«Լիբանանցիք վերջապէս հասկցան, որ «Քորոնան» լուրջ հիւանդութիւն է»Պէյրութահայ հիւանդապահուհի՝ Հուրի Գա - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

21 Ocak 2021  

«Լիբանանցիք վերջապէս հասկցան, որ «Քորոնան» լուրջ հիւանդութիւն է»Պէյրութահայ հիւանդապահուհի՝ Հուրի Գա -

«Լիբանանցիք վերջապէս հասկցան, որ «Քորոնան» լուրջ հիւանդութիւն է»Պէյրութահայ հիւանդապահուհի՝ Հուրի Գա «Լիբանանցիք վերջապէս հասկցան, որ «Քորոնան» լուրջ հիւանդութիւն է»Պէյրութահայ հիւանդապահուհի՝ Հուրի Գալայճեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ հիւանդապահուհի, տարրալուծարանի աշխատող՝ Հուրի Սերոբ Գալայճեան:

-Ինչպէ՞ս է իրավիճակը Պէյրութի մէջ, նկատի ունենալով, որ Լիբանանն արդէն «լոքտաուն»ի երկրորդ շաբաթը մտած է։

Կառավարութեան կողմէ շատ տեղին եւ ճիշդ որոշում մըն էր «լոքտաուն»ի երթալը։ Այսօր առաջին անհրաժեշտութեան ծառայութիւններ եւ պէտքեր մատակարարող կառոյցներէն՝ բժշկական կեդրոններէն, դեղարաններէն, պէնզինի կայարաններէն, փուռերէն բացի, բոլոր հաստատութիւնները փակ են: Ամենակարեւորը, որ մեծ հանրախանութները (Supermarket եւ mall) բոլորը փակ են, որովհետեւ այնտեղ է որ մարդիկ ամենաշատ կը վարակուին, մանաւանդ երբ բացարձակապէս չի պահպանուիր ընկերային հեռաւորութիւն պահելու, դիմակ կրելու կանոնները: Այդպէս էր իրավիճակը, երբ «Լոքտաուն» յայտարարուցաւ եւ անոր նախօրէին ժողովուրդը ներխուժեց հանրախանութներ, երկար հերթեր կուտակուեցան եւ քանի որ հսկողութիւն չկար, մարդիկ վարակեցին զիրար: Նոյնն էր պարագան նոր տարուայ օրերուն, մարդիկ սովորականի նման ետ չմնացին հաւաքոյթներու, տօնակատարութիւններու երթալէ եւ նպաստեցին վարակակիրներու թիւի բարձրացման:

«Լոքտաուն»էն ետք վիճակը հիմա աւելի լաւ է, ժողովուրդի 80 առ հարիւրը տունն է արդէն, իսկ անոնք որոնք ստիպուած գործի համար փողոց կ'իջնեն, սահմանուած կարգի համաձայն՝ իրենց հետ տեղեկագիր կ'ունենան, թէ ինչ նպատակով ուր կ'երթան, ոստիկանութիւնն ալ լուրջ վերահսկողութիւն կ'իրականացնէ: Ժողովուրդն ալ ի վերջոյ սկսած է լուրջի առնել այս հիւանդութիւնը, յատկապէս հայաբնակ շրջաններուն մէջ՝ Պուրճ Համուտ, Էշրէֆիէ,Զալքա եւ Անթիլիաս:



-Դուք որպէս բժշկական ոլորտի աշխատող, «Քորոնա»ի պայմաններուն մէջ բժշկական համակարգի դժուարութիւններու մասին ի՞նչ կրնաք պատմել, ի՞նչ են գլխաւոր խնդիրները:

Առողջապահական համակարգի վիճակը իսկապէս ծանր է, դեկտեմբեր ամսուն վարակակիրներու թիւը այնքան շատցաւ, որ այսօր հիւանդանոցները ալ չեն կրնար հիւանդներ ընդունիլ։ Առողջապահական մարմիններ ներկայիս սկսած են հիւանդանոցներուն մուտքերուն աթոռներ տեղադրել եւ հոն ժողովուրդին սպասարկել, նոյնիսկ սպասման ցուցակին վրայ հիւանդներ կան, որոնք բուժում ստանալու իրենց հերթը կը սպասեն: Հիւանդապահուները, բժիշկները նոյնպէս նեղ կացութեան մէջ են, ահռելի վիճակ է, եւ Իտալիոյ պարագան կը յիշեցնէ: Այդուհանդերձ, յատուկ կարգաւորումներ մտցնելով, հնարաւորինս կը փորձենք վերահսկել վիճակը, օրինակ՝ այն անձերը, որոնք կ'ուզեն անձամբ տարրալուծարան գալ արեան քննութիւն յանձնելու, կը սպասեն իրենց կարգը եւ նախապէս ստացած արտօնութեամբ կու գան, որովհետեւ օրական 200-300 հիւանդ կ'այցելէ մեր մօտ, անցեալ շաբաթ պատահած է, որ 750-ի հասած էր թիւը, այլապէս, մենք կ'այցելենք հիւանդներուն տուները, յատկապէս PCR –ի պարագային, որովհետեւ չենք ուզեր, որ ժողովուրդը դուրս ելլէ տունէն եւ ուրիշներ վարակէ։ Որպէս բուժաշխատող տուներ այցելելու ժամանակ ալ յատուկ պաշտպանական հագուստներով կ'երթանք, այս բոլորը կ'ընենք չնչին վարձատրութեան դիմաց, բայց պատկերացուցէք, որ ժողովուրդը նոյնիսկ այդ արեան քննութեան համար 15 000 լիբանանեան ոսկի (շուրջ 2 ԱՄՆ տոլար) կը դժուարանայ վճարել, շատ պատահած է, որ ձրի ըրած ենք, մեր պարտականութիւնն է այդ մէկը:

