Իմ Պէյրութը -
Իմ Պէյրութը
Ինչպէ՞ս գտնել կորսուող Պէյրութի հետքերը, երբ ինչ որ ծանօթ ու հարազատ է քեզի, մտքիդ մէջ ներկայ է միշտ, զայն բաղդատել այլ ժամանակներու հետ, երբ քաղաքը քու դիմացդ կը քանդուէր ու կը կառուցուէր, աւելի ուշ, երբ կ՛այցելէիր այնտեղ, կը փորձէիր հասկնալ, թէ ի՛նչ կորսուած էր, թէ ի՛նչ էր փոխուեր, մանաւանդ որ շատ մը վայրեր սերտօրէն առնչուած էին կեանքիդ առաջին տասնամեակներուն, կազմաւորմա՛նդ հետ:
Զարմանալիօրէն, թէ՛ այդ քաղաքը հաստատուիլդ եւ թէ՛ հոնկէ հեռացումդ առնչուած է քաղաքացիական պատերազմի հետ: 1957-ին, Սուրիայէն գալով,ընտանեօք նոր հաստատուած էինք Էշրեֆիէի շրջանը, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ, դպրոցին ու Ազատամարտ ակումբին մօտ գտնուող յարկաբաժինի մը մէջ, երբ շատ չանցած պայթեցաւ քաղաքացիական պատերազմը: Իսկ երեսուն տարի ետք, երբ հեռացար հոնկէ, աւելի քան երկվեցեակ մը տարիներէ սկսեալ, պատերազմը դարձեալ բռնկած էր ու կը շարունակուէր:
Այո՛, կը փնտռեմ իմ Պէյրութիս սահմանները, որ մեկնելով մայրաքաղաքի կեդրոնէն` միշտ նոր օղակներ կը գծէ, քայլերս կը տանի Էշրեֆիէէն Համրա, կը հասնի աւելի անդին, մինչեւ Պուրճ Համուտ եւ Նաքքաշ, ծովափներ ու բարձունքներ … նոյնիսկ եթէ անոնք այլ շրջաններ նկատուին: Կը ձուլէ ժամանակները. կեանքի տարբեր ժամանակաշրջաններ կը խառնուին իրարու, իսկ անցեալը յաճախ կը դառնայ ներկայ եւ իր շուքը կը ձգէ մտածումներուս եւ առնելիք քայլերուս վրայ:
Մանկութեանդ օրերէն չես մոռնար կիրակիները, երբ հայրդ Ռիվոլի շարժապատկերի սրահը Քուայ գետի վրայ կամուրջը դիտելու պիտի տանէր քեզ կամ սուրճ մը առնէր ծովափի մէկ փոքրիկ սրճարանը` քեզի համար ալ զովացուցիչ մը ապսպրելով, թերթ կարդալով կամ հետդ զրուցելով: Նոյնիսկ երբեմն Ազատամարտ կեդրոնին մէջ կատարուող «Քնար» երգի ու պարի խումբի փորձերուն պիտի ընկերանայիր իրեն, որուն վարչական պատասխանատուն էր. չեմ գիտեր, թերեւս թուաքանակով մեծցող ընտանիքին վրայ մօրս բեռը թեթեւցնելու համար կը տանէր զիս:
Աւելի ուշ ուղղակի քաղաքի պորտին պիտի գտնուէի: Լիբանանի մէջ սովորութիւն էր ամրան եռամսեայ արձակուրդին տղաքը «գործի» ղրկել: Հայրս ալ ամէն ամառ քանի մը շաբաթ աշխատանքի կը դնէր զիս իր ծանօթներէն մէկուն քով այն տրամաբանութեամբ, որ ամէն գործէ գաղափար ունենամ: Տասներկու տարեկանիս վաճառող պիտի աշխատէի հօրեղբօրս աներոջ արծաթեղէնի խանութը, որ ոսկերիչներու շուկային մէջ կը գտնուէր: Օտար զբօսաշրջիկներ կը վխտային Լիբանանի մէջ եւ ես, իմ անգլերէնովս, բաւական վստահելի կամ համակրելի կը նկատուէի անոնց