​ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Դառնանք Մեր Փրկիչի - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

06 Ocak 2021  

​ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Դառնանք Մեր Փրկիչի -

​ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Դառնանք Մեր Փրկիչի ​ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Դառնանք Մեր Փրկիչի

Աւետարանիչը կը վկայէ, թէ գիշեր մը դաշտին մէջ, երբ հովիւները իրենց հօտերուն պահակութիւնը կ’ընէին, Աստուծոյ հրեշտակը կ’երեւնայ. հովիւները կը վախնան. հրեշտակը կ’ըսէ անոնց` մի՛ վախնաք, այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր փրկիչը ծնաւ (Ղկ. 2.8-12):

Պատահական չէր հրեշտակին տուած աւետիսը: Պատահական չէր Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը:

Դրախտի կեանքէն արտաքսուած ու դժոխքի կեանքը ապրող մարդը կարիքը ունէր վերադառնալու դրախտի աստուածապարգեւ կեանքին:

Իր կեանքը չարով ու չարիքով, մեղքով ու ապականութեամբ շաղախած մարդը կարիքը ունէր Աստուծոյ փրկարար միջամտութեան:

Իր կեանքին իմաստն ու նպատակը կորսնցուցած եւ աշխարհի անապատին մէջ դեգերող մարդը կարիքը ունէր իր կեանքին ուղղութիւն տուող առաջնորդի:

Երկինքէն ու երկնայինէն հեռացած եւ երկրին ու երկրաւորին գերին դարձած մարդը կարիքը ունէր փրկարարի:

Երկա՜ր ժամանակ մարդը սպասեց ազատարար Մեսիային: Եւ ահա օր մը, անակնկալ կերպով եւ կեանքի ամենահամեստ պայմաններուն մէջ ծնաւ աշխարհի Փրկիչը:

Արդարեւ, տիեզերքի ու մարդու ստեղծագործութեամբ ինքզինք աշխարհին յայտնած Աստուած այս անգամ մարդուն կը մօտենար իր Միածին Որդւոյն մարդեղութեամբ:

Իր պատկերին համաձայն ստեղծած, եւ իր ստեղծագործութեան պահակը նշանակած եւ նո՛յնիսկ իր գործակիցը դարձուցած, սակայն իր կոչումին դաւաճանած մարդուն` Աստուած իր Որդւոյն ճամբով կը մօտենար:

Մեղանչած ու մոլորած մարդը մարգարէներու ճամբով ճշմարտութեան ճանապարհին հրաւիրած Աստուած այս անգամ կու գար իր Որդւոյն մարդեղացումով մարդը առաջնորդելու դէպի ճշմարտութիւն:

Աստուածապարգեւ կեանքը մերժած եւ դէպի մահ տանող կենցաղակերպերու գերին դարձած մարդուն Աստուած Քրիստոսի ճամբով կու գար վերստին կեանք շնորհելու:

Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ հրեշտակը Քրիստոսի մարդեղութիւնը աւետեց որպէս ծնունդը ՓՐԿԻՉԻՆ: Աւետարանիչը հետեւեալ բացատրութեամբ կը բնորոշէ խորհուրդը Քրիստոսի մարդեղութեան. «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ»: Այլ խօսքով, մոլորեալ մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ ունեցած անհուն սէրն էր մղիչ ուժը` երկինքէն երկիր Աստուծոյ էջքին:

Յիսուսի ծնունդը աւետող հրեշտակը ըսաւ. «ձե՛ր» փրկիչը ծնաւ: Աստուծոյ Որդին կը մարդեղանար, որպէսզի փրկէ կորստեան դատապարտուած մարդը, որպէսզի իր աստուածային պատկերը եղծած եւ իր Արարիչէն հեռացած մարդը մօտեցնէ Աստուծոյ` իր Երկնաւոր Հօր: Արդ, մարդն էր Բեթղեհէմի մէջ ծնած Քրիստոսին մարդեղութեան դրդապատճառը, մարդու փրկութիւնն էր Քրիստոսի առաքելութեան կիզակէտը:

Քրիստոսէն առաջ ու Քրիստոսէն ետք մարդը ի զուր փնտռեց այլ փրկիչ: Պատմութիւնը կը վկայէ, որ աշխարհի բոլոր տեսակի «փրկիչ»-ները թաղուեցան մոռացութեան փոշիին տակ. բայց մնա՛ց Բեթղեհէմի մսուրին մէջ ծնած Յիսուս Մանուկը` հակառակ հալածանքներուն եւ ուրացումներուն: Գիտական ու ճարտարագիտական աննախընթաց իրագործումներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն եւս մարդը թող չփնտռէ ա՛յլ փրկիչ: Փառքի աթոռներուն վրայ բազմած կամ նիւթական առաւելութիւններով յղփացած մարդը թող չփնտռէ ա՛յլ փրկիչ: Քրիստոս ի՛նքն է միակ փրկիչը մարդուն: Այսպէ՛ս կը դաւանի եկեղեցին` «յաղագս մեր մարդկան եւ վասն մերոյ փրկութեան իջեալ ի յերկնից` մարմնացաւ, մարդացաւ®»: Այս գիտակից հաւատքով ու յանձնառութեամբ քրիստոնեան իր կեանքը պէտք է ապրի:

2020 տարին ողջ մարդկութեան համար եղաւ տառապալից տարի. «Քորոնա» համաճարակին պատճառած մարդկային վնասները ցնցեցին բոլոր ազգերը: Նաեւ խոր ցնցումի ենթարկուեցաւ քրիստոնեայ աշխարհը: Եկեղեցիները իրենց դռները փակեցին հաւատացեալներուն առջեւ, սակայն քրիստոնեաներ` իրենց տուները եկեղեցիի վերածած, դարձան Քրիստոսի` որպէս փրկիչը աշխարհին:

2020 տարին տագնապահար տարի մը եղաւ մանաւանդ մեր ժողովուրդին համար: Արցախի պատերազմի ծանր հետեւանքները տակաւին կը շարունակուին: Յուսահատութեան ու անորոշութեան ալիքներու մէջ կը տատանի մեր ազգին նաւը: Պատմութեան ընթացքին նման փոթորկալից պայմաններուն մէջ մենք միշտ դարձած ենք Մեծ Նաւապետին` Քրիստոսին, մեր ազգին նաւը ապահով վայր հասցնելու հաւատքով ու յոյսով:

Դարձեալ ու միշտ դառնանք Քրիստոսին, որովհետեւ Ան է մեր միակ Փրկիչը: Դառնանք Քրիստոսին` մեր ուրախութեան ու ցաւի պահերուն: Վստահինք ու հետեւինք մեր փրկութեան համար աշխարհ եկած ու խաչ բարձրացած մեր Փրկիչին:

* * *

Աստուածայայտնութեան տօնին հոգեպարար առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրական անհուն սիրով կ’ողջունենք Կիլիկեան սուրբ Աթոռին ենթակայ մեր թեմերուն առաջնորդ սրբազանները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութեանց մարմինները, բոլոր միութիւնները, կազմակերպութիւններն ու մեր սիրելի ժողովուրդին զաւակները` աղօթելով, որ Բեթղեհէմի Փրկիչը առաջնորդ ու պահապան ըլլայ իրենց:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

6 յունուար 2021
Անթիլիաս, Լիբանան








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+