Գերմանիոյ Եւրոպայի Հարցերով Նախարարը Կարեւոր Նկատած Է Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Հովանիին Տակ Ա -
Գերմանիոյ Եւրոպայի Հարցերով Նախարարը Կարեւոր Նկատած Է Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Հովանիին Տակ Արցախի Տագնապի Քաղաքական Լուծումը
Գերմանիոյ դաշնակցային Հանրապետութեան Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Միխայէլ Ռոթ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է պատերազմական գերիներու եւ անհետ կորսուած անձերու հարցերով լիարժէք թափանցիկութեամբ համագործակցելու Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, ան այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ:
«Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է լիարժէք թափանցիկութեամբ համագործակցին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ` պատերազմական գերիներու եւ անհետ կորսուած անձերու հարցերով: Տեւական խաղաղութիւնը եւ հաշտեցումը կը պահանջեն տագնապի քաղաքական լուծում` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ», գրած է Ռոթ:
Գերմանիոյ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարարը նաեւ նշած է, որ Արցախի մէջ բախումները դադրած են, սակայն վէրքերը տակաւին բաց են:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com