համար. կը նախընտրէին գնումը ինձմէ կատարել` հաւանաբար խորհելով, որ այս փոքր տղան չի խաբեր… մինչդեռ ես կ՛առաջարկէի այն գինը, որ ինծի կը թելադրուէր: Այս պատճառ դարձաւ, որ երկու-երեք շաբթուան աշխատանքս քանի մը շաբաթ եւս երկարի գործատիրոջ`ամմօ Գրիգորին խնդրանքով: Հոն է, որ ինձմէ երկու տարի մեծ իր կրտսեր տղուն` Նազոյին հետ սկսանք հետախուզել շրջակայքը: Քիչ մը անդին կը գտնուէին ծաղիկներու ու ձուկերու շուկաները, խանութներ կային ուրկէ զօրաւոր համեմներու բուրմունքը կը տարածուէր: Թաղերու ծայրը սուտանցի նիհար վաճառորդներ օրաթերթի թղթիկներու մէջ փաթթուած պիստակ կը ծախէին, շագանակի եղանակին կառքերու վրայ եփած շագանակի հրաւէրն էր, կային սուսի, ճըլլեպի կամ թամր հընտիի փողոցի վաճառորդները, որոնք քեզմէ առաջ սառն հեղուկը խմուած, գործածուած զովացուցիչին գաւաթը արագօրէն ցօղուելէ ետք, զայն լեցնելով, քեզի կը հրամցնէին, սակայն նախընտրելին եղանակին համեմատ նարինջի կամ նուռի հիւթերն էին: Պուրճի հրապարակը միշտ շարժում կար` թերթի վաճառորդներէն մինչեւ այս կամ այդ ամարանոցը մէկը տանելու պատրաստ վարձակառքերու շարժավարները, որոնք պոռալով յաճախորդ կը փնտռէին: Անկախութեան արձանէն քիչ մը անդին «Քաֆէ Ազար»-ն էր, որուն դիմաց, իր երիտասարդութեան Փոլ Կիրակոսեանը անցորդներուն դիմանկարը կը գծէր մէկ ոսկիի…: Այնտեղ, արաբերէնէն ետք, ամենաշատ գործածուող լեզուն հայերէնն էր: Զարմանալի կերպարներ հոն կը յայտնուէին, օրինակ` երբ նախաճաշի համար ծոթրինահաց` մենէիշ ուտելու կը մտնէինք, յաճախ կարմրաթուշ, գլխուն` ֆէս, վաթսուննոց մարդ մը կ՛ըլլար, երկար ու գծաւոր զուպուն հագած, որուն մենէիշին մէջ, կանաչութենէ ու ձիթապտուղէ զատ, սխտորով ու համեմներով եփած փայծաղ աւելցնել կու տար…
Վաթսունականներու սկզբնաւորութեան նախորդ տասնամեակներու կացութեան հետքերը կը մնային: Տարին քանի մը անգամ ընտանեօք Քարանթինա կ՛երթայինք մեր մէկ հարազատին այցելութեան, որոնց մեծ բակին մէջ շոգեկառքի երկու վակոններ կային, որոնց մէջ հայ ընտանիք մը կ՛ապրէր: Երբեմն ալ մօրենական մեծ մօրս կ՛այցելէինք, որ Պաղեստինէն փախուստ տալէ ետք, իր նիւթական բարւոք վիճակէն դժուար կացութեան մատնուած էր եւ ընտանիքով Պարրատին, այսինքն Սառնարան պահեստանոցին դիմացի քեմփը կը բնակէր, տախտակաշէն եւ թիթեղեայ տուփերու կտրտուած բաժիններով, իրարու փակած տուներու մէջ տեղ մը ապահովելով: Իմ եւ եղբօրս համար թէ՛ տարօրինակ եւ թէ՛ հետաքրքրական էին այդ հիւղաւանի բնակարանները, ուր սառնարանի փոխարէն` տուփ մը կ՛ըլլար հիւղակի մուտքին, որուն մէջ մեծ սառի կտոր