Փաշինեանը, Զաւարզինը Եւ «Իսքանտեր»-ի Պատմութիւնը» - Հայերէն
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

10 Mart 2021  

Փաշինեանը, Զաւարզինը Եւ «Իսքանտեր»-ի Պատմութիւնը» -

Փաշինեանը, Զաւարզինը Եւ «Իսքանտեր»-ի Պատմութիւնը» Փաշինեանը, Զաւարզինը Եւ «Իսքանտեր»-ի Պատմութիւնը»

Փաշինեանի կողմէ նախորդ շաբաթներուն կատարուած յայտարարութիւնները աւելիով կը լայնցընեն այն փոսը, որուն մէջ պիտի իյնայ անձամբ ինք:

Ինչո՞ւ, որովհետեւ վերջին զարգացումները բոլոր իմաստներով ցոյց սկսած են տալ, որ Փաշինեան կամաց-կամաց պիտի մնայ առանձին, այն «շուարած» դրամագլուխին հետ, որ կը շարունակէ իր ետեւէն քալել:

Յստակ է նաեւ, թէ քաղաքական խմորումներու ընդհանուր կիզակէտին մէջ կայ շատ «կարծր» եւ տեղին մօտեցում, որ կը խօսի Փաշինեանը խաղէն դուրս նետելու եւ յառաջ ընթանալու հիմունքներուն մասին: Ի դէպ, այլ կերպ վարուիլ անկարելի է, ոչ միայն անոր համար, որ Հայաստանը քատրային առումով ներուժի լուրջ խնդիր ունի, այլ նաեւ այն պատճառով, որ Փաշինեան երբեք չկարողացաւ «քաղաքական թիմ» մօտեցումով վարել իր գործերը:

Շատ առիթներով լսած եմ վրդովմունքի նմանող արտայայտութիւններ, որոնք հարցադրական մօտեցումներով կը քննադատեն Փաշինեանը` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ ան այս կամ այն գործիչը, որ երեւութապէս շատ մօտ է իր տեսակէտներուն, չներգրաւեց իր քաղաքական խումբին մէջ: Այդ հարցումին պատասխանը աւելի քան յայտնի է, որովհետեւ Փաշինեան չի հաւատար «քաղաքական խումբ» սկզբունքին:

Այս մօտեցումը ամրագրելէ ետք ուրեմն, աւելի քան պարզ է, որ Փաշինեան իր պաշտօնէն հեռացնելու գործընթացը, ոչ միայն ճանապարհ կը բանայ, որպէսզի կայանալիք իշխանափոխութիւնը ըլլայ առաւելագոյնս անցնցում, այլ նաեւ կը հիմնաւորէ այն վարկածը, որ Փաշինեան «առանձին» մարդ մըն է եւ առանձինն ալ պէտք է հեռանայ: Սա անշուշտ չի նշանակեր, որ իր շուրջ եղող գործիչները (որոնց մասին ամէն մակարդակի գէշ կարծիք տարածուեցաւ` իրենց իսկ որդեգրած անպատասխանատու կեցուածքին պատճառով) գործիչները մեծ պատիւներու պիտի արժանանան, այլ կը նշանակէ, որ այդ մարդիկ շատ մօտիկ ապագային ընելիք մը պիտի չունենան Հայաստանի քաղաքական կեանքի ընդհանուր դրուածքներուն մէջ:

Հեռուէն եկայ քիչ մը, պարզապէս մտնելու այն կարեւոր վարկածին մէջ, որ ինչո՛ւ եւ ի՛նչ պատճառներով Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը` իր պետին, զօր. Օննիկ Գասպարեանի գլխաւորութեամբ, ապստամբութեան դրօշակ պարզեց Փաշինեանի դէմ: Ճիշդ է, որ այդ զօրավարները «շատ բարի» ոճով մտան խաղին մէջ ու անոնց կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը բազում առումներով Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ կողմէ չարաշահուեցաւ, բայց եւ այնպէս այդ յայտարարութիւնը կը բանար համազգային ապստամբութեան կարեւոր էջը Հայաստանի այս փուլի զարգացումներու ընդհանուր ֆոնին:

