Պատրիարք Հայրը «եկեղեցիներու Միութեան Համար Աղօթքի Շաբթուան» Առթիւ Իր Պատգամը Փոխանցեց - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

07 Şubat 2021  

Պատրիարք Հայրը «եկեղեցիներու Միութեան Համար Աղօթքի Շաբթուան» Առթիւ Իր Պատգամը Փոխանցեց -

Պատրիարք Հայրը «եկեղեցիներու Միութեան Համար Աղօթքի Շաբթուան» Առթիւ Իր Պատգամը Փոխանցեց Պատրիարք Հայրը «եկեղեցիներու Միութեան Համար Աղօթքի Շաբթուան» Առթիւ Իր Պատգամը Փոխանցեց

Ըստ աւանդութեան, «Եկեղեցիներու Միութեան Համար Աղօթքի Շաբաթը», առիթ կ՚ընծայէ որ Յունուար ամսուան երրորդ շաբթուան ընթացքին, քոյր եկեղեցիներ համախմբուին եւ շաբթուան մը տեւողութեամբ, նախապէս ճշդուած բնաբանի մը շուրջ խոկան, միասին աղօթեն եւ քարոզխօսութիւն ունկնդրեն։

Այս տարուան բնաբանն էր հետեւեալը. «Իմ սիրոյս մէջ մնացէք եւ պտղաբեր եղէ՛ք» (ըստ Յովհ. 15.5-9)։ Սակայն, Քորոնա Համավարակի պատճառաւ, այս գեղեցիկ աւանդութիւնը այս տարի չիրականացաւ։ Սակայն, «Եկեղեցիներու Միութեան Համար Աղօթք»ի արարողութիւններու կազմակերպիչ միջեկեղեցական յանձնախումբի ժողովներուն մէջ յարմար նկատուեցաւ որ եկեղեցւոյ առաջնորդներ իրենց պատգամները փոխանցեն պատրաստելի տեսաերիզի միջոցաւ։ Առ այդ, փոխանցուած պատգամներու առընթեր իւրաքանչիւր եկեղեցի ներկայացուց հոգեւոր երգ մը։

Այս շրջագիծով բացի Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօրմէ, Ն.Ս.Տ.Տ. Յունաց Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը, Ստանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի

Ասորւոց Առաջնորդ եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթինը, Ստանպուլի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պապական Փոխանորդ Մոնս. Լորէնզօ Փիրէթթօ Արքեպիսկոպոսը, Բողոքականներու Միութեան Բ. Ատենապետ՝ Պէհնան Քոնութկան եւս իրենց պատգամներով հանդէս եկան։

Մեր Հոգեւոր Պետը, իր պատգամին մէջ ուրախութեամբ նշեց թէ՝ նոյնիսկ համավարակի դժուարին պայմաններուն, միջեկեղեցական աղօթքի ոգին կը շարունակէր իր ներկայութիւնը զգացնել, որով եկեղեցւոյ առաջնորդներ իրենց պատգամներով հանդէս կուգային։ Պատրիարք Հօր մեկնաբանութեամբ հետեւեալ Ս. Գրային տողերը, միջեկեղեցական միութեան ամենէն խորհրադաւոր տողերը նկատուած էին. «Բայց միայն անոնց համար չեմ աղաչեր, այլ բոլոր անոնց համար ալ, որոնք անոնց խօսքով ինծի պիտի հաւատան. Որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ, որպէս զի անոնք ալ մեր մէջ մէկ ըլլան եւ աշխարհ հաւատայ թէ դուն ղրկեցիր զիս» (Յովհ. 17.20-21)։ Յիսուսի աղօթքի տողերուն մէջ արդէն իսկ յայտնի կը դառնար թէ՝ միութենական հասկացողութիւնը թէեւ դժուար հասանելի, սակայն անհրաժեշտ էր։ Յիսուս այս միոյն համար կ՚աղօթէր առ Հայր։ Այլապէս եկեղեցիներ պէտք է աշխատին այս ուղղութեամբ, սակայն պէտք է գիտնան նաեւ թէ՝ այս միութիւնը սոսկ մարդկային զօրութեամբ չի կրնար իրականանալ։ Միութիւն մը, որ կարօտն ունէր Աստուծոյ զօրութեան։ Ահա, այս գիտակցութեան տէր հոգեւոր առաջնորդներ, անցեալին հաստատած էին սոյն միութեան համար աղօթքի շաբաթը, որպէսզի եկեղեցիներ աղօթքի ճամբով Աստուծմէ աղերսէին միութեան իրականացումը։

Պատրիարք Հայրը յայտնեց թէ՝ եկեղեցին միշտ անսխալական եղած է՝ քանի ան մարմինն է Յիսուս Քրիստոսին։ Իսկ, եկեղեցւոյ հետ առընչուած հարցերու ու բաժանումներու միակ պատճառն էր մարդ արարածը, որ մեղաւոր էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա շարունակեց, ըսելով. «Ահա, մարդկայինի եւ Աստուածայինի գիրկընդխառնուած այս հաստատութեան մէջ, կ՚ապաւինինք որ Աստուած միացնէ իր մարմնին բազմաթիւ անդամները։ Ինչպէս որ մարդոց համար փոքր հարցեր անցեալին վերածուելով մեծ հարցերու, թշնամութիւններու եւ բաժանումներու պատճառ եղած են, նոյնպէս ալ մեծ հարցերը կրնան փոքրանալ եւ կորսուիլ, եթէ Աստուած իր սիրով միջամտէ հարցերուն։ Եկէ՛ք, թէ՛ մեր մարդկային ջանքերը ի գործ դնենք այս միութեան համար եւ թէ՛ մեր ձեռքերը բացած Աստուծմէ խնդրենք, որ շնորհէ նաեւ Ս. Հոգւոյ ներգործութիւնը։ Կը մաղթենք որ 2021 տարին քայլ մը եւս մօտեցնէ մարդկութիւնը Աստուածային անսահման սիրոյ ճանապարհին»։








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+