մը սառի վաճառորդէն գնուելով` կը զետեղուէր ամէն առտու ու ճաշը հոն կը պահուէր, իսկ մեծ մայրս երեկոյեան խմորը կը բանար ու հաց կը պատրաստէր: Ամբողջ հիւղաւանը կարծես մէկ մեծ տուն էր` տարբեր բաժանմունքներով, ուր ամէն մարդ գիտէր, թէ ի՛նչ կ՛անցնի-կը դառնայ միւս բաժանմունքներուն մէջ… Լաւը այն էր, որ բնակիչները յաճախ տեղ կը գտնէին փոքր պատուհանին վրայ կամ անկիւն մը մեխակ կամ բուսական սպունգ ցանելու: Տասնամեակի աւարտին Քարանթինան գրեթէ պարպուած էր հայերէ եւ` պաղեստինցի գաղթականներով բնակուած, իսկ վերոյիշեալ հիւղաւանը այլեւս չկար:
Մենք ընտանիքով Էշրեֆիէէն անցած էինք Նոր Ամանոս` արտերով ծածկուած շրջան մը, որ քանի մը տարի ետք պիտի վերածուէր կղմինտրէ շէնքերու անտառի, սակայն հոնկէ դիւրին էր սկիզբը Կիլիկեան նախակրթարանը, ապա Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանը քալելով երթալ-գալ: Պէյրութը ինծի համար հանրակառքի գիծն էր, որ Տորայէն քաղաքակեդրոն կ՛երկարէր իր գունագեղ թաղերով: Սակայն ինծի ու քանի մը տարեկից պատանիներու համար շահեկանը Ուաթ-Ուաթ թաղի «Բագին» ամսագրի խմբագրատունն էր, ուր հօրս հետ պիտի այցելէի. այնտեղ ամիսը անգամ մը կը հաւաքուէին հանդէսին շուրջ խմբուած աւելի երէց ու երիտասարդ մտաւորականները` Կարօ Սասունիէն սկսեալ, մինչեւ Վահէ Օշական, Բաբգէն Փափազեան, Պօղոս Սնապեան, Գեղարդ, Մելքոն Էպլիղաթեան, Տիգրան Ոսկունի, Շաղիկ Փափազեան եւ ուրիշներ, որոնք քիչ մը զարմանքով ու գուրգուրանքով կը նայէին մեզի:
Սակայն շփումի ու ճանաչման ամենաբուռն եւ ամենագեղեցիկ շրջանը պիտի սկսէր եօթանասունականներու սկիզբը, համալսարանի տարիներուն, երբ Նաքքաշի բլուրներէն առաւօտ կանուխ հայրս զիս Անթիլիասի հրապարակը պիտի ձգէր, եղբայրներուս ու քոյրերուս մէկ մասը տանելով Մարտիկեան վարժարան, որ այդ օրերուն կը գտնուէր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շրջափակին մէջ: Հոնկէ վարձակառքի մը մէջ տեղ գտնելով` պիտի իջնէի Պուրճի հրապարակը, իսկ ատկէ անդին` հանրային փոխադրակառքով հասնէի միչեւ Հայկազեան քոլեճի մօտ կայարան մը: Անշուշտ ճամբուն վրայ անակնկալներ ալ կը պատահէին. օր մը, Անթիլիասի հրապարակը կեցած պահուս, երիտասարդ վարդապետ մը ինքնաշարժը կեցուց եւ հարցուց, թէ ո՛ւր կ՛երթամ, ըսի` Հայկազեան, հրաւիրեց զիս ինքնաշարժ բարձրանալու, ինքն ալ աստուածաբանական քոլեճը կ՛երթար ուսանելու: Յստակ էր, որ նոր սկսած էր քշել. սկսաւ խօսիլ «Բագին» ամսագրէն, ուր սկսած էին բանաստեղծութիւններս տպուիլ, Եդուարդ Պոյաճեանի ու Պօղոս Սնապեանի գրականութեան մասին կարծիք յայտնել, ինչ որ դրական տպաւորութիւն ձգեց իմ վրաս. Արամ վարդապետն էր, ներկայի Արամ վեհափառը:
