​Հալէպ-Իրականութեան հետ դէմ-դիմաց - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

26 Ağustos 2021  

​Հալէպ-Իրականութեան հետ դէմ-դիմաց -

​Հալէպ-Իրականութեան հետ դէմ-դիմաց ​Հալէպ-Իրականութեան հետ դէմ-դիմաց

Ինչո՞ւ մարդիկ կը վախնան իրականութենէն:

Ջայլամութիւնը աւելի՞ լաւ է: Ջայլամութիւնը պիտի բարելաւէ՞ մեր կացութիւնը:

Ամէն անգամ որ Հալէպահայութեան վիճակը նկարագրող յօդուած մը գրեմ, լաւ, բարի, գնահատող խօսքերու կողքին կը լսեմ, ծանր, վիրաւորական խօսքեր.

-Ինչո՞ւ կը յուսահատեցնես մարդիկը:

Պատասխանս.- Մարդիկը ես չեմ յուսահատեցներ, մարդիկ արդէն անյոյս են:

-Գիտե՞ս, այս յօդուածդ կարդացող դրսեցիները այլեւս պիտի չուզեն Սուրիա օգնութիւն ղրկել. պիտի ըսեն, որ անօգուտ է Հալէպ դրամ ղրկել, արդէն բոլորը թող հեռանան այդ քաղաքէն եւ երկրէն:

Պիտի ըսեմ.- Այլ դժբախտացող գաղութները մոռցնել կու տան սուրիահայերուն ծանր պայմանները. ես կ’ուզեմ լուսարձակի տակ պահել մեր քաղաքը…

Դեռ կան ծայրայեղականներ, ամէն ինչի մէջ վատ մտադրութիւն տեսնող յարգելի մարդիկ, որոնք կասկածով կը վերաբերին գրածներուս եւ կ’ըսեն.

-Դուն որո՞ւ կը ծառայես, որո՞ւ ջրաղացին ջուր կը լեցնես…

Այսպիսիներուն պատասխան չունիմ տալիք եւ կարեւոր չեմ նկատեր լսել անոնց ըսածները:

Մէկ բան կ’ուրախացնէ զիս, ա՛յն, որ բոլորն ալ՝ գոհ եւ դժգոհ ընթերցողներս կ’ընդունին, որ գրածներս իրականութիւններ են, բացարձակ ճշմարտութիւններ:

Իրականութիւնը պէտք է ըսուի, բարձրաձայն պէտք է ըսուի, որպէսզի ախտը բուժելու մասին մտածուի:

Բարեբախտաբար Հալէպահայութեան հաւաքական կեանքը եռուն է, ի պատիւ մեր կազմակերպութիւններուն պէտք է արձանագրել, որ տագնապի այս բոլոր տարիներուն մենք պահպանեցինք մեր կրթական եւ մշակութային կեանքը, պահեցինք մեր մարզական խումբերը, կարգ մը դպրոցներ հայ ուսանողներէն կրթաթոշակ չգանձելու համար, ստիպուեցան այլ ազգի աշակերտներ ընդունիլ, քանի մը դպրոց միացան իրար եւ շարունակեցին կրթական մեր օճախներու դռները բաց պահել: Ամենավտանգաւոր օրերուն իսկ ներկայացումներ բեմ բարձրացուցինք, երաժշտական համերգներ կազմակերպեցինք, մեծ շուքով ամեակներ տօնեցինք, մեր բոլոր ձեռնարկները անվճար դարձուցինք, մեր ամենափոքր միջոցառումներուն ներկայ գտնուեցան մեր երեք համայնքապետերը, կուսակցապետերը, բոլոր միութիւններու ատենապետերը: Ծխատէր քահանաները առանց վարձատրութեան ակնկալիքի իրենց ծուխերուն տուները օրհնեցին … այդ ալ այդ օրերուն երբ սքեմով փողոց ելլելը ոմանց կողմէ վտանգաւոր կը նկատուէր…

