Շօշափելի Հորիզոն - Հայերէն
27 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Վահագն / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

19 Mayıs 2021  

Շօշափելի Հորիզոն -

Շօշափելի Հորիզոն Շօշափելի Հորիզոն




Փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցին շուրջ այս շրջանին երկրի դատական իշխանութիւնները իրերայաջորդ կարեւոր վճիռներ կ՚արձակեն, ինչ որ ինքնաբերաբար լուծման հունի մը մէջ կը դնէ՝ աւելի քան տասն տարուայ վաղեմութեամբ այս խնդիրը։ Ինչպէս ծանօթ է, վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ջնջած էր՝ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութիւնը եւ ընտրութիւնները առկախած՝ մինչեւ նոր կանոնադրութեան պատրաստուիլը։ Երբ այդ գործընթացը բաւական յապաղած էր ու տակաւին ալ նոր կանոնադրութիւն մը արդէն չէ պատրաստուած՝ ընթացքին շրջաբերականի մը հրապարակումով միջանկեալ «լուծում» մը դարձուած էր՝ նշանակովի անդամներով փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու վարչական խորհուրդներու կազմերը համալրելու ուղղեալ տնօրինութիւնը։ Սա թէեւ բոլորովին խնդրայարոյց եւ նախընթացներու ներհակ կարգադրութիւն մըն էր, սակայն, ընթացքին զանազան հաստատութիւններ օգտուեցան այդ կարելիութենէն՝ ներառեալ թրքահայ զանազան եկեղեցիներու մատակարար մարմինները։

Այս բոլորէն վերջ Անգարայի մէջ բացուած դատի մը հիման վրայ արձակուած վճիռը լաւատեսութեան առիթ դարձած էր եւ շօշափելի հորիզոն մը բացած՝ ընտրական դրութեան վերականգնման առջեւ։ Յամենայնդէպս, այդ դատավճիռը Վերաքննիչ ատեանի մօտ վիճարկուած էր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ։ Այդ իրադարձութիւնը միանշանակ չէր ընկալուած փոքրամասնութիւններու հաստատութիւններու ղեկավարութիւններուն կողմէ։ Մէկ կողմէ կար լաւատես հակում մը, որով կարելի էր այլեւս ընտրութեան ձեռնարկելու համար դիմում ներկայացնել, իսկ միւս կողմէ կար յոռետես հակում մը, որով Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վիճարկման արդիւնքին սպասումը անհրաժեշտ էր։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ վերջին օրերուն դատական գործընթացէն ներս շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցած է։ Մեր համայնքի հեղինակաւոր իրաւաբաններէն Սեդրակ Տավութհան, որ ներգրաւուած է այս դատական պայքարին, երէկ մեզի տեղեկացուց, որ 28 ապրիլ 2021 թուականին կարեւոր վճիռ մը արձակուած է Անգարայի Շրջանային վարչական ատեանի 10-րդ վարչական դատերու բաժանմունքին կողմէ։ Համար 2021/1849 այս դատավճիռը կարեւոր ճանապարհ կը հարթէ համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան հարցի լուծման առջեւ՝ ի շարունակութիւն Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանի 31 դեկտեմբեր 2020 թուակիր վճռին։

Ըստ Սեդրակ Տավութհանի, այս դատավճիռը Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան բողոքարկման գործընթացին տեսակէտէ կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Արդարեւ, ընդհանուր տնօրէնութեան բողոքի պարագային երկու հիմնական պահանջ խնդրոյ առարկայ է։ Առաջին պահանջն է Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանին կողմէ նախապէս արձակուած վճռին բեկանումը, իսկ երկրորդ պահանջն է՝ ընթացքին անոր գործադրութեան կասեցումը։ Այժմ Վերաքննիչ ատեանը թէեւ կը շարունակէ բեկանման վերաբերեալ պահանջը քննարկել, սակայն ընթացքին նախկին դատավճիռով պայմանաւորուած գործադրութիւնը կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը չէ տեսած։ Ըստ այս նոր դատավճռին, նախկին դատավճռին բնոյթը անհրաժեշտութիւն չի ստեղծեր գործադրութիւնը կասեցնելու։

Այս իրադարձութիւնը թրքահայ կեանքէն ներս նոր իրավիճակի մը կրնայ ծնունդ տալ՝ համայնքային հաստատութիւններու առկախեալ ընտրութիւններու այլեւս ի վերջոյ իրականացման ճանապարհին։







Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+