Վատիկանի Մէջ Սկիզբ Առաւ Լիբնանաի Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

02 Temmuz 2021  

Վատիկանի Մէջ Սկիզբ Առաւ Լիբնանաի Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումը -

Վատիկանի Մէջ Սկիզբ Առաւ Լիբնանաի Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումը Վատիկանի Մէջ Սկիզբ Առաւ Լիբնանաի Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումը

Այսօր՝ Հինգշաբթի, 1 Յուլիս 2021-ին, Վատիկանի Պապական ժողովասրահին մէջ ընթացք առաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովը, ներկայութեամբ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին։ Ժողովէն առաջ հաւաքական աղօթք տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ։

Ժողովի առաջին նիստին դասախօսութիւն տուաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը՝ «Ընկերային-քաղաքական Ներկայ Տագնապը Լիբանանէն Ներս Եւ Զայն Դիմագրաւելու Ազդու Միջոցները» նիւթին շուրջ։ Նորին Սրբութեան դասախօսութենէն ետք շուրջ երկու ժամ տեղի ունեցաւ լայն քննարկում։ Ներկաները դրական կերպով արձագանգեցին Վեհափառ Հայրապետին կատարած իրապաշտ վերլուծումներուն՝ հարցերը յստակացնալու եւ երկիրը ներկայ քաղաքական ու տնտեսական տագնապէն դուրս հանելու պարզած իր տեսակէտներուն գծով։

Երկրորդ նիստին դասախօսութիւն տուաւ մարոնիթ եկեղեցւոյ Րաաի Պատրիարքը՝ «Եկեղեցւոյ Մարդասիրական Ու Կրթական Դերը Լիբանանի ներկայ Կացութեան Լոյսին Տակ» նիւթին շուրջ։ Ներկաները բաժնեցին Պատրիարքին պարզած մտահոգութիւնները, սակայն որոշ վերապահութիւն յայտնեցին անոր առաջարկած չէզոքութեան եւ Լիբանանի համար միջազգային համագումարի մը կազմակերպման գաղափարին շուրջ։

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը յիշեալ երկու նիստերու ընթացքին յաճախակի կերպով խօսք առնելով կատարեց կարգ մը յստակացումներ՝ միշտ շեշտելով քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան կարեւորութիւնը եւ այս ծիրէն ներս հարցերը քննարկելու եւ լուծումներ որոնելու հրամայականը։

Կէսօրին, հոգեւոր պետերը եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները ճաշի հիւրը եղան Ֆրանչիսկոս Պապին։

Ժողովը շարունակուեցաւ յետմիջօրէին։





Bu haber kantsarar kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (kantsarar) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(kantsarar). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+