Այս բոլորը քաջալերեցին ժողովուրդը, որուն մեր ղեկավարները հոս մնալ կը յորդորէին, կամ հեռանալու պարագային միայն մէկ հասցէ ունենալ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Այսօր ալ մեր հաւաքական կեանքը առողջ է, Հ.Բ.Ը.միութիւնն ու Հ.Ե.Ընկերակցութիւնը կը պատրաստուին գեղարուեստական ճոխ յայտագրով տօնել իրենց հիմնադրութեան 115 եւ 90 ամեակները, Համազգայինը Մշակութային նոր կեդրոնի մը բացումը պիտի կատարէ, որուն համար տրամադրուած է Զաւարեան դպրոցի հսկայ շէնքը: Ռամկավարները պիտի տօնեն իրենց 100 ամեակը, Վասպուրականը որ դիմացաւ տագնապի տարիներուն եւ իր շուրջ հաւաքուած պահեց բնիկ մարաշահայութեան ժառանգորդները, պիտի տօնէ իր հարիւրամեակը, Սփիւռքեան ամենակայուն թատերախումբերէն «Ադամեան»ը կոթողային յուշամատեանի մը հրատարակումով, ներկայացումով, ցուցահանդէսով եւ յատուկ տօնակատարութեամբ պիտի նշէ իր պաշտօնական անուանակոչութեան 60 ամեակը: Կը վստահեցնեմ, որ այս բոլորը պիտի իրագործուին մեծ յաջողութեամբ:

Ասիկա իրականութիւն է, իրականութիւն են նաեւ մեր գաղութի բացարձակ մեծամասնութեան տնտեսական շատ ծանր եւ անկէ յառաջացած հոգեկան տագնապալի վիճակները:

Յուսահատ են մարդիկ, անոնք չեն գիտեր թէ ի՞նչ պէտք է ընեն, մէկ բան կ’ուզեն.-Հեռանալ:

Ասիկա բոլորս չե՞նք գիտեր: -Գիտենք, շատ լաւ գիտենք:

Յայտարարենք կամ ո՛չ, հակառակը պնդենք, կամ ո՛չ: Ասիկա իրականութիւն է, այսօրուայ իրականութիւնը, որ առաջ եկած է անցեալի տագնապէն, ներկայի անտանելի կացութենէն եւ ապագայի անորոշութենէն:

Համայնքային, կուսակցական եւ միութենական մեր ղեկավարները իրաւունք չունին անտէր-անտիրական ձգել գաղութին զաւակները: Մեզ առաջնորդողներուն վիճակը նախանձելի չէ, անոնք պատմութեան առջեւ մեծ պատասխանատուութիւն կը կրեն: անոնք դէմ առ դէմ կանգնած են վճռական որոշում առնելու հարկադրանքին առջեւ.

Ա-Պէ՞տք է պահել գաղութը:

Բ.Եթէ՝ այո՛, ինչպէ՞ս, եթէ՝ ո՛չ, ի՞նչ ընել:

Ա. Գաղութը պահել-չպահելու մասին որոշում առնելու պարագային պէտք չէ մեկնիլ անոր ունեցած փառաւոր անցեալէն. Այո՛, ափսոսալի է 500 տարուայ մայր եկեղեցին լքել, ինչպէս ափսոսալի է, լքել մեր տասնեակ միւս եկեղեցիները, դպրոցները, կալուածները, անհատական գործատեղիներն ու տուները: Բայց եթէ այս ամէնը հակառակ մեր կեանքին պիտի կորչին, եթէ գաղութը ժամանակի ընթացքին այնքան պիտի նօսրանայ, որ ակամայ պիտի խառնուինք այլազգիներուն, եթէ, արդէն օրէ օր աւելցող, օտար ամուսնութիւնները պիտի ընդհանրանան եւ մեր պապերուն, հայրերուն ու մեր կառուցածը պիտի դադրի հայկական ըլլալէ, աւելի լսւ չէ՞ ծրագրուած ձեւով մենք վերջ դնենք այս ամէնուն եւ այսօրուընէ մտածենք մեր հաւաքական փրկութեան մասին: Այս պարագային պէտք է հոս ունեցած մեր հարստութիւնը օգտագործել զանգուածային ներգաղթ կազմակերպելու եւ գացողներուն տուն եւ գործ ապահովելու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ. վստահաբար այդ պարագային Հայաստանի պետութիւնն ալ իր սակաւ կարելիութիւններով քիչ թէ շատ պիտի օգնէ մեզ: Այս պարագային կարեւոր կէտ մըն ալ նկատի պէտք է առնենք, այն, որ Հայաստան ներգաղթելու պարագային պէտք է մտածենք Երեւանէն դուրս տեղաւորուելու մասին եւս:

