Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին Ղեկավարները Մասնակցեցան Տարեվերջի Սուրբ Պատարագին -
Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին Ղեկավարները Մասնակցեցան Տարեվերջի Սուրբ Պատարագին
Ամուր կանգնենք եկեղեցու կողքին. այս կարգախօսով երէկ բազմաթիւ քաղաքացիներ այցելած են Մայր տաճար եւ Սուրբ Գայեանէ եկեղեցի` իրենց աջակցութիւնը յայտնելու Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ:
Հայրենիքի փրկութեան շարժումի ղեկավարները նոյնպէս մասնակցած են սուրբ Գայեանէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած տարեվերջի սուրբ պատարագին` մէկ անգամ եւս ակնածանք ու զօրակցութիւն յայտնելով Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ, աղօթելով հայոց աշխարհի անսասանութեան եւ հերոս նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com