Սրբազան Քահանայապետի Վատիկանի մէջ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 27 Սեպտեմբեր 2020-ին։
Սրբազան Քահանայապետը, Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորած Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան հետ հանդիպում ունենալէ յետոյ, յատուկ հանդիպում մը եւս ունեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ եւս։ Սոյն հանդիպումը եւս յատկանշական բնոյթ ստացաւ, որովհետեւ Պատրիարք Հայրը, որպէս Պատրիարք ընտրութենէ յետոյ առաջին անգամ կ՚այցելէր Վատիկան եւ Սրբազան Քահանայապետի հետ պաշտօնական հանդիպում կ՚ունենար։ Մեր Հոգեւոր Պետը, անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքին եւ եղբայրական սիրոյ արտայայտութեան համար։ Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ երկօրեայ համաժողովն ու աղօթքը օրհնալի ըլլայ եւ առիթ դառնայ խաղաղութեան։ Սրբազան Քահանայապետը եւս իր ուրախութիւնը յայտնեց Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Վատիկանի մէջ հիւրընկալելով եւ խնդրեց իր աղօթակցութիւնը ի Յիսուս Քրիստոս։ Այս առթիւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Մեր Հոգեւոր Պետին։
Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եւ Պատրիարք Հայրը, շարք մը տեսակցութիւններ ունեցան Վատիկանի մէջ։ Այս առթիւ, անոնք հանդիպումներ ունեցան Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Փիէթրո Փարոլինի, Վատիկանի Սուրբ Աթոռի Քրիստոնէից Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Գրասենեակի Նախագահ Կարտինալ Քուրթ Քոխի եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչ Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիին եւ Քենթըրպրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպիին հետ։
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com