Լիբանանեան Բանակը Եւ Ապահովութեան Ուժերը Կ՛օժանդակեն Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Ոստիկանութեան` Պ -
Լիբանանեան Բանակը Եւ Ապահովութեան Ուժերը Կ՛օժանդակեն Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Ոստիկանութեան` Պարտադրելու Ընդհանուր Փակումի Որոշումը
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը «Քորոնա» ժահրի համավարակին սկիզբէն ի վեր հետամուտ եղաւ ձեռնարկելու արթնութեան եւ իրազեկման արշաւներու, կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն յանձնառու մնալու առողջապահութեան սկզբունքներուն` ընկերային հեռաւորութիւն, հականեխում եւ այլն: Այս ծիրին մէջ, կը գնահատենք քաղաքացիներու մեծամասնութեան գիտակցութիւնն ու յանձնառութիւնը: Միաժամանակ, քաղաքապետութիւնը շարունակեց գործադրել ընդհանուր զօրաշարժի եւ փակման որոշումները:
Անկասկած, ընդհանուր զօրաշարժի եւ փակման վերջին որոշումները դիւրին չեն Պուրճ Համուտի ընտանիքներուն եւ բնակչութեան համար, որոնք մեծ մասամբ կ՛ապաւինին իրենց աշխատանքին` իրենց օրապահիկը ապահովելու համար: Այսուհանդերձ, «Քորոնա» ժահրը առաւել եւս տարածուեցաւ` տարեսկիզբէն ի վեր պատճառելով վարակման պարագաներու թիւի աճ, նաեւ` ծանր պարագաներ, ինչպէս նաեւ ցաւ ի սիրտ` յաւելեալ մահուան պարագաներ:
Առ այդ, քաջ գիտակցելով հանդերձ տիրող տագնապալի կացութեան ու դժուարութիւններուն, այսուհանդերձ անխուսափելի է փակման որոշումի բծախնդիր յանձնառութեան գործադրութիւնը` սահմանափակելու համար մեր հարազատներու եւ սիրելիներու մահուան հաւանականութիւնը: Ու հակառակ մեր յաճախակի բացատրութիւններուն, կոչերուն, խնդրանքին եւ վարակումի թէ մահուան պարագաներու աճին, տակաւին ոմանք շարունակեցին անտեսել փակման որոշումները: Սակայն ապրուստի հարկադրանքն ու կարիքները չեն արդարացներ մեր հարազատներուն, սիրելիներուն եւ քաղաքացիներուն կեանքը վտանգելու արկածախնդրութիւնը: Փաստօրէն, կարգ մը թաղամասերու մէջ օրինազանցումը չսահմանափակուեցաւ վաճառատուներու եւ հաստատութիւններու վերաբացումով, այլ` ոմանց մօտ գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան բացակայութիւնն ու անխոհեմութիւնը հասաւ նոյնիսկ անտեսելու պաշտպանութեան եւ կանխարգիլման միջոցառումները` քթակապեր, ընկերային հեռաւորութիւն եւ այլն:
Այս կացութեան դիմաց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը դիմեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին` խնդրելով անոնց օժանդակութիւնը, կասեցնելու համար կատարուող օրինազանցութիւնները եւ պարտադրելու որդեգրուող միջոցառումներու յանձնառութիւնը, եւ այս` առ ի պաշտպանութիւն մեր հարազատներուն եւ յօգուտ անոնց կեանքի ու առողջութեան պահպանման: Այս ծիրին մէջ ներքին ապահովութեան եւ բանակային ուժեր Պուրճ Համուտի մէջ ընկերակցեցան եւ օժանդակեցին քաղաքապետութեան ոստիկաններուն` կարգ մը թաղամասերու մէջ արձանագրուող օրինազանցութիւններու արգիլման եւ որդեգրուած միջոցառումներու գործադրութեան համար, ինչպէս կ՛երեւին յարակից նկարներուն մէջ:
Կը կրկնենք մեր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը` ներքին ապահովութեան եւ բանակային ուժերուն, իրենց ցուցաբերած օժանդակութեան համար, ինչպէս նաեւ կը կրկնենք օրինազանցներուն ուղղուած մեր կոչը` ականջ տալու խիղճին եւ մարդկայնութեան, օրինական բոլոր միջոցառումներու գործադրութեան հրամայական պատասխանատուութեան տակ, եւ այս` պահպանելու համար ընդհանուր առողջութիւնն ու հարազատներու կեանքը:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com