​Նախագահ Արմէն Սարգսեան Վերադարձուցած Է Օնիկ Գասպարեանը Գլխաւոր Շտաբի Պետի Պաշտօնէն Ազատ Կացուցելու - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

01 Mart 2021  

​Նախագահ Արմէն Սարգսեան Վերադարձուցած Է Օնիկ Գասպարեանը Գլխաւոր Շտաբի Պետի Պաշտօնէն Ազատ Կացուցելու -

​Նախագահ Արմէն Սարգսեան Վերադարձուցած Է Օնիկ Գասպարեանը Գլխաւոր Շտաբի Պետի Պաշտօնէն Ազատ Կացուցելու ​Նախագահ Արմէն Սարգսեան Վերադարձուցած Է Օնիկ Գասպարեանը Գլխաւոր Շտաբի Պետի Պաշտօնէն Ազատ Կացուցելու Հրամանագիրի Նախագիծը

Շաբաթ օր նախագահական նստավայրէն հրակապարկուած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատ կացուցելու վերաբերեալ առաջարկի առանց ստորագրութեան եւ նախագահի նկատողութիւններով վերադարձնելուն:

Մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.

«25 փետրուարի 2021-ին Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած էր Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատ կացուցելու վերաբերեալ առաջարկը` համապատասխան հրամանագիրի նախագիծով:

Առաջարկին առնչութեամբ հանրապետութեան նախագահը խորհրդատուութիւններ եւ հանդիպումներ ունեցած է իշխանութեան ներկայացուցիչներու, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու, զինուած ուժերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ:

Հրամանագիրի նախագիծը ուսումնասիրուած է հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին մէջ, ամենայն մանրամասնութեամբ քննարկուած է յառաջատար իրաւաբաններու եւ անկախ փորձագէտներու հետ:

Իրաւաբաններու եւ փորձագէտներու տեսակէտները ամփոփելով` կարելի է եզրակացնել, որ հրամանագիրի նախագիծը առերեւոյթ կը հակասէ Սահմանադրութեան:

Անգամ մը եւս կը շեշտենք, որ հանրապետութեան նախագահը չի պաշտպաներ որեւէ քաղաքական ուժ եւ որոշումները կը կայացնէ` առաջնորդուելով բացառապէս համապետական եւ համազգային շահերով:

Անվիճելի է, որ զինուած ուժերը քաղաքական հարցերուն մէջ պէտք է պահպանեն չէզոքութիւն:

Ակնյայտ է նաեւ, որ պատերազմով պայմանաւորուած` զինուած ուժերի անձնակազմը այսօր աւելի քան երբեւէ բոլորիս աջակցութեան եւ ուշադրութեան կարիքը ունի: Բանակի եւ անձնակազմի խնդիրներու լուծումը առաջնային է եւ չի կրնար որեւէ պարագայի անտեսուիլ:

Ստեղծուած իրավիճակը աննախադէպ է, կը պահանջէ համակարգային եւ համապարփակ լուծումներ եւ չի կրնար լուծուիլ անձնակազմային յաճախակի փոփոխութիւններով` առանց հաշուի առնելու երկրին մէջ առկայ վիճակը:

Կը յիշեցնենք, որ հրամանագիրի նախագիծը հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած է զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի եւ գլխաւոր շտաբի աւելի քան չորս տասնեակ բարձրաստիճան զինուորական պաշտօնեաներու յայտարարութենէն ետք, ռազմական դրութեան իրավիճակին մէջ, քաղաքական ճգնաժամի եւ անվտանգային լուրջ մարտահրաւէրներու առկայութեան պայմաններուն մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը, իր սահմանադրական լիազօրութիւններու շրջագիծին մէջ, առարկութիւններով վերադարձուցած է հրամանագիրի նախագիծը:

Հանրապետութեան նախագահը կը հետապնդէ մէկ նպատակ` երկիրը զերծ պահել սահմանադրական կարգին ու անվտանգութեան սպառնացող վտանգներէ, ապահովել երկրի կայունութիւնը եւ զինուած ուժերու բնականոն գործունէութիւնը»:

Նշենք, որ 27 փետրուարին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում մը կատարելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ նախագահ Սարգսեանին կրկին պիտի ուղարկէ գլխաւոր շտաբի պետ Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատ կացուցելու միջնորդութիւնը: Հայաստանի վարչապետը Դիմատետրի իր էջով, ուղիղ սփռումով յայտարարած է, որ 1 մարտին, ժամը 18:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) հրաւիրած է հանրահաւաքի` Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+