Փաշինեան Կը Պատրաստուի Յաւելեալ Զիջումներ Ենթադրող Փաստաթուղթ Ստորագրել Ազրպէյճանի Հետ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

21 Mayıs 2021  

Փաշինեան Կը Պատրաստուի Յաւելեալ Զիջումներ Ենթադրող Փաստաթուղթ Ստորագրել Ազրպէյճանի Հետ -

Փաշինեան Կը Պատրաստուի Յաւելեալ Զիջումներ Ենթադրող Փաստաթուղթ Ստորագրել Ազրպէյճանի Հետ Փաշինեան Կը Պատրաստուի Յաւելեալ Զիջումներ Ենթադրող Փաստաթուղթ Ստորագրել Ազրպէյճանի Հետ

Երէկ` հինգշաբթի, 20 մայիս 2021-ին, Հայաստանի կառավարութեան նիստին երկրի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ շրջանառութեան մէջ դրուած` Ազրպէյճանի հետ ստորագրուելիք փաստաթուղթի մը, որուն հիմամբ կարգ մը նախապայմաններով Հայաստանը Տաւուշի 6 շրջաններ պիտի յանձնէ Ազրպէյճանին:

Նիստի ընթացքին Փաշինեան ըսաւ, որ շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները ճիշդ են` հաստատելով, որ կայ համաձայնագիր մը, որ ինք պիտի ստորագրէ, որովհետեւ անիկա (ըստ Փաշինեանի) ամբողջովին կը համապատասխանէ Հայաստանի շահերուն:

Վարչապետի պաշտօնակատարը ներկայացուց նաեւ սահմանային վիճակը` զայն ներկայացնելով բաւական վատ եւ լարուած:

Կառավարութեան նոյն նիստին Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ մեծ թիւով ազրպէյճանցի զինուորականներ` մօտաւորապէս 500-600 հոգի, ներկայիս կը գտնուին Հայաստանի տարածքին մէջ, իսկ «մեր զինուած ուժերու գործողութիւններուն տրամաբանութիւնը հետեւեալն է` մարտավարական գործողութիւններով սահմանափակել ազրպէյճանցիներուն գործողութիւնները», ըսած է Փաշինեան:

Աւելի ուշ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ ներգրաւուած չէ ենթադրեալ փաստաթուղթին առնչուող գործընթացներուն մէջ: «Հանրապետութեան նախագահը ենթադրեալ փաստաթուղթին առնչուող գործընթացներուն եւ քննարկումներուն մէջ ներգրաւուած չէ եղած եւ չէ: Հետեւաբար, ան բացարձակապէս տեղեկացուած չէ այդ փաստաթուղթի, առաւել եւս անոր մանրամասնութիւններուն մասին», հաստատած է նախագահ Սարգսեան:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան համոզուած է, որ նման գործընթացները պէտք է ըլլան առաւելագոյնս հրապարակային եւ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն ներգրաւումով:

Իսկ ըստ «Արմլուր»-ի հրապարակած տեղեկութիւններուն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կը քննարկուի այն հարցը, որ եթէ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը ստորագրէ վերոնշեալ փաստաթուղթը, ապա նախարար Արա Այվազեանը, տեղակալներն ու մեծ թիւով աշխատակիցներ հրաժարականներ պիտի տան եւ հեռանան աշխատանքէն:

Երէկ երեկոյեան Հայաստանի Ազգային ժողովը գումարեց արտահերթ նիստ մը, որուն ընթացքին մերժեց հայ-ազրպէյճանական սահմանին վերաբերեալ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի յայտարարութիւնը: Ազգային ժողովի միայն 25 պատգամաւոր կողմ քուէարկեց հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատում եւ սահմանագծում իրականացնելու վերաբերեալ փաստաթուղթին մասին «Լուսաւոր Հայաստան»-ի յայտարարութեան:








Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+