Ի վերջոյ, ի՞նչ ընէին այդ զօրավարները մէկու մը, որ ոչ միայն պարտութեան տարաւ Հայաստանն ու Արցախը, այլ նաեւ շատ ծանր հարուածներ տուաւ ու դեռ ալ պիտի շարունակէ տալ հայ-ռուսական պատմական յարաբերութիւններուն:

Այստեղ կարեւոր է նաեւ ամրագրել մէկ կարեւոր կէտ, որ կրնան շատեր վարկածի տեղ դնել կամ համարել նոյնիսկ «դաւադրական տեսութիւն», բայց, լրագրողական կանոններուն հետեւելով, այսօրուան զարգացումներուն առընթեր մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն բոլոր մակարդակի մանրամասնութիւնները, այլ ուր մնաց ռուսական զէնքին մասին սուտ վերագրումները եւ անճիշդ ու անտեղի դիտարկումները:

Խօսքը անշուշտ «Իսքանտեր» տիպի գերուժեղ հրթիռային համակարգին մասին է, որ Փաշինեանի կողմէ հրապարակ կը հանուէր, իբր թէ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն պատասխանելով, սակայն աւելիով խանգարելով ամէն ինչ: Տհասութեան հետեւա՞նք էր եղածն արդեօք, կա՞մ` հերթական ձախորդութիւն, որ նաեւ դուրս կու գար թեմայի ընդհանուր պարունակէն եւ կը հարուածէր արդէն իսկ ոչ այնքան բարենպաստ պայմաններու տակ եղող հայ-ռուսական ռազմավարական կապերը:

Այստեղ հարկ է հարց տալ.

1.- Ի՞նչ պատճառով էր, որ Փաշինեան, մանաւանդ այս ժամանակներուն, կը խօսէր ռուսական զէնքի անարդիւնաւէտութեան մասին:

2.- Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր ան` շատ լաւ գիտնալով, որ Ռուսիոյ զինարդիւնաբերութեան մասին կը խօսին, կրնան խօսիլ ու պիտի խօսին բացառապէս այդ երկրի թշնամի երկիրները:

3.- Ռուսական զէնքի հին-նոր թեմայի հրապարակայնացումը, ի վերջոյ, ինչի՞ պիտի ծառայէր:

4.- Եւ ի վերջոյ գիտէ՞ր արդեօք Փաշինեան, որ Մոսկուայի կողմէ հնչող հակադարձութիւնները պիտի ըլլան շատ հատու ու կայծակնային:

Եթէ այս բոլորը գիտէր (կը կասկածիմ, ապա շատ վատ է, իսկ եթէ չէր գիտեր, ապա ուրեմն վիճակը (իր վիճակը անշուշտ) շատ աւելի վատ է:

Վերադառնալով Ռուսիոյ մասին խօսելուն, ապա այս առումով հաշուի պէտք է առնել, որ փութինեան Ռուսիոյ համար ամենակարեւոր ոլորտներէն մին ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտն է, որուն շնորհիւ ալ ան կը շարունակէ համարուիլ ոչ միայն զէնք արտադրող երկիր, այլ նաեւ այդ զէնքով հպարտացող եւ հարցեր լուծող երկիր:

Այս խօսքի մեծագոյն ապացոյցը, այսինքն ռուսական զէնքի գերակայութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը, մենք մեր աչքերով տեսանք Սուրիոյ մէջ, երբ շնչասպառ դարձած Սուրիոյ բանակն ու այդ երկրի իշխանութիւնները (գլխաւորութեամբ նախագահ Պաշշար Ասատին) հասած էին անդունդի եզրին ու մէկ անգամէն անոնք կարողացան ոտքի ելլել ու կռուիլ, ոչ միայն «ներքին ընդդիմութիւն» համարուող հրոսակներուն, այլ նաեւ արեւմտեան ամէնէն արդիական զէնքերն ունեցող «Իսլամական պետութեան» դէմ:

