Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած են առնուազն 1456 նշանաւոր անշարժ յուշարձաններ եւ 8 պետական թան - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

30 Ocak 2021  

Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած են առնուազն 1456 նշանաւոր անշարժ յուշարձաններ եւ 8 պետական թան -

Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած են առնուազն 1456 նշանաւոր անշարժ յուշարձաններ եւ 8 պետական թան Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած են առնուազն 1456 նշանաւոր անշարժ յուշարձաններ եւ 8 պետական թանգարաններ

Տեղեկութիւնները փոխանցեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը` հայկական մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վտանգին վերաբերեալ հրապարակած զեկոյցին մէջ:

Արցախի վրայ սանձազերծուած ռազմական յարձակումին իբրեւ արդիւնք՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած են հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի առնուազն 1456 նշանաւոր անշարժ յուշարձաններ, որոնց կարգին՝ 161 վանքեր եւ եկեղեցիներ, 591 խաչքարեր, Տիգրանակերտի, Ազոխի, Նոր Կարմիրաւանի, Միրիկի, Կերենի հնավայրերը եւ բազմաթիւ բերդեր, ամրոցներ, սրբավայրեր եւ այլ յուշարձաններ։ Այս տեղեկութիւնները փոխանցեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը` հայկական մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վտանգին վերաբերեալ հրապարակած զեկոյցին մէջ: Ըստ ՄԻՊ աշխատակազմին՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած են նաեւ 8 պետական թանգարաններ` 19 հազար 311 ցուցանմոյշներով, ինչպէս նաեւ Շուշիի գորգերու եւ Հայկական դրամի մասնաւոր թանգարանները:

Ըստ ՄԻՊ հաղորդագրութեան՝ զեկոյցին մէջ ներկայացուած են ատրպէյճանական-թրքական յարձակումին ընթացքին եւ զինադադարէն ետք արձանագրուած` հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու վանտալիզմի շարք մը դէպքեր, ներառեալ` Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ (Կանաչ ժամ) եկեղեցիները դիտաւորեալ կերպով թիրախ դարձնելու եւ վանտալիզմի պարագաները:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ ապատեղեկատուութեան միտումնաւոր տարածման եւ մշակութային կոթողները «ալպանիզացնելու» քաղաքականութեան, ինչ որ եւս ոչնչացման սպառնալիքի տակ կը դնէ Արցախի տարածքին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:

«Վերհանուած դէպքերի եւ հայատեացութեան համատեքստի վերլուծութիւնը ցոյց են տալիս, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումն ու խեղաթիւրումը կրում են համակարգուած ու համատարած բնոյթ: Ադրբեջանի պետական մարմինների ու հանրային դէմքերի գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները վկայում են այն մասին, որ դա յատուկ պետական քաղաքականութիւն է` յենուած հայ ազգի դէմ ատելութեան խրախուսման յանցաւոր քաղաքականութեան վրայ», կը յայտնէ ՄԻՊ աշխատակազմը: Նկատի ունենալով ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը կանխամտածուած կերպով ոչնչացնելու բազմաթիւ նախադէպերը եւ իրական վտանգները` Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հրատապ կը նկատէ միջազգային համապատասխան կառոյցներու, յատկապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ Արցախի տարածքին մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ արդիւնաւէտ ու անյապաղ քայլերու ձեռնարկումը:








Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+