Այդ շրջանին մասնակի ժամերով սկսած էի աշխատիլ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակը` գործադիր քարտուղարի պաշտօնը վարելով: Պէտք է ըսել, որ կեանքը ամէն իմաստով կ՛եռար մեր շուրջ: Համալսարաններուն մէջ քաղաքացիական պատերազմին նախորդող ցոյցերու եւ նոյնիսկ համալսարանները գրաւելու օրերն էին: Դասապահերուն նորութիւններ ու մտքերու բախում կար, բակերուն ու հանդիսասրահներուն` քաղաքական վէճեր, որ կը շարունակուէր համալսարանի քաֆէթերիային մէջ: Սիրային հանդիպումներ` սրճարաններուն, գարեջրատուներուն, ծովափներուն կամ ուր որ կարելի ըլլար քիչ մը ամբոխէն հեռու մեկուսանալ. յուսախաբութիւններ, նոր սէրեր եւ մնայուն փնտռտուք մը` կեանքին եւ գիրին: Այս բոլորին կողքին, տնտեսական վերելքին պատճառվ, քաղաքը իր դիմագիծը կը փոխէր: Կարգ մը նկարագիր ունեցող շէնքեր կը նորոգուէին, ուրիշներ, փոքր տուներու հետ, կը քանդուէին եւ անոնց տեղ բարձրայարկեր կը կառուցուէին:Քանի մը տասնամեակ առաջ սկսած քաղքենիացումը նոր թափ կը ստանար, եւ հետզհետէ հարուստ ու աղքատ դասակարգերուն միջեւ տարբերութիւնները կը շեշտուէին, մասնաւորաբար` Պէյրութի որոշ թաղամասերուն եւ Հարաւային արուարձաններուն միջեւ, նոյնիսկ` Պէյրութի,անոր շրջակայքին ու հարաւային Լիբանանի միջեւ, դեռ չհաշուած` պաղեստինեան զինեալ գաղթակայաններու կացութիւնը:
Իսկ մշակութային կեանքը կ՛եռար: Ճիշդ է, որ Ճորճ Սարգիսեանը հրաշալի կերպով «Ոսկի աքաղաղ»-ի Մասիսեանը կը մարմնաւորէր, նոյնիսկ ներկայացումէ ներկայացում խորացնելով կերպարը եւ գերազանցելով ինքզինք, սակայն Վարուժան Խտըշեանի արդիական թատրոնը նոր հեղինակներ եւ նոր շունչ կը բերէր` «Մարա Սատ»-ը, «ո՞վ է վախցողը Վերճինիա վուլֆէն», «Սալեմի վհուկները», «Կենդանաբանական պարտէզի պատմութիւնը» եւ այլն, որոնք շատ աւելի հարազատ կը հնչէին մեզի: Միւս կողմէ` Զիատ Ռահպանիի ընկերային խորքով երաժշտական թատերախաղերն ու Մարսել Խալիֆէի երաժշտութիւնը մեզ բացած էին տեղական մշակոյթին:
Քաղաքացիական պատերազմը ահաւոր երկրաշարժի մը պէս ամէն ինչ քանդեց: Իմ Պէյրութս ու Լիբանանս պայթող ռումբեր ու թաղերու մէջ շարուած ականուած ինքնաշարներ դարձան, կասկած` իրարու նկատմամբ, ելեկտրական հոսանքի բացակայութիւն, անգործութիւն, տնտեսական տագնապ, պենզինի փնտռտուք, առեւանգուած մարդիկ եւ ծովափին նետուած այրած-այլանդակուած մարմիններ: Առաւել` իսրայէլեան ներխուժում, արաբական ու սուրիական զսպիչ ուժեր, անցարգելներ, անցարգելներ, անցարգելներ…
