​Հայաստանի Տարածքին Նկատմամբ Ազրպէյճանական Ոտնձգութիւն` Գեղարքունիքի Շրջանին Մէջ. Մէկ Նահատակ` Հայաս - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

27 Mayıs 2021  

​Հայաստանի Տարածքին Նկատմամբ Ազրպէյճանական Ոտնձգութիւն` Գեղարքունիքի Շրջանին Մէջ. Մէկ Նահատակ` Հայաս -

​Հայաստանի Տարածքին Նկատմամբ Ազրպէյճանական Ոտնձգութիւն` Գեղարքունիքի Շրջանին Մէջ. Մէկ Նահատակ` Հայաս ​Հայաստանի Տարածքին Նկատմամբ Ազրպէյճանական Ոտնձգութիւն` Գեղարքունիքի Շրջանին Մէջ. Մէկ Նահատակ` Հայաստանի Զինեալ Ուժերէն

5 մայիս 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:20-ի շուրջ (Երեւանի ժամանակացոյցով), Ազրպէյճանի զինուած ուժերու խումբ մը զինուորներ, իրենց հրամանատարներուն կազմակերպութեամբ, ապօրինի կերպով հատեցին Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս համայնքի վարչական տարածքին մէջ գտնուող Վերին Շորժա բնակավայրի սահմանային հատուածի Հայաստանի պետական սահմանը եւ, ունենալով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու դիտաւորութիւն` բռնութեան կոչեր ուղղեցին նշեալ շրջանին մէջ պահպանութիւն իրականացնող Հայաստանի զինուած ուժերուն նկատմամբ` պահանջելով դիմադրութիւն ցոյց չտալ ու ազատել տարածքը:

Այդ դէպքին լոյսին տակ յառաջացած վիճաբանութեան ընթացքին, անոնք դիտմամբ կրակոցներ արձակեցին Հայաստանի զինուած ուժերուն ուղղութեամբ, այդ պատճառով ալ N զօրամասի պայմանագրային զինուոր, կրտսեր քսանապետ, 1989-ի ծնունդ Գ. Խուրշուդեան վիրաւորուեցաւ որովայնէն: Ան տեղափոխուեցաւ Գեղարքունիքի կայազօրային հիւանդանոցը, ուր մահացաւ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ հայ զինուորի նահատակութեան` նշելով, որ Ազրպէյճան կը փորձէ քողարկել Հայաստանի տարածքին մէջ ապօրինի զինուորական գործողութիւնները` շրջանառութեան մէջ դնելով կեղծ տեղեկատուութիւն:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ հայկական կողմը պատրաստ է ներգրաւելու միջազգային հետաքննութիւն` նշեալ մահաբեր դէպքին բոլոր հանգամանքները յստակացնելու նպատակով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ ՄԱԿ-ի անդամ պետութեան` Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ կատարուած բացայայտ ոտնձգութիւնը` զայն նկատելով միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու խախտում:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+