«Երդիք»՝ Արեւմտահայերէն Նոր Մանկապատանեկան Առցանց Յայտագիր - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

03 Ekim 2021  

«Երդիք»՝ Արեւմտահայերէն Նոր Մանկապատանեկան Առցանց Յայտագիր -

«Երդիք»՝ Արեւմտահայերէն Նոր Մանկապատանեկան Առցանց Յայտագիր «Երդիք»՝ Արեւմտահայերէն Նոր Մանկապատանեկան Առցանց Յայտագիր

Արեւմտահայերէնով նոր, բարձրորակ ստեղծարար յայտագիր մը ճամբայ ելաւ երեխաներու համար։ Զուարթ, սրամիտ եւ մանկավարժական մօտեցումով յղացուած այս առցանց տեսերիզները կարելի է գտնել «Երդիք»ի կայքեջին վրայ (www.yertik.com) կամ ԵուԹիւպով (երդիք - YouTube)։

Երգերու, պատմութիւններու եւ խաղերու ընդմէջէն, խամաճիկներու, հանելուկներու եւ կարճ թատերախաղիկներու միջոցաւ, «Երդիք»ը զուարճալի եւ հանգիստ միջավայր մը կը ստեղծէ, ուր մինչեւ 12 տարեկան երեխաներ եւ պատանիներ կրնան զուարճանալ ու միեւնոյն ժամանակ՝ իրենց հաղորդակցական ունակութիւնները զարգացնել։ Նոր բառապաշար կ՚ամբարեն, արեւմտահայերէն կը սորվին կամ իրենց ունեցած գիտութիւնը կը բարելաւեն, եւ ամենէն կարեւորը՝ Սփիւռքի մէջ իրենց առօրեայ կեանքին մաս կազմող լեզուով նոր ու հետաքրքրական աշխարհ մը կը բացայայտեն։

«Երդիք»ը շաբաթական երկու տեսերիզներ կ’արտադրէ։ «Ակուլ Տուկուլ»ը երկուքէն վեց տարեկաններու համար է։ Նոյնիսկ հայախօս չեղող երեխաները կրնան դիտել եւ հետեւիլ յայտագրին։ Յատուկ կերպարներու պիտի ծանօթանան հոն, առիթ տալով որ իրենց լսողական, տեսողական ունակութիւնները զարգանան, ու ասոնց հետ՝ իրենց ստեղծարար կարողութիւնները եւ իրենց յիշողութիւնը։

«Ալնիս Բալնիս»ը եօթէն տասներկու տարեկաններու համար է։ Յայտագիրը կ’ընդգրկէ առօրեայէն քաղուած տարբեր նիւթեր, երեխաներուն եւ պատանիներուն առիթ տալով որ բարելաւեն հայերէնով հաղորդակցելու իրենց կարողութիւնը ու զարգացնեն իրենց վերլուծական ունակութիւնները։ Այս տեսերիզներուն միջոցաւ՝ նոր գաղափարներ կը ծագին, նոր բառամթերքով տարբեր նիւթեր կ՚արծարծուին։ Յայտագիրը երեխաները կը քաջալերէ որպէսզի իրենց հետաքրքրութիւնը խորացնեն եւ «ինչո՞ւ»ն ու «ինչպէ՞ս»ը հետապնդեն։

«Երդիք»ը նոր յայտագիր մըն է, հովանաւորուած՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէ։ Եօթը երիտասարդներ, Հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ գործադրուող լեզուական իւրացումի «Զարմանազան» ծրագիրէն ներշնչուած, յանձն առած են յայտագրին ստեղծարար բովանդակութեան պատրաստութիւնը։ «Երդիք»ի այդ խմբակին Page2of2 մասնակիցներն են՝ Սեւանա Չագրեան, Վահան Քերովբեան, Գայիանէ Կավրիլօֆ, Հրայր Գալեմքէրեան, Անոյշ Մխսեան, Վահագն Քէշիշեան եւ Ծաւի Պիլալեան։

Ծնողներ եւ դաստիարակներ կրնան հաւասարապէս գործածել «Երդիք»ին կայքէջը, ու այդ ձեւով արեւմտահայերէնը հնչեցնել իրենց երդիքներուն տակ։ Զուարճալի զբաղումներով, բոլորին տրամադրելի եւ մուտքը ազատ «Ակուլ Տուկուլ»ը եւ «Ալնիս Բալնիս»ը հաճելի միջավայր մը կը ստեղծեն բոլորին համար։




Bu haber gulbenkian kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (gulbenkian) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(gulbenkian). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+