Ըսեմ նաեւ, որ վերջերս ժողովուրդը ապահովութեան համար, թթուածինի մեքենայ ապահովելու խուճապի մէջ է, որպէսզի երբ անհրաժետութիւն ըլլայ, ունենան իրենց մօտ, եւ շուկան եղածները արդէն սպառած են:



-Կը լսենք, որ հայկական շրջանակներուն մէջ ալ բաւական վարակուածներ կան, ի՞նչ դժուարութիւններ ունին հայերը, օգնող մարմինները կը գործե՞ն տակաւին:

Այո, հայկական շրջանակներուն մէջ եւս շատ մեծ է թիւը վարակակիրներու, մահացողներու թիւն ալ շատ է, դժբախտաբար շատ կորուստներ կ'ունենանք, նաեւ երիտասարդ կորուստներ կ'ունենանք: Համայնքային օժանդակող մարմինները կը գործեն, կ'օգնեն, ամէն մէկը իր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ, բայց այդ ալ բաւարար չէ: Պէտք է անհատները զգուշութիւն պահպանեն, երբ մէկը նախանշաններ ունենայ անմիջապէս պէտք է ինքնամեկուսանայ ընտանիքի անդամներէն, որպէսզի տան միւս անդամներուն չվարակէ, քանի բոլոր տուներէն ներս երբ վարակակիր մը ըլլայ, ընտանիքի բոլոր անդամները արդէն վարակուած կ'ըլլան:



-Առողջապահական ոլորտի բժիշկներու կարծիքով, ինչքա՞ն պէտք է, որ այս «լոքտաուն»ը շարունակուի, որ դրական արդիւնքներ երեւելի դառնան:

Իմ կարծիքով, այս «լոքտաուն»ը արդէն բաւականին ուշ գործադրուեցաւ, պէտք է շատոնց ըլլար եւ առանց ընդհատումներու պահպանուէր, որպէսզի այսքան ծանր չըլլար ներկայ վիճակը: Հիմա, որ կը գործադրուի, արդիւնաւէտ ըլլալու համար երկար ժամանակի համար պէտք է պահպանուի, նուազագոյն մէկուկէս ամիս պէտք է փակ պահեն քաղաքը, որ գոնէ հիւանդանոցներու ծանրաբեռնուածութիւնը թեթեւնայ, վարակակիր հիւանդները դուրս գան հիւանդանոցներէն, սպասման ցուցակի վրայ եղող հիւանդները ընդունուին, անոնք ալ իրենց կարգին բուժուին, եւ այսպէս մինչեւ որ «քորոնա» ժահրի թիւը նուազի, դառնայ առաջուայ նման եւ օրը 50-100 վարակակիր գրանցուի, եւ ոչ թէ հազարներով, օրական մինչեւ 6000-7000 վարակակիր գրանցուեցաւ:


-Կ'ըսուի, որ յառաջիկայ փետրուարին պատուաստներու առաջին խմբաքանակը պիտի հասնի Պէյրութ: Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք այդ մասին, ժողովուրդը պատրա՞ստ է պատուաստուելու։

Այո, կ'ըսուի, որ փետրուարին Պէյրութ պիտի հասնի պատուաստներու առաջին խմբաքանակը, բայց արդեօ՞ք կառավարութիւնը պիտի կարենայ նիւթականով օժանդակել ժողովուրդին, որպէսզի այդ պատուաստը կարենան ստանալ՝ հարցական է: Երկրորդ հարցն ալ այն է, որ այսօր տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր տեսակի պատուաստներ պատրաստուած են, որոնց մասին տարբեր կարծիքներ կը հնչեն, արդեօք որ տեսակի պատուաստը պիտի բերուի Լիբանան։ Ժողովուրդին մօտ մտահոգութիւններ կրնան ըլլալ պատուաստի անվտանգութեան եւ արդիւնաւէտութեան առումով: Ուստի, կը կարծեմ, որ այս փուլին ժողովուրդին միայն 30 առ հարիւրը պիտի համաձայնի պատուաստ ստանալ






Bu haber arevelk kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (arevelk) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(arevelk). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+