Պայտընի Գրասենեակը Արձագանգելով Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Հայ Պատմաբաններու Նամակին` «Ուշադիր -
Պայտընի Գրասենեակը Արձագանգելով Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Հայ Պատմաբաններու Նամակին` «Ուշադիր Պիտի Ուսումնասիրենք Նամակը Եւ Պիտի Աշխատինք Ընթացք Տալ»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի գրասենեակը արձագանգած է Ցեղասպանութիւն եզրը գործածելու վերաբերեալ հայ պատմաբաններու նամակին: «Արմէնփրես»¬ի հաղորդումով` այս մասին յայտնած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան:
«Հայոց ցեղասպանութիւն. Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը երէկ եւ այսօր» խորագիրով կլոր¬սեղան քննարկման ժամանակ Աշոտ Մելքոնեան հրապարակած է ամերիկեան վարչակազմի նամակագրութեան բաժինէն ստացուած պատասխանի բովանդակութիւնը:
Նամակին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի եւ փոխնախագահ Հարիսի վարչակազմը, շնորհակալութիւն յայտնելով հայ պատմաբաններուն` կապ հաստատելու եւ տրամադրուած տեղեկատուութեան համար, գնահատած են իրենց հետ հաղորդակցելու իւրաքանչիւր կարելիութիւն:
«Մեր երկիրը կը բախի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, եւ ձեր նմանօրինակ նամակները կ՛օգնեն մեզի` աւելի յստակ եւ լաւ հասկնալու, թէ Պայտըն¬Հարիս վարչակազմը ինչպէ՛ս կրնայ օգտակար ըլլալ ձեզի: Մենք ուշադիր պիտի ուսումնասիրենք նամակը եւ պիտի աշխատինք ընթացք տալ», ինչպէս յայտնած է Մելքոնեան, նշուած է հայ պատմաբաններու նամակին Սպիտակ տան պատասխանին մէջ:
Հայ պատմաբաններու ընկերակցութիւնն ու գիտական հանրութիւնը` կարեւոր նկատելով այն, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ վճռորոշ է նախագահի դիրքորոշումը, նամակ ուղղած էին Պայտընին, որպէսզի 24 ապրիլին ընդառաջ` համապատասխան հետեւութիւններ կատարուին Ցեղասպանութիւն բառը գործածելու հարցին մէջ:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com