«Արա Երեւանեան» կեդրոնէն մինչեւ Ճեմարան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանը, Հայկազեան ու Ամերիկեան համալսարանի միջեւ ինկող շրջանը պիտի վերադառնայի 1978-ին, «Բագին» ամսագրի խմբագրութեան մաս կազմելու համար, ուր ատեն մը կեանքը իր բնական ընթացքը կը գտնէր, իսկ երբեմն ալ կը խանգարուէր: Յաճախ մէկ անցք կը ձգուէր Պէյրութի արեւելեան ու արեւմտեան շրջաններուն միջեւ, ուր նոյնիսկ հինգ տարբեր անցարգելներու հանդիպած եմ` չորս-հինգ քիլոմեթր կտրելու համար, իսկ Ճեմարանէն քիչ մը անդին գտնուող կամուրջին` ռինկին վրայ յաճախ ռուսական ռուլեթ խաղալու կացութիւնը կը ստեղծուէր` առաւօտուն արձակազէն մը վարորդ մը կամ անոր կողքինը սպաննած կ՛ըլլար, ապա, բանակցութիւններէ ետք, կամուրջը վերստին կը բացուէր եւ մենք կը խիզախէինք անցնելու, հակառակ անոր որ ժամ մը ետք այլ զոհ մը կրնար արձանագրուիլ այնտեղ: Թերեւս վտանգին դիմաց բթացած էինք կամ` ճակատագրապաշտ դարձած… Անգամ մը Կարօ Արմէնեանը, որ եթէ չեմ սխալիր, այդ օրերուն Միացեալ Նահանգներէն Լիբանան եկած էր, այցելեց խմբագրատուն, ձմրան եղանակին պէտք էր ըլլար. թաղ մը անդին Ուալիտ Ճոմպլաթին դէմ կատարուած մահափորձին պատճառով սենեակի պատուհաններուն բոլոր ապակիները փշրուած էին, եւ մենք վերարկուներով կ՛աշխատէինք: Այդպէս ալ աւելի քան ժամ մը գրականութենէն ու մեր աշխատանքէն խօսեցանք:
Սակայն այդ յարկին վրայ, մամուլի տարբեր մարզերուն վրայ տարածուած, մտաւորական տղոց ամբողջ խումբ մը կար, ինչպէս` Յարութիւն Քիւրքճեանը, Վազգէն Էթիեմեզեանը, Վաչէ Բրուտեանը, Կարօ Յովհաննէսեանը, Սարգիս Կիրակոսեանը, Գօգօ Աչըքեանը, Նազարէթ Պէրպէրեանը, Յակոբ Բագրատունին եւ ուրիշներ, որոնք Մ. Իշխանի, Պօղոս Սնապեանի ու Սարգիս Զէյթլեանի կողքին կ՛աշխատէին եւ յաճախ մտքերու հարստացնող փոխանակումներ կ՛ունենային: Օր մը, հաւաքական ճաշէ մը ետք, լաւ տրամադրութեան մէջ ըլլալով, տեսանք, որ Կեդրոնի բակին մէջ գտնուող ծառին վրայ ճերմակ թութերը հասունցած էին: Իսկապէս բարձր ծառ մըն էր. աստիճան մը կրցանք ապահովել եւ վեր բարձրանալ: Քիչ ետք պետական երեսփոխան ընտրուած տոքթ. Մելքոն Էպլիղաթեան բակը մտաւ, հաւանաբար` ժողովի մը մասնակցելու, եւ զարմանքով սկսաւ մեզ դիտել ու հարցուց, թէ ի՞նչ կ՛ընէինք ծառին վրայ: Մեր պատասխանը պարզ էր` իր երիտասարդութեան թութի ծառ չէ՞ր մագլցած… հասկացողութեամբ ժպտեցաւ ու ներս անցաւ:
