Եւրոպական Միութիւն – Միացեալ Նահանգներ Վեհաժողովը Կը Յայտարարէ. «Մենք Վճռական Ենք Հարաւային Կովկասի - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

17 Haziran 2021  

Եւրոպական Միութիւն – Միացեալ Նահանգներ Վեհաժողովը Կը Յայտարարէ. «Մենք Վճռական Ենք Հարաւային Կովկասի -

Եւրոպական Միութիւն – Միացեալ Նահանգներ Վեհաժողովը Կը Յայտարարէ. «Մենք Վճռական Ենք Հարաւային Կովկասի Եւրոպական Միութիւն – Միացեալ Նահանգներ Վեհաժողովը Կը Յայտարարէ. «Մենք Վճռական Ենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Երկարաժամկէտ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Հասնելու Հարցի?

Մենք վճռական աջակցած ենք Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերներու գերիշխանութեան, անկախութեան ու տարածքային ամբողջականութեան: Այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ վեհաժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակած է Սպիտակ տունը:

Միացեալ յայտարարութեան 28-րդ կէտին մէջ կը նշուի. «Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները մտադիր են Հարաւային Կովկասի մէջ աջակցիլ երկարաժամկէտ խաղաղութեան, կայունութեան հաստատման ջանքերուն»:

«Մենք վճռական աջակցած ենք Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերներու գերիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, եւ պիտի պաշտպանենք Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Մոլտովայի հանրապետութիւններու բարեփոխումներու ուղին: Մենք վճռական ենք նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան, կայունութեան հասնելու հարցին մէջ», նշուած է յայտարարութեան բնագիրին մէջ:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի. «Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները մարդու իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները ոտնահարելու համար հաստատակամ են Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն վարչակարգին պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցին մէջ»:








Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+