Անգնահատելի Պաշար - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

31 Temmuz 2021  

Անգնահատելի Պաշար -

Անգնահատելի Պաշար Անգնահատելի Պաշար

Ժիլպէռ Պարութճեան, որ Թուրքիոյ մէջ սունկերու թիւ մէկ մասնագէտը կը համարուի, ներկայիս հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Makro Mantarlar»։ Սնկագէտ Ժիլպէռ Պարութճեան երկար տարիներէ ի վեր ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ Թուրքիոյ մէջ սունկերու տեսակներուն եւ զանազանութեան շուրջ եւ այս առումով կը մարմնաւորէ անգնահատելի պաշար մը։ Իր կողմէ տարուած աշխատանքը երկրի բնական զանազանութեան եւ ընդհանրապէս բնապահպանութեան շարժման տեսակէտէ կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Այս նոր գիրքը Ժիլպէռ Պարութճեանի կողմէ հեղինակուած երկրորդ գործն է։ «Ginko Bilim»ի կողմէ հրատարակուած է այս մէկը։ Գործնականին մէջ այս նոր գիրքը Ժիլպէռ Պարութճեանի առաջին գիրքին ընդլայնուած տարբերակն է։ Բայց եւ այնպէս, բովանդակութիւնը կատարելագործուած եւ այժմէականացուած է, նաեւ ճոխացուած ու զարգացած՝ նորանոր տեսանիւթերով։

Գատըգիւղի «Չիյա» ճաշարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ժիլպէռ Պարութճեանի այս նոր գիրքին շնորհանդէսը։ Հեղինակը բոլոր հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ կրթական հաստատութիւններուն հետ սերտ համագործակցութիւն կը ծաւալէ, նաեւ շատ լուրջ ներկայութիւն մը ունի ընկերային ցանցերու վրայ։ Այս ամբողջ գործունէութիւնը ան յառաջ կը տանի՝ միշտ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար իր մասնագիտացած նիւթին՝ սունկերու զանազանութեան եւ ի շարունակութիւն՝ բնապահպանութեան խնդիրներուն վրայ։ Երէկուան ծանօթացման հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ, որ Ժիլպէռ Պարութճեանի համակիրները, անոր կողմէ ծաւալուած գործունէութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցոյց տուող շրջանակները համախմբուին «Չիյա»ի երդիքին տակ։ Ան իր գիրքերը մակագրեց այցելուներուն համար, որոնց հետ ունեցաւ անմիջական զրոյց։ Հարկ է նշել, որ գիրքերու մակագրութեան ընթացքին ստեղծուած ջերմ մթնոլորտին մէջ այցելուներուն մեծամասնութիւնը Ժիլպէռ Պարութճեանէն պահանջեցին, որպէսզի նորանոր ուղեւորութիւններ, շրջագայութիւններ կազմակերպուին իր առաջնորդութեամբ եւ հետաքրքիրները օգտուին այդ բոլորէն։

Ժիլպէռ Պարութճեանի գիրքին նկատմամբ կը վերագրուի մեծ արժէք։ Ան սկզբնաղբիւր մը կը համարուի մասնագիտական տեսակէտէ եւ այս հանգամանքը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ գիրքին արժէքը։ Նոյնիսկ օգտագործուած գիրքերը բաւական բարձր գինով կը վաճառուին։

Ժիլպէռ Պարութճեանի այս նոր գիրքին համար զանազան շնորհանդէսներ նախատեսուած են Թուրքիոյ այն բոլոր քաղաքներուն մէջ, ուր ցարդ այցելութիւններ տրուած եւ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են հեղինակին կողմէ։






Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+