Ծովափը միայն, Միջերկրականի կապոյտ ջուրերը, թէկուզ` ապականող, փրկութիւն էր, բուժիչ դեր կը խաղար` լարուած ջիղերով, տնտեսական ու անորոշ ապագայի մտահոգութիւններով մեր անձկութիւնները մեղմացնելու գծով: Պէյրութի մէջ հաճոյքն ու տագնապը, յոյսն ու յուսախաբութիւնը միախառնուած շեշտուած կերպով միշտ ներկայ էին… Կը սիրէի սուզուիլ անոր ջուրերուն, ոչ շատ խորունկ, թութիա հաւաքելու համար. այդ ծովային փշոտ պտուղները բնականաբար ջուրի ապականութեան պատճառով որոշ քանակութեամբ սնդիկ հաւաքած կ’ըլլային իրենց մէջ: Այս Պէյրութի հաճոյքներէն մէկն էր, որ քաղաքի միւս հաճոյքներուն նման, պէտք էր գիտնայիր որոշ տոկոսով վայելել զայն, այլապէս կը թունաւորէր քեզ …
Ճիշդ է, որ Լիբանանի խորհրդանիշը մայրին է, սակայն լիբանանցիներուն մեծ մասը զայն տեսած չէր եւ մինչեւ հիմա ալ չէ, մասնաւոր ուղեւորութիւն մը պէտք էր կատարել այդ սահմանափակ թուով ծառերը տեսնելու համար: Ընդհանրացածը շոճիի ծառերն էին, որ քաղաքի շրջակայքը, բլուրներու ու լեռներու վրայ կը տարածուէին: Կ՛ըսեն, որ շոճին անգամ մը որ կտրես, ա՛լ չի ծլարձակիր, անոր տեղ նոր մը պէտք է տնկել, իսկ շոճիի ծառերը շարունակ տեղի կու տան կրաղիւսէ շէնքերու ու վաճառատուներու: Շոճիի անտառներուն կորուստին նման` շատ բան կը կը կորսուի կամ կը վտանգուի ինծի հարազատ Պէյրութէն…
Մինչեւ այսօր յաճախ ինքզինքս Նաքքաշի մեր տան պատշգամը կանգնած կը կարծեմ, ուրկէ կը սիրէի դիտել Պէյրութի ծոցը, որ մանաւանդ մայրամուտին կարմիրի, մանիշակագոյնի ու նարնջագոյնի բոլոր նրբերանգներով հրաշալի տեսարան մը կը ստեղծէր, իսկ պատերազմի օրերուն կը բոցավառէր մահասփիւռ հրավառութեամբ` իրարու վրայ արձակուած ռումբերու տարափով: Այս մէկը կարօտախտ կամ անցեալին մէջ բանտարկուելու հոգեվիճակ չեմ նկատեր, թոյլ ալ չեմ տար, որ վերածուի, որովհետեւ կեանքը այլապէս կը շարունակուի, եւ ինչպէս որ Պէյրութը ընդունած էի իր սուր հակասութիւններով, նաեւ սորված եմ անցեալիս նայիլ որոշ առարկայութեամբ` գիտակցելով, որ ձեւով մը մաս կը կազմէ ներկայիս, իսկ ներկան միշտ նոր հորիզոններ ունի իր դիմաց:
Հիմա այս բոլոր փորձառութիւններն ու ապրումները, որոշ մտքերու հետ, տարածուած են բանաստեղծութիւններուս մէջ: Կը փորձէի հասկնալ շրջապատի քաոսը, բրտութիւնը, որ կը ծաղկէր շարունակ, տրամաբանել, մտածել, գոյատեւել, ապրիլ այդ անհեթեթ, այլապէս հարուստ եւ միաժամանակ ողբերգական այդ կացութեան մէջ: Այդ տարիներուն երկու հատոր հրատարակեցի եւ, ըստ սովորութեանս, շատ մը էջեր պատռեցի: Անցման եղանակս թէ՛ պէյրութեան փորձառութիւնները կը բերէր եւ թէ՛ նոր կեանքի անցման հոլովոյթն ու անցումը կը փորձէր գիրի վերածել: Այդ բոլորը կազմեցին զիս:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com