Բ. Գաղութը պահպանել որոշելը պէտք է մեկնարկուի, այն մտահոգութենէն, թէ արդեօք պիտի կարենա՞նք երկար ատեն պահպանել գաղութը եւ երկրորդ, գաղութի գոյութիւնը էական դեր պիտի ունենա՞յ հայութեան համար, մեր գոյութիւնը կարեւո՞ր է Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական մարտավարութեան մէջ. եթէ այս հարցումներուն պատասխանները դրական են, ապա պէտք է նախ եւ առաջ մտածենք արժանապատիւ կեանք ապահովել գաղութի զաւակներուն համար, այսինքն աւելի խելամտօրէն գործածենք մեր նիւթական կարելիութիւնները: Տագնապի տարիներուն համայն աշխարհի մեր ազգակիցները օգնեցին մեզ, բայց երբ երկրորդ գաղութ մը դժբախտ վիճակի մը մէջ ինկաւ, հայութիւնը կանգնեցաւ դժուարութեան առջեւ, իսկ երբ մեր Հայրենիքը՝ Հայաստանով եւ Արցախով աւերիչ պատերազմ մղելու ստիպուեցաւ, մենք՝ ամբողջ հայութիւնը, մենք մեզ գտանք անելանելի վիճակի առջեւ, ընկճուեցանք, կքեցանք եւ կը շարունակենք նոյն ողբերգական վիճակին մէջ տառապիլ:

Հալէպահայ գաղութը՝ իմա սուրիահայութիւնը, պէտք է մտածէ ինքնաբաւ դառնալու մասին, ասոր միակ միջոցը ոչ թէ նպաստներ բաժնելն է, այլ շահաբեր գործ հայթայթելը բոլորին: Տասը տարուան բաշխուած նպաստը օգնեց որ մեր գոյութիւնը քաշքշենք, բայց նաեւ մեր աշխատասէր ժողովուրդին ծուլութիւն սորվեցուց: Վարժուեցանք ձեռքերնիս հոս- հոն մեկնել՝ օգնութեան խնդրանքով, վարժուեցանք դպրոցական կրթաթոշակ չվճարելու համար, խեղճանալ, վարժուեցանք լալ ու միշտ խնդրարկուի դերին մէջ մնալ: Ցաւոք, նոյնիսկ հնարաւորութիւն ունեցողները նոյն կերպ վարուեցան:

Հերի՛ք է, այսօր պէտք է օգնութիւն ստանան միայն խիստ կարիքաւորները, միայն անաշխուտանակները, միւսերը պէտք է ստանան միայն աշխատավարձերու անբաւարարուածութեան պարագային, ըստ կարիքի, միեւնոյն ատեն աստիճանաբար պէտք է ձեռնարկուի աւելի լաւ աշխատավարձերով ապահովելու մեր երիտասարդները: Այս հնարաւորութիւնը ունինք մենք, թէ՛ տեղի առումով, թէ՛ նիւթական միջոցներ ապահովելու առումով:

Թերեւս իմ առաջարկներս միամիտ են, մանկամիտ: Կրնայ ըլլալ: Իմ միտումս ելք մը գտնելու մղելն է: Մենք խելացի ղեկավարներ ունինք, անոնք պարտաւոր են իրենց պատասխանատուութեան տէր կանգնելու: Հաւանաբար անոնք ստիպուած ըլլան քայլեր առնել Ա. Եւ Բ. Պարագաներուն համար միաժամանակ: Մէկ բան աւելի քան յստակ է. Միմիայն նպաստներ բաժնելը աւելի շատ վնասակար է քան օգտակար ինչպէս որ իրականութիւնը չըսելը աւելի շատ վնասակար է քան օգտակար:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 25 Օգոստոս 2021





Bu haber civilnet kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (civilnet) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(civilnet). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+