Ու այս հաշուարկը եթէ ճիշդ տեղ հասաւ եւ առիթ տուաւ, որ ռուսական զէնքի շուկան արագօրէն աճի (ատոր մասին մատնացոյց կ՛ընեն օրինակի համար միայն Ափրիկեան ցամաքին վաճառուած ռուսական զէնքերու ընդհանուր հանրագումարն ու քանակը), ապա Փաշինեանի կողմէ «Իսքանետեր»-ի մասին թոյլ տուած մեղմ ասած «թիւրիմացութիւն»-ը ոչ միայն տհաճ էր Մոսկուային համար, այլ նաեւ նոյնիսկ վիրաւորական` այն պարագային, երբ Ռուսիա Հայաստանին վաճառած իր զէնքերուն դիմաց շատ աւելի նուազ գումարներ կը ստանայ (մեկնելով պատմական բարեկամութեան ընկալումներէն), քան ինչ որ կը ստանայ Սուրիայէն, Ալճիրիայէն, Պելոռուսիայէն, Չինաստանէն, Հնդկաստանէն կամ նոյնիսկ Եգիպտոսէն:

Ամէն պարագայի, ռուսական կողմի արձագանգը չէր ուշանար եւ Մոսկուայէն կը հնչէին տարաբնոյթ տեսակի խօսքեր, որոնք բոլորն ալ, մեղմ ասած, զերոյի կը հաւասարեցնէին Փաշինեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները:

«Փաշինեանի Խօսքը Բացարձակ Սուտ Է». Վիքթոր Զաւարզին

Ի դէպ, այս առումով ամէնէն ուշագրաւ խօսքը կը հնչէր Ռուսիոյ Տումայի պաշտպանութեան հարցերով կոմիտէի փոխնախագահ Վիքթոր Զաւարզինին կողմէ:

Ան կը նշէր, որ այդպիսով Փաշինեան որոշած է ընդգծել իր անմեղութիւնը` կապուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջին զարգացումներուն:

Զաւարզին կ՛ըսէր` «Երբ մարդ կ՛ուզէ անմեղ ըլլալ, ան մեղաւոր կը հանէ ե՛ւ «Իսքանտերներ»-ը, ե՛ւ հայ ժողովուրդը, ե՛ւ զինուորականները: Ի վերջոյ «Իսքանտեր»-ը բարձր ճշգրտութեան զէնք է: Փաշինեանի խօսքերը բացարձակ սուտ են եւ նոյնիսկ կասկածի ենթակայ չեն: Պատահական չէ, որ Արեւմուտքը յաճախ կը խօսի այդ փոքր հեռահարութեան հրթիռները բանակցային գործընթաց բերելու մասին: Այդ հրթիռները օգտագործուած են Սուրիոյ մէջ եւ եղած են արդիւնաւէտ եւ ճշգրիտ: Ես, մեղմ ասած, համաձայն չեմ Փաշինեանի այդ կարծիքին»:

Բանակին Տրուած «Կանաչ Լոյս»-ը

Այս բոլորէն անդին, այստեղ մեր միտքերուն մէջ կը ծագի հարց, որ արդեօք «Իսքանտեր»-ի մասին Փաշինեանի կողմէ կատարուած անյաջող խօսքերէն ետք, ու հայոց բանակին կողմէ Փաշինեանի որոշումներուն չենթարկուելու մասին եղած յայտարարութիւնը, ինչ որ կերպ իրարու հետ կապ ունի՞ն:

Վաղ է անշուշտ վերջնական վերլուծումներու յանգիլ, սակայն աւելի քան յստակ է, որ Հայաստանի մէջ արդէն իսկ ստեղծուած է բաւական նոր դրութիւն մը, որուն հիմնական խորագիրը կազմելով, մենք կրնանք հասնիլ այն եզրակացութեան, որ վաղը չէ միւս օրը Փաշինեան առանձինն պիտի մնայ իր հայելիին ու իր աթոռին դիմաց, եւ շատ հաւանական է, որ այդ «առանձնութենէն» խուսափելու համար ան դիմէ իր հին-նոր «զէնք»-ին, որ կը կոչուի` ներքին, քաղաքացիական բախումներ:






Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+