​Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն Տարի Մը Ետք Արդարութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Անտե - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

06 Ağustos 2021  

​Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն Տարի Մը Ետք Արդարութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Անտե -

​Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն Տարի Մը Ետք Արդարութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Անտե ​Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն Տարի Մը Ետք Արդարութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Անտեսուած»

Այս խիստ բառերով իր ընդվզումը արտայայտեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Սիլիսիա Թի. Վի.»-ին, կիրակի, 1 օգոստոս 2021-ին Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու հոգիներուն համար կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք:

Կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Արդարութիւնը չի կրնար զոհը դառնալ քաղաքական նկատումներու ու անձնական հաշիւներու: Ինչ որ պատահեցաւ տարի մը առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, չի կրնար հեռու մնալ հաշուետուութենէ: Պատասխանատուները ժողովուրդին պէտք է հաշիւ տան` իրենց անպատասխանատու վերաբերումին համար: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը ո՛չ միայն պատճառ դարձաւ հսկայ քանդումներու ու բազմաթիւ զոհերու, այլ նաեւ յստակօրէն պարզեց կարգ մը պետական պատասխանատուներու անփոյթ ու անխիղճ վերաբերումը` իրենց վստահուած պաշտօններուն նկատմամբ: Ժողովուրդը հաշուետուութիւն ու արդարութիւն կը պահանջէ»:

Նշենք, որ այսօր` երեքշաբթի, 3 օգոստոս 2021-ին, լիբանանահայութիւնը հրապարակային հանդիսութեամբ պիտի նշէ պայթումին տարելիցը, նաեւ մասնակից պիտի դառնայ 4 օգոստոսին նաւահանգիստին մէջ տեղի ունենալիք հաւաքական աղօթքին:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+