Ազրպէյճանի Կողմէ Գերեվարուած Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան Ազատ Պիտի Արձակուի - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

13 Şubat 2021  

Ազրպէյճանի Կողմէ Գերեվարուած Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան Ազատ Պիտի Արձակուի -

Ազրպէյճանի Կողմէ Գերեվարուած Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան Ազատ Պիտի Արձակուի Ազրպէյճանի Կողմէ Գերեվարուած Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան Ազատ Պիտի Արձակուի

Միջազգային կարմիր խաչին կողմէ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտնուած է, որ յառաջիկայ երկու օրերուն ազատ պիտի արձակուի ազրպէյճանական բանակին կողմէ գերեվարուած լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան: Անցնող շաբաթներուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի մօտէն հետապնդեց այս աշխատանքը` մնայուն կապի մէջ մնալով Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Շարպել Ուեհպէի հետ: Վերջինս պարտականութիւն տուած է դիւանագէտի մը եւ պահանջած Հայաստանի, Իրանի եւ Մոսկուայի մէջ Լիբանանի դեսպաններէն, որ այս ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանք ծաւալեն: Ասոր զուգահեռ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիմած է նաեւ Միջազգային կարմիր խաչին, ինչպէս նաեւ բողոք եւ ազատման պահանջ ներկայացուցած է Ազրպէյճանի դեսպանատան: Ազրպէյճանի դեսպանատունը, սակայն, չէ պատասխանած արտաքին գործոց նախարարութեան դիմումին եւ բողոքին: Վերջաւորութեան, լիբանանեան կողմի պահանջով եւ Միջազգային կարմիր խաչի միջամտութեամբ Մարալ Նաճարեանի ազատ արձակման որոշումը տրուած է: Այս ուղղութեամբ լիբանանեան կողմը պատրաստած է նաեւ իրաւական յատուկ թղթածրար, ուր հաստատուած է, որ Նաճարեան լիբանանցի է, եւ Լիբանան կ’արտօնէ երկքաղաքացիութիւնը: Այս փուլին նաեւ մնայուն կապ պահուած է ենթակային հարազատներուն հետ, եւ անոնք իրազեկ դարձած են աշխատանքի բոլոր փուլերուն:

Այսօրուան դրութեամբ որոշումը եւ խոստումը առկայ են, եւ կ’ակնկալուի, որ ան ազատ արձակուի եւ ուղղակիօրէն փոխադրուի Լիբանան:








Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+